Loading...

Articles

Ոչ ոք չի մոռացվի, ոչինչ չի մոռացվի

19:16, Thursday, 22 August, 2013
     Պոլիսէն մինչեւ Ուրֆա, իրենց ցաւատանջ ուղեւորութեան միջոցին, երկու նահատակները, Զօհրապ եւ Վարդգէս, գուրգուրոտ ակնածանքով մը ողջունուած են Հայերուն կողմէ: Երբ իրենց աքսորումէն երկու ամիս ետքը ես ալ նոյն ճամբով մինչեւ Հալէպ գացի, տեսայ, որ իրենց յիշատակը ամենուն մտքին մէջ դեռ վառ մնացած էր: Գոնիա, Ատանա, Հալէպ, ամէն տեղ այդ անդրանիկ զոհերուն վրայ կը խօսէին: Հակառակ ոստիկանական հսկողութեան` շատ Հայեր, վտանգը աչք առնելով, գացած տեսնուած էին իրենց հետ ու հիմա երկիւղածութեամբ կը վերյիշէին անոնց վերջին խօսքերը:
    

Ամէնուն վրայ խորին տպաւորութիւն թողած էր Զօհրապի ընկճուած վիճակը. մինչ Վարդգէս զուարթ անտարբերութեամբ եւ ծիծաղկոտ դէմքով մը կը շատախօսէր իրենց մօտեցողներուն` Զօհրապ հազիւ լռութիւնը կը խզէր քանի մը խօսք արտասանելու համար: Ամբողջ ժամեր անընդհատ կը ծխէր, մտածմունքի մէջ ընկղմած:

Վարդգէս, միշտ լաւատես, կը ջանայ եղեր մխիթարել ու սրտապնդել իր բարեկամը, բայց ի զո՜ւր:

- Մեզի մեռցնել կը տանին, - կը կրկնէ եղեր Զօհրապ:

Հալէպի մէջ, Պառօն Օթելի տէրը` Պ.Մազլըմեան, քանիցս ճաշի կը հրաւիրէ երկու տարագիրները, որովհետեւ հոն գտնուած ատեննին բաւական լայն ազատութիւն տրուած է եղեր իրենց: Տիկին Մազլըմեան պատմած է ինծի, թէ սեղանին վրայ ախորժակով կուտէր Վարդգէս, մինչդեռ Զօհրապ հազիւ քանի մը պատառ կառնէր, ան ալ ստիպումներով: Յաճախ լալով կը յիշէր իր կինն ու զաւակները:

Զօհրապ իր ձերբակալման պարագաները պատմած է Պ. Մազլըմեանին: Կարժէ, որ յիշենք զանոնք:

Ձերբակալման գիշերը Զօհրապ Սէրքլը տրիանի մէջ մինչեւ կէս գիշեր թուղթ խաղացեր է Թալէաթ փաշայի եւ Խալիլ պէյի հետ: Յետոյ ոտքի կելլէ մեկնելու համար: Թալէաթ ինքն ալ ոտքի կելլէ ու մօտենալով Զօհրապի` անոր երեսը կը համբուրէ:

Համակրանքի այս անսովոր ցոյցը կը շփոթեցնէ Զօհրապը:

- Ինչո՞ւ համար այս համբոյրը, - կը հարցնէ:

- Սրտէս բխաւ, - կը պատասխանէ միւսը:

Զօհրապ դուրս կելլէ սրահէն չափազանց յուզուած: Նախազգացումը կունենայ, թէ այդ համբոյրը աղետաւոր նշան մըն է:

Դուրսը տաք ու գեղեցիկ գիշեր մըն էր: Կորոշէ հետիոտն երթալ մինչեւ իր` Այազ Փաշայի բնակարանը:

Հազիւ ճամբայ ելած` կը նշմարէ, որ մէկը կը հետապնդէ զինքը: Պահ մը կը խորհի, որ թերեւս սխալ ենթադրութիւն մըն է ըրածը եւ փողոցին միւս կողմը կանցնի: Մարդն ալ կը հետեւի իրեն: Զօհրապ քայլերը կ՛արագէ, նոյնը կընէ զինքը հետապնդողը, վերջապէս` անհամբեր ետին կը դառնայ եւ կըսէ.

- Արդեօք զի?ս կը հետապնդէք:

- Այո, - կը պատասխանէ միւսը, որ ոստիկանութեան քօմիսէր մըն է եղեր:

- Ինչո՞ւ համար…

- Այնպէս հրաման եղած է ինծի:

- Գիտէ՞ ք, թէ ես ով եմ:

- Այո, Զօհրապ էֆէնտին:

- Բայց սխալմունք մը ըլլալու է, - կը գոչէ խեղճը, - ես հիմա Ներքին Գործոց նախարարին հետ էի…

- Կրնայ ըլլալ, բայց ինծի տրուած հրամանը բացարձակ է եւ ստիպուած եմ հպատակելու:

