Խնդրում ենք սպասել...

Հոդվածներ

Քրիստինա Տեր-Ստեփանյան /Հալեպի առավոտը, Հայի գարունը

23:07, հինգշաբթի, 14 մայիսի, 2015 թ.
Քրիստինա Տեր-Ստեփանյան /Հալեպի առավոտը, Հայի գարունը
    
    

Պատերազմական իրավիճակը ցավոք շարունակում է իր դաժան թելադրանքը շարադրել հայաշատ Սիրիայում: Հալեպը, որտեղ պարտադրանքի և օջախի ձգողական ուժով մարդիկ կառչել են իրենց բնակավայրին, երերում է' կարոտ խաղաղության հաստատման: Իսկ խաղաղությունը չի գալիս, ուշանում է...
     Մեր թղթ. Քրիստինա Տեր-Ստեփանյանի մտահոգությունները իր հայրենի բնակավայրից այսպիսի պատմություններ են դարձել:
     .
    

Հալեպի առավոտը
     (ՀԱԼԷՊԻ ՋԱՐԴԸ)
     .Արցունքովը վերջին անգամ մայրը մարեց սենեակը լուսաւորող մոմը .մայր մըն էր սովորական Հալէպ քաղաքի մայրերէն որ կրցած էր մահուան ձեռքէն փախչելով ողջ մնալ անցեալ գիշեր: Ապա վերջին անգամ ակնարկ մը նետեց իր տան պատերուն եւ անշուշտ յիշատակներով լի իրերուն ու դուռը ամուր մը կղպեց որպէսզի իր առաջին քայլը նետէ անյայտ գաղթին: Ի յայտ կու գար որ շատերուն նման ինքն ու ամուսին ալ յանկարծակի որոշում արած էին մեկնելու համար քաղաքէն: Սակայն դէպի Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս բայց պարզապէս ուզած էին ազատիլ տառապանքէն եւ ռմբակոծումներէն: Դժուարութեամբ ալ գտած էին վարորդը այդ օր բայց եւ այնպէս յաջողեցան նստիլ այդ ինքնաշարժը եւ երկրորդ անգամ ըլլալով մայրը ուշադրութեամբ ակնարկեց իր խոհանոցի պատուհանին որ կարծես առաջին անգամ ըլլալով կը նայէր: Խոհանոցին վարագոյրը սուտ Ապրիլի սուտ ջերմ հովին հետ շարժելով նոյնպէս սուտ երջանկութիւն մը կը սփռէր .զեփիւռը կը փչէր եւ ան իր «թանկօն» կը պարէր անտեսանելի զոյգին հետ: Ապա դերասան արեւը այդ պատուհանէն ներս մտելով պզտիկ արշալոյս մը կ’արձակէր սեղանին տակ որուն վրան վարագոյրին շուքը կը խաղար .սեղանի վրայի չորցած սուրճի գաւաթն ու մոռցուած մոմը մը կար որուն արդէն արցունքը յստակ էր որ գիշերուընէ է սառած էր: Շլացուցիչ եղած էր կերպարանքը երբ արեւը շողեր մըն ալ արձակած էր կտրտուած մանր ապակիներու վրան որուն փայլուն պատկերը կ’արտացոլուէր պատին վրայ ծիրանի եօթը գոյներով .