Loading...

Articles

Դամասկոսի դեսպան դոկտ․ փրոֆ. Արշակ Փոլատեանի գիրքի շնորահահանդէսը

15:00, Wednesday, 04 February, 2015
Դամասկոսի դեսպան դոկտ․ փրոֆ. Արշակ Փոլատեանի գիրքի շնորահահանդէսը
     3 փետրուար 2015-ի, կէսօրէ ետք ժամը 1։00-ին, Դամասկոսի «Ասատ» գրադարանի դասախօսութիւններու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ, Հայաստանի Հանրապետութեան Սուրիոյ մէջ Դամասկոսի դեսպան դոկտ․ փրոֆ. Արշակ Փոլատեանի արաբերէն գիրքի շնորահահանդէսը։ Հանդիսութիւնը կը վայելէր Սուրիոյ Մշակոյթի նախարարի հովանաւորութիւնը։
     Շնորհահանդէսին ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով պետական ու կառավարական դիւանագէտներ, պատասխանատուներ, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամներ, աշիրաթապետեր, հոգեւոր առաջնորդներ, մտաւորականներ, լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներ ու դամասկահայ ազգայիններ։
     Շնորահահանդէսի ընթացքին արտասանուեցան խօսքեր, ձեռնարկի կազմակերպիչ, Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակի ոգեկոչման Սուրիոյ մարմնի կողմէ։
     Դեսպան Փոլատեանի «Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսներ» գիրքը ներկայացուց դոկտ․ Նորա Արիսեանը։ Դոկտ․ Արիսեան դրուատելով դոկտ. Փոլատեանի գիրքը: Ան, կարեւոր նկատեց սոյն իրագործումը իբրեւ կարեւոր ներդրում արաբ ընթերցողին ծանօթացնելու Հայոց ցեղասպանութեան մասին։
     Դոկտ. Փոլատեանն ու Սուրիոյ Մշակոյթի փոխ նախարարը նոյնպէս խօսք առին:
     Հուսկ` շնորհահանդէսի փակեց Դամասկոսի Առաջնորդ Տ․Արմաշ եպս․ Նալպանտեան։
     Ձեռնարկի աւարտին մեծարգոյ դեսպանը սիրայօժար մակագրեց գիրքէն ու նուիրեց ներկաներուն։
     Նշենք, թէ շնորհահանդէսը լրատուական դաշտին ուշադրութեան կեդրոն դարձաւ:
Promote this post
The article published in the Spokesperson project.
Sign up and publish your articles.
Like
1
Dislike
0
2550 | 0 | 0
Facebook