Loading...

Articles

Պատմական Ճշմարտութիւններ

09:16, Tuesday, 17 December, 2013

Մեր պատմաբաններու և հայ մտաւորականներու կողմէ շարունակ յեղեղուած է այն միտքը թէ հայոց պետականութեան անկման պատճառներէն են, առաջին՝ Հայաստանի աշխարհագրական անյարմար դիրքը: Երկրորդ՝ հեթանոս ազգերու կողմէ երբ պաշարուեցաւ, քրիստոնեայ Բիւզանդիոնը իրեն օգնութեան չի հասաւ...

Այս իրականութիւն է, սակայն անոնք երբեք չեն խորհած որ հայ պետութեան անկման մեծագոյն պատճառը պէտք է փնտռուեր ոչ թէ արտաքին աշխարհի մէջ՝ այլ բուն իսկ ներքին հայ նկարագրին մէջ:

Բաւարար է յիշել Մեծն Տիգրանի և հայ նախարարներու ու իր որդւոյն առճակատումները, ինչպէս նաև մոնկոլական և թրքական վայրագ ու բարբարոս հոսանքները երբ կարշաւէյին Հայաստան, փոխանակ ամբողջ հայութիւնը մէկ ճակատ ըլլար, Հայաստանի նման փոքրիկ երկրամասի մէջ կը թագաւորէյին չորս արքաներ: Անոնք փոխանակ իրար օգնութեան հասնէյին, դէմ հանդիման լարուած ու ատելութեամբ լեցուած էյին...

Իսկ քրիստոնէութեան մուտքով հայ միտքը դարձաւ դէպի արևմուտք: Այն իր մտքով յունացաւ, հոգիով՝ հրէացաւ, լեզւով և մշակույթով բաժանուեցաւ և դարձաւ արեւելքէն դէպի արևմուտք: Քրիստոնէութեան ազդեծութեան տակ մենք խզեցի'նք մեր դարաւոր կապը մեզի ազգակից ու գրկից ժողովուրդներէն և մեր աչքերը յարեցինք դէպի հեռաւո՜ր հորիզոններ: Պարսիկը մեզի համար եղաւ հեթանոս, կրակապաշտ, մոխրապաշտ և ատելի, իսկ Յոյնն ու Բիւզանդիոնը եղան Քրիստոնեայ, խաչապաշտ ու բարեկամ:

Այս սխալ քաղաքականութեան պատճառաւ էր որ Պարսիկը սկսաւ Հայը նեղել, որմէ յառաջ եկաւ Վարդանանց և Ղևոնդեան պատերազմը:

Միևնույն այս սխալ քաղաքականութեան բերումով Հայերը իրենց օգնութիւնը բերին Տաւրոսեան լեռներու մէջ ուղեկորոյս և թշնամիներով շրջապատուած Խաչակիրներուն, որոնք հետագային պատուհաս մը եղան Կիլիկիոյ իշխանութեանց կործանման մէջ:

Կրկին ու կրկին այս սխալ քաղաքականութեան հետեւանքով Հայութիւնը դարձուց իր աչքը դէպի Եւրոպան ու Անգլիա, իբրեւ Քրիստոնեայ պետութիւններ, որոնք պատճառ եղան մասնաւորապէս 1878-էն ի վեր իր կործանման և 1914-ի զարհուրելի տեղահանութեանց, կոտորածներու և ի վերջոյ ազգաբնաջնջման: Երբ յեղափոխութիւն մը կը ժայթքի առանց սեփական ոյժի, այլ ուրիշների օգնութեան վրայ դրուած յոյսերով ու վստահութեամբ, անկասկած անիկա կը ձախողի:

Ուստի, երբ լրջօրէն վերաքննենք ու վերլուծենք ամբողջ հայ յեղափոխական շարժումները՝ Վարդան ու Ղեւոնդ Երեցէն մինչեւ արդի ժամանակները, անոնք բոլորն էլ եղած են առանց հաշուի և իրենց վստահութիւնը յենուած է այսպէս կոչուած հեռաւոր Բիւզանդիոնին կա'մ ալ Ֆրանսայի կա'մ ալ Անգլիոյ օգնութեան, եւ երբ այս ակնկալուած աջակցութիւնը զլացուած է, մեր կողմէ շարունակ քննադատուած են անոնք իբրեւ մեր տառապանքներուն ակնաղբիւրը, առանց դոյզն իսկ անդրադառնալու նոյն դէպքերուն մէջ մեր ունեցած դերին ու թերութիւններուն:


    

Դարերու սխալմունքներէն հետոյ հազիւ թէ Հայը այսօր գտած է իր ուղիղ օրիանդացիան և աչքերը դարձուցած է Արեւմուտքէն դէպի Արեւելք:

Promote this post
The article published in the Spokesperson project.
Sign up and publish your articles.
Like
0
Dislike
0
3372 | 1 | 0
Facebook