Արդարեւ, սենեակին անկենդանի իրերուն վրան մարդկային յատկութիւններ աւելի կային քան կարգ մը մարդոցմէ, որոնք կենդանի իսկ չէին կրնար համարուիլ: Խաղաղ թատրոն մըն էր միայն կը ներկայացնէր բեմադրիչ իրականութիւնը իր երեսը պահելով: Վարորդը սկսած էր քշել, երբ արդէն մայրը իր արցունքը կը փորձէր զսպել եւ ճամբուն ընթացքին սկսաւ ան Հալէպի պատկերը տեսնել ոչ թէ հեռատեսիլէ մը սովորական այլ բոլոր իր էութեամբը ու հինգ զգայարանքներովը շօշափեց: Տեսաւ արիւնով ներկուած իր թաղերը, տեսաւ դրացուհիին երբ քար ու քանդ քարերու տակէն կը փնտռէր իր աղջիկը: Այդ առաւօտ սովորական առտու մը կը թուէր աշխարհին բայց Հալէպին համար երբեք: Այդ առաւօտ «Սուլէմանիէ» շրջանը, իր աչքերը չբացաւ իր դրացի կիներու հաճելի հաւաքոյթի աղմուկով, Սուլէմանիէի՝ նոյնպէս հռչակաւոր Զահլէին առտուան առաջին խմորը փուռին մէջ մտաւ արիւնով թաթխուած. հաճելի այդ Քալասի թաղի իրարանցումը շաբաթ կէսօրը նոյնպէս չկար ոչ ալ Ուարտէյի փուռին առջեւը.Մեքենաներու ձայնով եւ Ֆալաֆէլ հոտող Քալասի թաղը լեցուած էր արեան գարշելի հոտով մը եւ կրակի բոցէն ոչինչ կ’երեւար: Անցաւ արագ ինքնաշարժը տարիներու արագութեամբ կատղած ձիու մը պէս նոյն ժամանակ ջութակ մը նուագեց հեռուէն շատ հեռուներէն մէկ դար առաջուան եղանակն էր կարծես եւ հակառակ ջութակին մեղմ ձայնին ինքնաշարժը աւելի ուժեղ աւելի բուռն կը քալէր կարծես մայթերը կ’ուզէր ճաթռտէր կարծես գանգուր մազերով աղջիկ մը զայրացած կը քալէր զեփիւռը մազերուն մէջ բանտարկելով: Այդ մայրը պիտի գաղթէր օտար եւ անծանօթ երկիր մը թերեւս կարօտցած պանդուխտ տղուն քով պիտի երթար թերեւս ալ ճամբան կողոպտուելով սպաննուէր իսկ եթէ ողջ մնար պիտի կողոպտուէր Պէյրութի մէջ: Բայց յստակ մէկ բան կար, ուր ալ ըլլար ինչպէս ալ՝ տխուր պիտի ըլլար եւ հոգին թախիծով ողողուած եւ բուռն կարօտը իր ծննդավայրին պիտի խղճացնէր զինքը: Իրականութիւն մըն է որ այդ գիշեր մղձաւանջ մը տեսաւ Հալէպահայը եւ քանի տեսաւ միայն ինքը չի կրցաւ ոչ մէկ անձ իրեն ցաւին բաժնեկից ըլլալ կամ փորձեց հասկնալ.Յիրաւի կ’ըսեմ օտարը ականատես եղաւ եւ լռեց 100 տարի առաջ, լռեց նաեւ 100 տարուան ընթացքին եւ կը լռէ հիմա .կը ձեւացնէ զինքը թէ համր է թող ըլլայ այդպէս մեր շուրջ շա՜տ են այդպիսիները, բայց մենք Աստուծոյ շնորհիւ կարող ենք անցնել այս սեւ ամպը եւ պիտի մնանք միշտ այսպէս ուժեղ:
     13/04/2015 Պէյրութ
     _____________
    
