ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ
21:06, Thursday, 19 January, 2017
ԱՐԴԻ ՄԱՐԴՈՒՆ ՀԱՅՐ ՄԵՐԸ . ՏՈ՜ՒՐ ԻՆԾԻ, ՏԷՐ… Դուրեան սրբազանին Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական. Ծաղիկներո՜ւ պէս զայն ժողվեմ ճամբուս վրան` Նայուածքներուն մէջ ամէնուն եւ ամէն օր: Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւննանանձնական. Եւ ես` հանգոյն երփնալուցկի վառող մանկան` Զայն գունաժպիտ տեսնեմ ուրիշ դէմքի մը վրան: Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական. Զանգակներո՜ւ պէս զայն կախեմ ամէն դըրան` Ու զերթ նարօտ ամէն դըրան զայն պըսակեմ: Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական. Ճըրագներու պէս զայն բոցեմ բազմաստեղնեան` Խաւարին մէջ ամէն երդ ու խրճիթներու: Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական. Զայն սրբասաց իմ հոգեակիս ընեմ խորան` Զայն իմ մտքիս ծըխեմ` զերթ խունկ բազմաբուրեան: Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական. Ու չըլլայ որ ուրիշներու կոծն ու կական Խեղդել ուզեմ ջըրվէժին մէջ դափիս ձայնին: Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական. Ու չըլլա՜յ որ ծափիս ձայնին երգը` գուժկան Եսիս սենեա՜կն ունենայ` ցո՜ւրտ առանձնարան: Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական. Ու սեղանիս վըրայ դրուած մէն մի նըկան` Զոյգ մը խինդե՜ր գէթ ունենայ թող խաչանիշ: Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական. Ու բաղխեմ զայն սրտիս ժայռին` իբրեւ մական` Որ բղխեցնէ ջուրն աներկմիտ երանութեան: Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական. Զայն ջուրերուն վըրայ ձըգեմ իբրեւ ուռկան, Զայն իբր արօր ակօսներո՜ւն ձըգեմ վըրան: Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական. Զայն իբր անձրեւ ցօղեմ ամէն դաշտի վըրան, Զայն իբր արեւ բաշխեմ ամէն հորիզոնի: Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական. Զայն ընդգրկած իտէալին ըլլամ սրսկան. Զայն լաստ ըրած ես Լոյսերու նաւո՜րդն ըլլամ: Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական. Ժողվել` հոգւոյն մէջ ծերերուն, կոյսին, մանկան, Պարզ մարդերուն` գեղջուկներուն ու բանուորին: Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական` Ժողվել` հոգւոյն մէջ ամենո՜ւն, համայնական Հոգւոյն ամէն մասնիկներուն մէջ` ամէն ժամ: Ճամբաներէն, ու գետերէն, ու դաշտերէն, Անտառներէն, ու լեռներէն, ու ձորերէն, Տանիքներէն, ու տուներէն, ու դուռներէն` Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական: |
Like
1
Dislike
0
3455 | 0 | 1 | 0