Durun lütfen yüklemiyor...

Makaleler

Միակ կարեւորը Սերովբէ Իսախանեանի համար իր աթոռն է ու իր պօռնկացող կաթողիկոսին փէշերը համբուրելն է

Ազատ Խոսք
Basın sekreteri:
Ազատ Խոսք
23:55, salı, 12 şubat, 2019
Միակ կարեւորը Սերովբէ Իսախանեանի համար իր աթոռն է ու իր պօռնկացող կաթողիկոսին փէշերը համբուրելն է

ՓԱՐԻՍԵՑԻ ԴԻԿՏԱՏՈՐԸ
    
    

Փարիսեցիները հռոմէական բանակի օգնութեամբ երկու հազար տարի առաջ Յիսուս Քրիստոսին Երուսաղեմէն դուրս հանեցին:
     Նոյն կերպով, փարիսեցի Սերովբէ Իսախանեանը գերմանական ոստիկանութեան օգնութեամբ մարդկանց դուրս կը վռնտէ եկեղեցիէն: Նա զիս եւ ուրիշներուն (եւ ես սարկաւագ ըլլալով հանդերձ) Գերմանիոյ ոստիկանութեան ուժով, արգիլեր է մեր Եկեղեցիները մուտք գործել եւ աղօթել առ Աստուած, եւ սա առանց որ ինծի հետ խօսակցի կամ ինծի լսէ:
     Պատճառը այն է որ ես արդարութեան եւ իմ ժողովուրդիս կողքին կեցայ եւ մերժեցի Գարեգին Բ չկաթողիկոսին անօրէնութիւնները: Եւ ինք որպէսզի հաճոյանայ իր կաթողիկոսին, իմ Եկեղեցի մտնելու իրաւունքս խլեց ոստիկանութեան ուժով, այն ինչ որ մեր եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ չէինք տեսած․ եւ առանց որ ինքզինքը յոգնեցնէ նախ ինծի հանդիպի:
     Գերմանիոյ օրէնքի ուժով, իրեն եւ թեմական խորհուրդին հաւանաբար իրաւունք կու տայ, բայց Աստուծոյ Աւետարանի օրէնքները այլ են, իրեն համար ի՞նչ արժէք ունին Աստուծոյ պատուիրանները: Իրեն համար Սուրբ Աւետարանի պատգամները ոչ մի կարեւորութիւն չունին: Միակ կարեւորը իր համար իր աթոռն է ու իր պօռնկացող կաթողիկոսին փէշերը համբուրելն է:
     Դադարեցուցէ՜ք այս կոռումբացուած անձը եւ անօրէն միապետութիւնը ֆինանսաւորել: Մենք թոյլ չենք տար որ մեր Ս․ Եկեղեցին դառնայ աւազակներու եւ անօրէններուն ձեռքէ խաղալիք:
     Ես ամիսներ ինքզինքս զսպեցի այն յոյսով որ Սերովբէ Իսախանեանը կ'անդրադառնայ իր սխալին եւ կ'ուղղէ անիկայ, բայց ինք անընդհատ կըսէ` «Իմ հոգս չէ, իր գլուխը թող պատերուն զարնէ»:
     Ես իրաւունքի տէր եմ, եւ պիտի ամէն ինչ ընեմ որպէսզի իրաւունքս ետ վերադարձնեմ: Ինք իմ թշնամիս չէ բայց ինք իմ թեմս անարդարութիւն գործեց եւ ինծի զրկեց իմ Մայր Եկեղեցիէս որ ամենասուրբ բանն է ինծի համար: Եթէ Առաջնորդ է, թող քաջութիւն ունենայ որպէս առաջնորդ գործել, ոչ թէ որպէս դիկտատոր:
     Ամօ՛թ Սերովբէ Իսախանեանին․..
    
    

Քրիստափոր սարկաւագ Ֆրունճեան

Գարեգին Բ-ի սպառնալիքները իր ստրուկ եկեղեցականների միջոցով
Bu gönderiyi tanıtın
Makaleyi yayınlamağı hakkında bilgiler veriyoruz Basın sekreteri. Basın sekreteri projenin içinde.
Abone ol ve malalelerin yayınla:
Beğenmek
0
Beğenmemek
0
4662 | 0 | 0
Facebook