ՀԱՅԻ ԳԱՐՈՒՆԸ
    
     Գարուն է, օտար եւ ցուրտ գարուն մը եւ վերստին Հայ ժողովուրդ մը որ երբեք չզգաց գարնան քաղցրութիւնն ու հեշտութիւնը, այսօր խաբող գարնան մը հետ կը հանդիպի եւ այդ դժնդակ գարունը իրեն կը մտրակէ հեւ ի հեւ: Ի յայտ կու գայ որ Սուրիոյ չորս տարուայ տիրող դժուար կացութիւնը պատճառ դարձաւ Սուրիա հայութեան ողբալի գաղթին եւ հայը կրկին ենթարկուեցաւ խոշտանգումի եւ դարձաւ թափառական: 100 տարիներ ետք դարձեալ սկսաւ եկեղեցւոյ անլռելի զանգակներուն հետ դժբախտ հայը ողբալ: Մեր տարաբախտ ճակատագիրը կարծես իր ձեռքին կարկին մը առնելով կլոր մը ամբողջացուց, այսինքն մեր պատմութեան սկիզբին վերադարձուց ՝ «գաղթին»: Տարիներու ընթացքին օտարը մէկ ու կէս միլիոն տոլարներով խաղցաւ եւ աշխարհը խաղցուց, լուրերուն մէջ շատ լսուեցաւ մէկ ու կէս միլիոն թիւը շատ կարդացուեցաւ շատ կրկնուեցաւ, սակայն ո՞ր օտարը մտածեց անգամ մը եւս հայուն մէկ ու կէս միլիոնին մասին մտածել, մեղմացնել կամ սփոփել հայուն ցաւն ու տառապանքը: Այսօր երախտագէտ Սուրիահայերը Սուրիացի արաբներուն ջարդի ընթացքին օգնութեան փոխադարձ կը պայքարին Սուրիոյ գետնի վրայ եւ իրենց պարտականութիւններն ու պատասխանատուութիւնները լիովին կը շարունակեն կատարել: Արդարեւ, Հայը՝ աշխարհին հետ կլոր դառնալը սովորական նկատելով, ամէն տեղ կը դառնայ ան՝ կամայ եւ ակամայ, աշխարհը ամբողջութեամբ իրեն համար ծանօթ է, կրնայ փոխել անունը, ընտանիք կազմել օտար ամուսնութիւնով բայց անհնար է մոռնալ լեզուն: Անհնար է մոռնալ կամ ուրանալ հայու ոգին. հայը մինչեւ այսօր յաճախ կը ստիպուի խօսիլ՝ թրքերէն, ֆրանսերէն.Անգլերէն կամ Գերմաններ էն. բայց իր հոգին միշտ կը խօսի Հայերէնով.անոր հոգին չի կրնար խօսիլ ուրիշ ոչ մէկ լեզուով: Ահա՛ այս է՛ արդէն հայուն, հայ ոգիինն ու նկարագրին յատկութիւնը: Հայը գիտէ դիմանալ, մաքառիլ, պատշաճիլ բայց գիտէ նաեւ արցունքէն ժպիտ՝ եւ մահէն կեանք ստեղծել, Մայրամուտի ճամբուն առաւօտը աւետել եւ իր սրտի փշերէն կամուրջ մը կառուցել: Այսօր, Իւրաքանչիւր Սուրիահայ մը կը գաղթէ իր հոգիին հանդերձը ձգելով Հալէպի մէջ եւ կամ Քէսապի: Կը գաղթէ ան եւ իր Տէր-զօրեան գաղթին առաջին նաւահանգիստը կ’առնէ Պէյրութի մէջ եւ ետքը կը շարունակուի մինչեւ Ամերիկա, Գանատա, Շուէտ, կամ Աւստրալիա եւ այլ քաղաքներ . եւ որովհետեւ հայու սիրտը հզօր է եւ անսահման տարածութիւն ունի՝ որը խորքին մէջ իր յատկութիւններէն մէկն է նաեւ իր սրտին եւ հոգիին մէջ երկու երկիրներու տեղ տալը եւ ապրեցնելը՝ առաջին իր Հայրէնիքը Հայաստանը իսկ երկրորդը՝ իր ծննդավայրը ՝Սուրիան: Ցաւօք սրտի այսօր ան երկուքին ցաւերուն կը տոկայ եւ որպէս խաչը տեսնելով խաչուող ժողովուրդ մը չի վարանիր ոեւէ դաժանութենէ կամ անողոքութենէ . իսկ հիմա պարզ է հայուն համար մէկ աչքով Հալէպի ապա միւսով ալ Հայաստանի ՝համար լալը, բայց ո՞վ կրնայ գուշակել որ հայը լացէն ուժ կրնայ ստանալ եւ գուցէ այս է մեր գաղտնիքը . մահէն ՝վերակենդանացում ստանալը որպէս առաջին անգամ քրիստոնէութիւնը ընդունող ազգ, Յարութիւն առնել Յիսուսի նման: Իւրաքանչիւր սփիւռքահայ կամուրջ մը եղած է կարծես Հայաստանի եւ Հալէպի միջեւ, Հայաստանի եւ Քէսապի: Իսկ քանի մը հայեր եթէ ուրանան իրենց հայութիւնը որպէս ազգ մեզ չեն տկարացնէր ամենեւին, ապա մեր թիւով քիչ ըլլալով հանդերձ, մեր յարատեւութիւնը կ՛ապացուցէ նաեւ որ ունինք կարողութիւնը՝ հզօր լեռները փշրելու .