Զօհրապ, ճարահատ, ճամբան կը շարունակէ ու կը հասնի բնակարանը, որուն դրան առջեւ ոստիկան մը կը սպասէր: Քօմիսէր եւ ոստիկան ափարթըմանին սանդուխներէն վեր, կը հետեւին իրեն:

- Ի՞նչ է ձեզի տրուած հրամանը, - կը հարցնէ Զօհրապ:
     - Ձեզ ոստիկանատուն տանիլ:

- Հիմա՞, անմիջապէ՞ս…

- Այո, անմիջապէս:

- Եւ եթէ երթալ չուզիմ:

- Այն ատեն բռնի պիտի տանինք:

- Չէ՞ք գիտեր, որ ես մէպուս եմ:

- Գիտենք, բայց մեզի տրուած հրամանը բացարձակ է:

Քօմիսէրը կը յայտնէ նաեւ, որ հետեւեալ առտու իսկ, այսինքն քանի մը ժամէն, ճամբայ պիտի ելլէ, հետեւաբար անհրաժեշտ գոյքերը կրնայ հետը առնել:

Զօհրապ կը մտնէ իր բնակարանը, ձայն կուտայ իրեններուն, եւ ափյափոյ պայուսակ մը պատրաստելէ ետքը կուգայ կը յանձնուի երկու ոստիկաններուն, իր կնոջ ու աղջկան ողբ ու կոծին միջեւ:

Նոյն միջոցին եւ քիչ մը տարբեր պայմաններու մէջ կը ձերբակալուի նաեւ Վարդգէս, եւ առտուն կանուխ երկուքը միասին կը բերուին Հայտար Փաշայի կայարանը: Իրենց կընկերանան եղեր ոստիկան մը եւ սիվիլ հագնուած լրտես մը:

Ոստիկանը կուզէ երրորդ կարգի վակօնի մը մէջ մտցնել երկու աքսորականները, Վարդգէս եւ Զօհրապ կընդդիմանան: Ոստիկանը կը պնդէ, առարկելով, թէ վակօնը յատկապէս պատրաստուած է իրենց համար: Երկու տարագիրները ձայն կը բարձրացնեն ու կը պահանջեն, որ առաջին վակօնով մը տարուին:

Երկու կողմէն ձայները հետզհետէ կը բարձրանան: Ի վերջոյ Զօհրապ գրպանէն 25 ոսկինոց թուղթ մը կը հանէ, ոստիկանին կուտայ եւ կըսէ, որ առաջին կարգի չորս տոմսակ առնէ իրենց համար:

- Եթէ ոչ, - կըսէ, - տեղ մըն ալ չեմ երթար:

Ոստիկանը կը ստիպուի տեղի տալ, անշուշտ 25 ոսկիէն աւելցած գումարն ալ գրպանելու յոյսով:

Ու այսպէս ճամբորդութիւնը կը կատարուի առաջին կարգով:

Հայտար Փաշայի կայարանին Հայ պաշտօնեաները ճանչնալով Զօհրապը, կերթան իմաց տալու Պ. Անտօն Թարաքի, որ կը փութայ վար իջնել, առանց գիտնալու, թէ Զօհրապ ինչ պարագաներու տակ կը ճամբորդէ: Այս վերջինը, երբ կը նշմարէ Պ. Թարաքը, որ դէպի իրեն կուգայ, ձեռքովը նշան կընէ, որ չմօտենայ: Պ. Թարաք, որ վերադարձիս այս մանրամասնութիւնը պատմեց, աւելցուց.

- Խեղճ Զօհրապը չափազանց յուզուած, տժգոյն եւ ընկճուած տեսայ:

Վակօնին անկիւնը քաշուած, լուռ ու մունջ, անընդհատ կը ծխէր, մինչեւ կառախումբին ճամբայ ելլելը:

* * *
     Գոնիա հասնելնուն` երկու տարագիրները ընդունուած են մէկ քանի Հայերու կողմէ, որոնք փութացած են իրենց ձեռքէն եկած օգնութիւնը ընելու, հակառակ սպառնացող վտանգին:

Ոստիկանները թոյլ տուած են տեսակցիլ պայմանաւ, որ թուրքերէն խօսին: Այդ պայմանին տակ բնականաբար խօսակցութիւնը շատ աննշան եղած է:

Ատանա նոյնպէս հայրենակիցներ, իմանալուն երկու ծանօթ Հայերուն ժամանումը, փութացած են կայարան: Իրենցմէ մէկը, Միհրան Պօյաճեան, ծանօթ վաճառական մը, մօտակայ կայարանի մը համար տոմսակ առնելով, յաջողած է Զօհրապի ու Վարդգէսի հետ տեսակցիլ հայերէն լեզուով, եւ հարցնել, թէ ի՜նչ ծառայութիւն կրնայ մատուցանել իրենց:

- Մեր ընտանիքներուն լուր տուէք ասկէ անցնելնիս, ըսած է Զօհրապ, - ուրիշ ծառայութիւն չենք սպասեր ձենէ:

- Դրամի եթէ պէտք ունիք, յայտնեցէք:

- Չէ, շնորհակալ ենք, դրամի պէտք չունինք առ այժմ:

- Ո՞ւր կը տանին ձեզ:

- Տիարպէքիր, դատուելու համար, բայց չեմ կարծեր, որ մինչեւ այնտեղ հասնինք:
     Եւ Վարդգէս զուարթ ձայնով աւելցուցած է.

