Loading...

Articles

Գոյութեան Պայքարը

00:07, Friday, 13 December, 2013
     Աշխարհի պատմութեան ընթացքին, չէ եղած ժամանակ մը՝ ուր քաղաքակիրթ ազգեր իրենցմէ վար եղող տկար ու փոքր ազգերը անողոքաբար հալածած, ջարդած ու բնաջինջ ըրած չըլլան: Խուզարկութիւնները ցույց կուտան որ Եւրոպական ազգերը ուր որ մտնեն, հոն բնիկները կամաց կամաց բնաջնջուելու դատապարտուած են, հակառակ այն իրողութեան որ անոնք առ երեսս և առժամեայ կերպով բարեփոխումներ մտցուցած և երկիրը զարգացնելու ջանացած են: Անոնք՝ ուր որ գացած են, առաջին անգամ իրենց շահադիտական քաղաքականութիւնը հետապնդած են, և ո’չ թէ բնիկները անշահախնդիր կերպով սիրած:
Ահա այս պատճառաւ է որ Հերպըրթ Սփենսըր իր «Սկզբունք Ընկերաբանութեան» գիրքին մէջ կծու կերպով Անգլիան կը քննադատէ, ըսելով որ Անգլիան ուր որ մտնել ուզէ, առաջին անգամ «Սուրբ Գիրքն ու Հացը, յետոյ Սուրը կը տանի»:
Գլարք համալսարանի նախագահը, Հօլ, իր «Երիտասարդ Ցեղերը» ուսումնասիրութեւն մէջ կ՛ըսէ. «Հարաւային Ափրիկէյի ցեղերը տիրապետելու և բնաջնջելու մարմաջն էր, որ 1900ի Մայիսին եօթը եւրոպական տերութիւնները միացուց, իրարու զօդեց և գաղթականութիւններ հաստատեց:
Գերմանիոյ նոր աւետարանիչը, Նիցչէ. կը քարոզէ՝ թէ «Գութն ու համակրութիւնը» պարզապէս մտային հիւանդութիւններ են, և պէտք է որ մարդս՝ այս ստորին բարոյականութենէն ազատուած՝ տկար ու փոքր ազգերը բնաջնջէ և ուժեղ ու քաղաքակրթուածները պահպանէ: Այս մտայնութիւնը իր բարձրակէտը կ՛ապրէր Համաշխարհային Բ. Պատերազմի նախօրէին, յատկապէս Առանցքի պետութիւններուն մօտ, և տարածուած է այսօր ալ քաղաքակիրթ կոչուած երկիրներուն մէջ: Եւ այս պատճառաւ է որ Գերմանը՝ «Deutschland Uber Alles» կ՛երգէ, Անգլիան՝ «Ալպիոն ի Առիւծը» կը հպարտանայ և Ամերիկան՝ «Over the top» կը գրէ:
Մերօրեայ արաբական կարգ մը երկիրներուն վրայ պարտադրուած «գարուն» ը ոչ այլ ինչ են, բայց հին-նոր, աշխարհի հզօրներուն՝ Արեւեք-Արեւմուտքի երկու տարբեր օրիանդացիաների մաքառումներն են, ամէն տեղ զօրաւորը՝ տկարին, արագաշարժը՝ դանդաղաշարժին, խելացին ու ճարպիկը՝ անխելքին ու ապուշին, և յարմարը, անյարմարին վրայ կը յարձակի, կը տիրէ, կ՛որսայ, կը բզքտէ:
Գոյութեան այս Պայքարը սահմանափակուած չէ միայն արաբական աշխարհով, այլ անոր տարբերակները կ՛ապրին եւրոպական երկիրներ, մինչեւ իսկ Միացեալ Նահանգներ:

