Loading...

Articles

Պատմական ակնարկ միակնութեան մասին

00:24, Monday, 16 December, 2013

Միակնութիւնը քաղաքակրթութեան և յառաջդիմութեան փորձաքարն է: Ուր որ բազմակնութիւնը ներմուծուած է, ինչպէս արեւելեան երկիրներ, հոն քաղաքակրթութիւնը և յառաջդինութիւնը դադրած են, և ծայր տուած են անբարոյականութիւնն ու սեռային մոլութիւնը: Նախնական ընտանիքը, որքան որ գիտենք, միակնութեան վրայ հաստատուած էր, նկատառելի է որ մեծ կապիկները և նախնական ցեղերը տակաւին այսօր միակին են: Սակայն երբ նահապետական դրութիւնը հաստատուեցաւ՛ բռնի ուժով մարդս կինը գերեվարեց և զայն հնազանդեցուց ու հպատակեցուց իր կամքին, կիրքերուն և մոլոթիւններուն և այսպիսով շատ մը տեղեր վերջ գտնելով՝ որդեգրուցաւ բազմակնութեան դրութիւնը: Կինը այլեւս դադրեցուած էր իր ամուսինը ընտրելու իրաւունքին մէջ, ինչպէս սովոր էր Մայրական Դրութեան մէջ: Բազմակնութեան որդեգրումով մարդը անասնացաւ, կինը ստորնացաւ և ծնողաց ու զաւակներուն միջև գորովալիր յարաբերութիւնը դադրեցաւ:

Սբ. Գիրքն ալ կը հաստատէ որ նախնական ժամանակները միակնութիւնը կը տիրէր, և հետագայ ժամանակներուն էր որ բազմակնութիւնը որդեգրուեցաւ և այսպէս ժողովուրդներու բարոյականութիւնը ինկաւ և աշխարհը սկսաւ ապականիլ:


    

Թէեւ բազմակնութեան հետքերը հայ ընտանեկան կեանքին մէջ ալ կը նշմարուին հոս ու հոն և պահ մը այն կը քաջալերուի Պապ թագաւորի հրամանով, սակայն դիտելի է որ այն սահմանափակուած է, մասնաւորաբար Ազնուական կամ Արիական իշխող դասակարգին մէջ, և երբեք գործադրուած չէ ընդհանուր հայ ժողովուրդին կողմէ, ըլլայ իր հեթանոսական թէ քրիստոնէական շրջանի պատմութեան ընթացքին:

Իգական սեռին դիրքը աւելի ևս վատթարացաւ մանաւադ արաբական ու թրքական պետութեանց տակ, որոնց վատ ազդեցութեան դէմ որքան ալ հայ ընտանիքը մաքառեցաւ, կրկին ազդուեցաւ անոնց բռնակալական ու ապաբարոյ ազդեցութիւններէն:

Հայաստանի ներկայ ժամանակուայ բայց հին վատ սերմերը կարելի է այսօր ևս նշմարել տնտեսապէս ապահով բարձր պաշտօնատարներու շրջանակէն ներս, ինչպէս նայեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Խորհրդարանի նախարարներն ու պատգամաւորներուն գրեթէ մեծամասնութիւնը, սիրուհիներ պահելու ակնյայտ իրենց տարուած մարմանջով:

Ուրեմն, երբ հայ ընտանեկան յարկին տակ կ՛երեւին այլասեռումի և վատասեռումի նշաններ և իգական սեռին հանդէպ յարգանքի ու նուիրումի պակաս, անոր մէջ Հայոց թերութիւնը ընդունելով հանդերձ, կը կարծեմ թէ մեծ դեր ունեցած է նաև օտարամուտ ու լպիրշ մթնոլորտը:

Promote this post
The article published in the Spokesperson project.
Sign up and publish your articles.
Like
1
Dislike
0
3434 | 0 | 0
Facebook