Խնդրում ենք սպասել...

Հոդվածներ

Աթէշեան «ձեռնոց կը նետէ» ողջ հայութեան. Ան որոշած է պատարագ մատուցել Սուրբ Աստուածածին Մայր Տաճարին մէջ

ԱնկեղծԼուր
Մամուլի խոսնակ`
ԱնկեղծԼուր
13:55, ուրբաթ, 14 ապրիլի, 2017 թ.
Աթէշեան «ձեռնոց կը նետէ» ողջ հայութեան. Ան որոշած է պատարագ մատուցել Սուրբ Աստուածածին Մայր Տաճարին մէջ

Աթէշեան «ձեռնոց կը նետէ» ողջ հայութեան. Ան որոշած է պատարագ մատուցել Սուրբ Աստուածածին Մայր Տաճարին մէջ:
    

Խորքին մէջ այս խնդրին հետ կապուած գրաւոր կամ նոյնիսկ բերանացի համաձայնութիւններ կրնան չըլլալ, բայց եւ այնպէս «ներքին համերաշխութիւն» մը տեսնելու նախանձախնդրութիւնն էր, որ պէտք է մղէր Արամ Աթէշեանը ընդհանրապէս այս հանգրուանին հրաժարիլ տօնական այդ պատարագը մատուցելու:


    

Անկախ բոլոր հանգամանքներէն յստակօրէն կ’ուրուագծուի, որ Աթէշեան եւ իր կողմնակիցները ընտրած են բախումի եւ «արկածախնդրութեան» երթալու յստակ ուղին:
     Կ’ունենայ անոնց ընտրանքը բացորոշ դիմադարձում յստակ չէ, սակայն երեւելի կը դառնայ, որ Աթէշեանին դէմ հետզհետէ աճող հակարանքը կրնայ յաւելեալ լարումներու եւ նոյնիսկ ներքին բախումներու ընդհանուր միջավայր մը:
     Գաղտնիք չէ, որ Պոլսոյ Աթոռի այս տագնապը հայութիւնը դրած է մեծ հարցականներու առաջ: Թուրքիոյ իշխանութիւններուն «երդուեալ վկան» կամ «պետութեան մարդ» ը ներկայացող Աթէշեան իր դէմ ունի, ոչ միայն իրմէ դժգոհ Պոլսոյ տարբեր վագըֆներու ներկայացուցիչները, այլ այս խնդրով մտահոգ հայութեան կարեւոր մէկ մասը:
    

Պատրիարքութեան հարցը այլեւս դուրս եկած է Գում Գաբուի նեղ ու խճողուած փողոցներէն ու հասած հայութեան սրտի տրոբով ապրող ամէնէն հեռաւոր կէտերը:

Պոլսոյ Աթոռի հարցը այսօր դարձած է «բաց վէրք» մը, որուն բուժման համար պէտք է հետամուտ ըլլայ ողջ հայութիւնը:
     Օրեր ետք հայութիւնը ամենուրեք պիտի նշէ Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցը, ու մեր խնդիրներուն լուրջ վերաբերողներուն համար Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման ճամբուն վրայ եղող գլխաւոր օղակը Պոլսոյ Աթոռին վրայ արժան եւ իրաւ Պատրիարքի մը նստիլն է:
     Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը արեւմտահայոց հարցերուն «բանալի դեր» ունենալու կոչուած է, ե այդ դերը պէտք է կատարէ հեռու մնալով պարտուածի ու քծնողի դերերէն:
     Ու այս բոլորին համար է նաեւ, որ մեր ժողովուրդի խիղճին մէջ աւելի քան, որեւէ ատեն Պոլսոյ մէջ ընթացող յաճախ լուռ ու աներեւոյթ զարգացումները դարձած են առաջնային:
    

Արամ Աթէշեան իր բոլոր քայլերով յայտնուած է ամբողջ հայութեան դէմ «ձեռնոց նետելու» վտանգաւոր եւ մտահոգիչ դերի մը մէջ:


    

Առաջխաղացնել այս նյութը
Նյութը հրապարակվել է Մամուլի խոսնակի շրջանակներում:
Գրանցվի՛ր և հրապարակի՛ր քո հոդվածները:
Հավանել
0
Չհավանել
0
3353 | 0 | 0
Facebook