Loading...

Articles

Պատմութիւն Հայոց Ամսթէրտամայ եւ Սուրբ Հոգի եկեղեցւոյ խորագրով դասախօսութիւն

02:09, Tuesday, 30 January, 2018
Պատմութիւն Հայոց Ամսթէրտամայ եւ Սուրբ Հոգի եկեղեցւոյ խորագրով դասախօսութիւն
    
    
    

Խաչիկ Կիւրեղեան Պալըքճեան поделился публикацией Ani Miutyun Dordrecht.


    

    
    
Երեկ, 28 Յունուար 2018 թուին, Հոլլանտայի Տօրտրէխտ քաղաքի «Անի» Միութեան մէջ տեղի ունեցաւ (Պատմութիւն Հայոց Ամսթէրտամայ եւ Սուրբ Հոգի) եկեղեցւոյ խորագրով դասախօսութիւնս.
Նախքան ծրագրի սկսիլը, միութեանս կիրակնօրեայ դպրոցի փոքրիկներու մասնակցութեամբ պահ մը յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ վերջերս մեր զոհուած զինուորներու յիշատակին.
Դասախօսութեան մասնակցած էր 25-30 ազգասէր եւ հետաքրքրուած տարեց եւ երիտասարդ անձեր, որոնք 1, 45 վայրկեան տեւող հազուագիւտ վաւերագրերով ցուցադրուած դասախօսութեան աւարտին, իրենց հարցերը ուղղեցին դասախօսին.
Խորին շնորհաւորանքներս Անի միութեան վարչական կազմին, որոնց զոհաբերութեամբ եւ ազգային պարտաճանաչութեամբ, ամեն կիրակի մեր փոքրիկներուն կը դասաւանդուի հայոց լեզուն եւ ստեղծուած է ազգային ջերմ մթնոլորտ.
Թող՝ Ամենակալն Աստուծոյ աջը ձեզ եւ ձեր միութեան ազգանուէր աշխատանքները առաջնորդէ ու հովանաւորէ.
Promote this post
The article published in the Spokesperson project.
Sign up and publish your articles.
Like
0
Dislike
0
2268 | 0 | 0
Facebook