Loading...

Articles

Անհատը կը կրկնէ Ցեղը

01:48, Thursday, 12 December, 2013
     Ցեղային և սեռային վատասերման պատճառներէն մին, ինչպէս կը պնդեն շատ մը կենսաբանները, ազնիւ ցեղի մը ստորին ցեղի մը հետ խառնուիլն է: Յաճախ գիտուններուն մէջ խնդիր եղած է թէ ի՞նչ էր պատճառը որ Հին Յոյներն ու Հին Հռոմէացիները այդչափ բարձր քաղաքակրթութեան մը ծնունդ տալէն ետք մէկէն անյայտացան: Այս հարցումին ի պատասխան ըսուած է թէ անոնց անյայտացման բուն պատճառը, այդ ազնիւ ու ազատ ազգերուն ստորին գերի ցեղերու հետ խառնուիլն էր: Կոպինօ (Gobinau) անհետացող բազմաթիւ ցեղերու վրայ կատարած ուսումնասիրութիւններէն այն եզրակացութեան կը յանգի որ անոնք անհետացած են այսպիսի արիւնխառնութեան պատճառաւ: Եւ ապա Գերման ազգին անդրադառնալով կը պնդէ թէ Գերմանացիները ազնիւ և մաքուր արիւն ունին, և այս է պատճառը՝ անոնց կենսունակութեան, մտային կարողութեան և յառաջդիմութեան:

Իսկ եթէ ազնիւ ցեղեր ամուսնանան ստորին ցեղերուն հետ, այդ պարագային անոնք ծնունդ կուտան վատասեռած սերունդներուն, որով կրնան իջնել ընկերային կեանքի ամենաստորին խաւերը և պատուհասել մարդկութիւնը: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կուտայ թէ Իտալիոյ մասնաւոր երկրամասերուն ժողովուրդները ամէն տեսակ ախտավարակ ու ոճրագործային սերունդներու ծնունդ կուտան, ինչու որ հոն ազնիւ և ստորին ցեղեր իրարու հետ միջամուսնութիւններ կնքած են հին հռոմէական ժամանակներէն ի վեր, իսկ Իտալիոյ միւս մասերուն ժողովուրդները՝ ընդհակառակն՝ հանճարներու և բարձր դասի արուեստագէտներու ծնունդ տուած են, պարզապէս անոր համար որ այդ ժողովուրդները համեմատաբար կ՛ամուսնանան աւելի բարձր և ազնիւ արիւն ունեցող ժողովուրդներուն հետ:

Հայերու պարծանքը եղած է այն թէ դարաւոր հալածանքներու և տառապանքներու ընթացքին՝ մինչ ուրիշ շատ մը ցեղեր իրենց գոյութիւնը կորսնցուցած են, իրենք դեռ կ՛ապրին. Հայուն այս իրողութիւնը ամէն բանէ առաջ կը պարտի իր ազնիւ արեան: Թուրքն ալ այս իրողութեան վերահաս ըլլալով էր որ իր անարգ ու վատ արիւնը ազնուացնելու համար հայ ցեղին հետ ամուսնանալու և խառնուելու ամէն միջոց որոնեց, և այսօրուան գեղեցիկ Թուրքին երակներուն մէջ Հայու ազնիւ արիւնը կը հոսի:


    

Ահա թէ ո՞ւր պիտի փնտռենք հայ ազգին ցուցադրած հանճարին, ձեռներէցութեան, բարոյական առաքինութեանց և հոգեկան թըռիչքներուն ակն ու աղբիւրը, եթէ ոչ հայ ազգին բաղկացուցիչ ազնիւ ցեղերու խառնարանին մէջ:

Դարձեալ ո՞ւր պիտի փնտռենք հայոց պատմութեան մէջ տեսնող բոլոր երկպառակութեանց, բարոյական անկումներուն, օտարամոլութեան, մատնիչութեան, հայրենադաւութեան ակն ու աղբիւրը, եթէ ոչ հայ ազգին հոգիին հետ խառնուած ստորին ցեղերու ժառանգական ուժերուն յաւիտենական շարունակութեան մէջ:

Աւա՜խ որ այս իրողութիւնը տակաւին շատերու կողմէ լաւ ըմբռնուած չէ, հայրենիքի և թէ’ ի սփիւռս աշխարհի:


    

Անհրաժեշտ է որ ապագայ ազգին վերաշինութեան ու ազնըւացման աշխատող թէ’ հայրենի ազգային իշխանութիւններ և թէ հասարակական պատասխանատու առաջնորդներ այս խնդիրին վրայ լուրջ ուշադրութիւն դարձնեն:

Promote this post
The article published in the Spokesperson project.
Sign up and publish your articles.
Like
0
Dislike
0
3394 | 0 | 0
Facebook