-Տիարպէքիրի բանտը արդէն ծանօթ է ինծի, աղէկ բանտ մը չէ, բայց աւելի գէշերը կան: Կը տեսնաք սա գորգը, Տիարպէքիրի բանտին մէջ իմ ընկերս եղած է, հիմակ ալ միասին կերթանք կոր: Հին բանտակիցներ ենք:

Հալէպի մէջ, ինչպէս լսի, Զօհրապ եւ Վարդգէս բաղդատաբար բա-ւական ազատութիւն վայելած են, շնորհիւ կուսակալին, որ Զօհրապի հին ծանօթ մըն է եղեր:

Այդ ազատութենէն օգտուելով` տեղացի մէկ քանի հայեր ծրագիրը կը յղանան փախցնելու երկու տարագիրները:

Յանդուգն ծրագիր մը թէեւ, բայց ոչ անգործադրելի: Արաբ ուղտապաններու միջոցաւ երկու աքսորականները Պէյրութ կամ Տրիպոլիս փոխադրել կառաջարկեն ու հոնկէ նաւով Կիպրոս անցնիլ: Այդ միջոցին Սուրիական ծովեզերքներու վրայ հսկողութիւնը շատ խստացած չէր ու այդպիսի փախուստ մը կրնար յաջողիլ: Վարդգէս հաւանութիւն կը յայտնէ, սակայն Զօհրապ կընդդիմանայ ու բացարձակապէս կը մերժէ, առարկելով, թէ իր առողջութիւնը չի ներեր այդպիսի արկածախնդրութեան մը մէջ նետուիլ:

- Եթէ կուզես` դուն փախիր, - կըսէ Վարդգէսին:

Բայց Վարդգէս չհաւանիր երբեք իր բարեկամը լքանելու:

- Ինչ որ ալ ըլլայ, քենէ չեմ բաժնուիր, - կը պատասխանէ:

Զօհրապ ան ատեն կը մտածէ դիմում ընել Ճէմալ փաշայի եւ անոր աջակցութիւնը խնդրել եւ այս մտքով գիր մը կուղղէ Սուրիոյ դիկտատորին: Զօհրապի այդ վերջին գրութիւնը, պերճախօս թուրքերէնով մը գրուած, ինչպէս ինծի հա-ւաստեց Պ.Մազլըմեան, անպատասխանի եւ ապարդիւն կը մնայ եւ վերջապէս երկու աքսորականները Հալէպէն ճամբայ կելլեն դէպի Ուրֆա:

Չեմ գիտեր, թէ որչափ կը մնան Ուրֆա, թերեւս մէկ երկու օր միայն ու հոնկէ կառքով կը մեկնին դէպ ի Տիարպէքիր, միշտ ոստիկանական հսկողութեամբ:

Ահռելի եղեռնը տեղի կունենայ Ուրֆայէն քանի մը ժամ անդին: Թուրք չէթէներու խումբ մը կը պաշարէ կառքը: Չէթէներու պետը, ինչպէս լսեցի Հալէպի մէջ, Խալիլ պէյը եղած է, Էնվէրի մէկ ազգականը, որ յետոյ Պաղտատի թրքական բանակին հրամանատար կարգուեցաւ, անշուշտ Զօհրապն ու Վարդգէսը սպաննելու քաջագործութեանը իբրեւ վարձատրութիւն:

Ոճրագործները կառքը կը կեցնեն եւ կը հրամայեն երկու աքսորաականներուն կառքէն վար իջնել: Զօհրապ կիջնէ, մինչ Վարդգէս կը պօռայ.

- Ոչ, վար չեմ իջներ, կառքին մէջ մեռցուցէք զիս:

յսպէս կը նահատակուին Զօհրապ եւ Վարդգէս, հայ ազգին երկու ազնուական զաւակները:

Կառապանը, որ ինքզինք թուրք կեղծող հայ մըն է եղեր, կը վերադառնայ Հալէպ եւ ինք է, որ պատմած է եղելութիւնը իր մանրամասնութիւններով:

Չէթէները` բնականաբար` կը կողոպտեն իրենց զոհերը:

Զօհրապի նշանտուքի մատանին ու ժամացոյցը ծախուած են Հալէպի մէջ: Իր ֆէսը, կը գտնուի եղեր, չեմ գիտեր ինչպէս, միսիօնարուհիի մը քով:

Վարդգէսէն որեւէ հետք չէ մնացած:

Թող իրենց յիշատակը անջինջ մնայ ամենուս մտքին մէջ:


    
    
Source: mitk.am
Promote this post
The article published in the Spokesperson project.
Sign up and publish your articles.
Like
0
Dislike
0
4212 | 0 | 0
Facebook