    
Նոյն օրէնքը, նոյն «Գոյութեան Պայքարը», մեր Հայերուս համար երկար դարերէ ի վեր շատ սուր հանգամանք մը ստացաւ և անտանելի կացութեան մը ստեղծած է: Մեր երկրին աշխարհագրական անյարմար դիրքը, վայրենի ու բարբարոս ցեղերուն հետ շարունակ մեր մղած պատերազմները, քրիստոնէական դարէն յետոյ դրացի ժողովուրդներուն հետ՝ քաղաքակրթական, ցեղային և կրօնական կապերու գրեթէ բացակայութիւնը, և վերջապէս հայ ցեղին տիրող կոշտ ու բարբարոս միջավայրին անյարմար ըլլալը, մեզի գրեթէ միշտ սուղի նստած է: Հայ ցեղը շարունակ յարձակում կրած, յաղթուած, նուաճուած և ջարդուած է:
Այո’, կ՛ընդունինք թէ Հայը նախապատմական դարերէ ի վեր միշտ յառաջադէմ, խելացի և քաղաքակրթուած ցեղ մը եղած է, մինչդեռ իր դրացի ժողովուրդները կոշտ ու նախնական վիջակի մէջ մնացած են: Այս իրողութիւնը ինքնին ապացոյց մըն է որ՝ ո’չ թէ «ամենալաւը» այլ ամենայարմարն է որ կ՛ապրի, և ցաւալին որ Հայը «ամենալաւը» եղած է, սակայն տիրող միջավայրին համար «ամենայարմարը» եղած չէ: Եւ այս է մեծագոյն պատճառը՝ որ Հայը գրեթէ միշտ յարձակում կրած ու ջարդուած է:
Հայը Լաւ Տարր մըն է, սակայն տիրող միջավայրին յարմար չէր ըսինք, որովհետեւ միջավայրը կոշտ ու վայրենի, իսկ մենք՝ զարգացած ու լուսաւորեալ: Մեր գրկիցները բարբարոս ու հովուական, իսկ մենք՝ հաստատուած ու քաղաքակրթուած, մեզ շրջապատող ժողովուրդները յարձակող, իսկ մենք՝ խաղաղ ու ինքնապաշտպան: Անոնք հեթանոսական խաւարի մէջ կը խարխափէին, իսկ մենք՝ քրիստոնէական վսեմ գաղափարներով թռիչք կ՛առնէինք: Միւս ցեղերը երկիրը կ՛ապրէին, իսկ մենք՝ երկինքը: Անոնք ցեղն ու ազգը կը քարոզէին, իսկ մենք՝ մարդկութիւնը: Անոնք ցեղային ռազմական աստուծոյն կը հաւատային, իսկ մենք՝ Տիեզարական ու Սիրոյ Աստուծոյն. անոնք աչքի տեղ աչք կը հատուցանէին, իսկ մենք՝ մեզ կողոպտողին մեր վերարկուն ալ կը ձգէինք: Անոնք մովսիսական օրէնքն ու Հին Ուխտը կը կիրարկէին, իսկ մենք՝ քրիստոնէական ու Սիրոյ Աւետարանը: Անոնք կ՛ապտակէին, իսկ մենք՝ կ՛աղօթէինք...
Ա’յս է Հայութեան դարաւոր հոգեբանութիւնը, իր համառօտ ձեւին տակ:

    
Գլարք Համալսարանի նախագահ Սթէնլի Հօլ կ՛ըսէ որ «Մարդը աշխարհիս ամենամեծ սպաննիչը եղած է ի վաղուց անտի»:
Բնաշրջումի տեսութեան հայրը՝ Տարուին, այս օրէնքը «Գոյութեան Պայքար» կը կոչէ և իր գլուխ գործոծ «Տեսակներու Ծագումը» (Origine of the Species) գիրքին մէջ կը մատնանշէ թէ ինչպէս միջավայրի «անյարմար» տիպեր շարունակաբար կ՛անհետանան ու կը մեռնին և բնաջինջ կ՛ըլլան, իսկ անոնք որ տիրող միջավայրին «կը յարմարին» կը մնան, ու կը զարգանան ու կ՛աճին:
Հողին վրայ, օդին մէջ, ջուրին յատակը նոյն կատաղի մըրցումը և նոյն գոյութեան պայքարը ամէն օր կը մղուի:
Promote this post
The article published in the Spokesperson project.
Sign up and publish your articles.
Like
1
Dislike
0
2902 | 0 | 0
Facebook