մեր երգերով, ստեղծագործութիւն ներով, մշակոյթով եւ արուեստով աշխարհը շլացնելու եւ տիրելու կարողութիւնը: Տարիներ շարունակ զանազան ազգեր սիրած են մեզ բայց ոչ թէ վախէն՝ այլ յուզուած մեզմով մեր մշակոյթով եւ յարգած՝ ոչ թէ կառավարական խաղերու շահով այլ մեր դարաւոր պատմութեան սխրագործութիւնները իմանալով . եւ եթէ օտարին ուշադրութիւնը գրաւած ենք, այդ մէկը չէ կատարուած ոմանց նման արտաքին ձեւակերպութիւնով՝ այլ մեր ազնուութեամբ եւ վեհանձնութեամբ: Խաւարով հաց շինած եւ արիւնած մատներով քաղցրահնչիւն այբուբենը կտակած ազգ մը եղած ենք միայն: Հայը ի ծնէ խաղցած է կրակով, երբեք չի գիտցած յուսախաբութիւնը, կրցած է անապատի աւազներուն մէջ բոյսեր ցանել եւ թաւալուած վիճակին իսկ մնալ խիզախ: -ի՜նչ փոյթ, եթէ օտարը մեր արեան դատը իր անձնական շահերուն սիրոյն խաղ մը կը համարէ կառավարական խաղ մը, կամ մեր բողոքին փոխադարձ ատեն անգամ մը թուղթ հանել եւ կրկին իր տեղը վերադարձնելը շատ սովորական եւ դիւրին կը նկատէ. ո՞ւր է հարցը օտարը տարիներ շարունակ եթէ սիրած եւ յարգած է միայն վախէն, եւ իսկ արդարութիւնը սփռած ՝ վախէն: Այնուհետեւ, քանի չկայ վախ հայէն չկայ յարգանք, չկայ արդարութիւն: 100 տարիներ առաջ լռող օտարները ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ որ իրենց տարիներու համրութենէն պիտի ետքայլ մը առնեն եւ բլբուլի մը պէս իրականութիւնները խօսին, ընդունին եւ կամ ջանք ընծայեն մեր դատին համար, իսկ եթէ թուղթեր ցոյց տալ եւ վերստին վերադարձնելը նոյն տեղը կատակերգական թատերգութիւն մըն է: Ես անձնապէս իրենց կրնամ քանի մը կապիկ ուղարկել որպէսզի իրենց խաղին օգտակար ըլլան եւ նոյնպէս քանի մը թութակներ կրնամ բերել եւ թուրքիոյ կամ իրեն հետեւող երկիրներուն կատարածին կրնան ծափահարել, վասնզի եթէ ոմանց հետ այս թութակները համեմատ եմ շատ տարբերութիւն չեմ գտներ: Իսկ ոմանք ալ այսօր երբ հայելիին մէջ նայելու դէմքեր չունին 2014 թուականին Տէր զօրի մէջ մեր պապերուն աճիւններուն իսկ այրիլը զուգադիպութեան արկած մը կը համարեն ահաբեկիչներուն կողմէ ես քանի մը ծաղրածուներ կը ղրկեմ իրենց քով որ խնդան մեզի ալ իրենց հետ խնդացնեն: 100 տա՜րի անցաւ, եւ ոչ միայն դար մը այլ հազարաւոր դարեր անհնար է մոռցնել այսքան չարչարանք տառապանք որ ապրեցաւ հայը, ուստի թող շարունակէ սրինգ մը հիմա Հայաստանին մէջ նուագել իր յաւիտենական եղանակներէն մէկը, թող շարունակէ նաեւ մայր մը Հալէպի մէջ կիսաբաց պատուհանէն առջեւ եւ ռմբակոծումներուն տակ սպասել իր պանդուխտ զաւկին վերադարձը եւ կռունկ մը ինչպէս տարիներ առաջ գաղթեց Հայաստանէն թող շարունակէ գաղթել Հալէպէ՛ն կամ Քէսապէն, մէկ խօսքով մահէն, բայց անխզելի մնալով իր սրտին մէջ կառուցուող կամուրճը որ կը կապէ Հայաստան ու աշխարհը եւ միշտ վերածնունդ մը ստանալով որպէս մահուան ձեռքէն ազատուելու միջոցներու հմտութիւնը ունեցող ժողովուրդ . երբեք չի մոռնալով մեր մայրենի լեզուն մնալով քաջ մնալով տոկուն:
     ՔՐԻՍՏԻՆԱ ՏԷՐ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ
     Պէյրութ. 3. 04. 2015

Առաջխաղացնել այս նյութը
Նյութը հրապարակվել է Մամուլի խոսնակի շրջանակներում:
Գրանցվի՛ր և հրապարակի՛ր քո հոդվածները:
Հավանել
1
Չհավանել
0
6980 | 0 | 0
Facebook