Durun lütfen yüklemiyor...

Makaleler

ՅՈ՞ ԵՐԹԱՍ ՍՓԻՒՌՔ

19:27, pazar, 25 aralık, 2022
ՅՈ՞ ԵՐԹԱՍ ՍՓԻՒՌՔ

ՅՈ՞ ԵՐԹԱՍ ՍՓԻՒՌՔ


    

Կներկայացնենք կիպրահայ «ԱԶԱՏ ԽՕՍՔ» լրատվական կայքի հիմնադիր֊խմբագիր Երան Գույումճեանի խմբագրական հոդվածը, որն արտացոլում է սփյուռքի խնդիրները։


    
Տարին սկսանք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի 2022 թուականը «Սփիւռքի տարի» հռչակման Կոնդակով, տարին կ'աւարտենք մեր խոնարհ խորհրդածութիւններով, ինչ կը վերաբերի Սփիւռքի վերակազմակերպման խնդիրներուն, աւելի ճիշդ խոչընդոտներուն, որոնք կ'արգելակեն որ ՀԶՕՐ ՍՓԻՒՌՔ մը կոչուի ի կեանք...Հզօր Սփիւռք՝ որ ունենայ Սփիւռքի հայութեան քաղաքական ամբողջութիւնը ներկայացնող ԿԱՌՈՅՑ, որ կարենայ խօսիլ անոր անունով միջազգային հարթակներու վրայ, Հայաստանի Հանրապետութեան հետ, կարենայ նոյնիսկ օժտուիլ իրաւական անձնաւորութեան կարգավիճակով, եթէ ան ընտրուած ըլլայ ու իրաւամբ ներկայացնէ համայն սփիւռքին կամքն ու ձայնը...Հզօր Սփիւռք՝ որ կարենայ համադրել սփիւռքահայ կեանքի կրթական, ընկերային, մշակութային, քաղաքական հրատապ հարցերը հայապահպանման ու հայ Դատի պահանջատիրութեան գծով...վերկուսակցական ու համահայկական մտածողութեամբ...Հզօր սփիւռք՝ որ կարենայ դիմագրաւել Հայաստան-Սփիւռք արդիւնաւէտ գործակցութեան մարտահրաւէրները եւ բարւոք լուծումներ առաջարկել ու գտնել այդ համագործակցութեան լիարժէք արդիւնաւորման ուղղութեամբ:
Արդարեւ, Արամ Ա. Հայրապետը իր Կոնդակին մէջ կ'ընդգծէր. «Հայ ժողովուրդի երկու բեւեռներուն միջեւ գործակցութիւնը պէտք է դառնայ համապարփակ, ծրագրուած եւ հետեւողական, հիմնուած՝ փոխադարձ վստահութեան վրայ։ Սփիւռքի վերակենսաւորման մէջ էական է դերը Հայաստանին, մասնաւորաբար մշակութային ու կրթական մարզերուն մէջ։ Միւս կողմէն՝ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան շըրջագծէն ներս, անհրաժեշտ կը նկատենք Հայաստանի կառավարման ինչպէս նաեւ համահայկական խնդիրներու ու ծրագիրներու քննարկման մէջ Սփիւռքի գործօն մասնակցութիւնը» ։ Որքան ճշմարիտ խօսքեր՝ արդարեւ: Բայց ունի՞նք համայն Սփիւռքին անունով խօսող, համայն Սփիւռքի հաւաքական կամքը ներկայացնող Կառոյց...
Սփիւռքը, նկատի ունենալով յատկապէս յետ-Եղեռնեան տարագիր սփիւռքը, չկրցաւ երբեք իրմէ թօթափել նեղ-անձնական, նեղ-խմբակային, նեղ-հատուածական շահերն ու նկատառումները եւ մտածել, խորհիլ ու գործել համահայկական ոգիով, համահայկական մտածողութեամբ, համահայկական տեսլականով: Մեր բոլոր կառոյցները՝ դպրոց, մամուլ, ակումբներ, նոյնիսկ հայոց եկեղեցին, չնչին բացառութեամբ, գործեցին եւ կը գործեն կուսակցութեանց ազդեցութեան կամ մականին տակ:
Արամ Աճեմեան ՍՓԻՒՌՔ շաբաթաթերթին մէջ դեռեւս 1971-ին ցաւով կը հարցադրէր. «Ունեցա՞նք երէկ, ունի՞նք այսօր Սփիւռքի ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԽՈՐՀՈՒՐԴ մը, որ ունենար իր պաշտօնաթերթը (օրկան), որ միակամ արտայայտութիւնը ըլլար բովանդակ Հայութեան ըղձանքներուն, փափաքներուն, երազներուն, տեսակէտներուն՝ առաջին գիծի վրայ քաղաքական, ապա մշակութային, կրօնա-բարոյական, կրթական: Նման կեդրոնաձիգ, ներքնապէս ուժեղ Ազգային Խորհուրդ մը ո՛չ միայն Սփիւռքի Հայութեան, այլ նաեւ Հայաստանի կառավարութեան համար պիտի ծառայէր որպէս աղբիւր յոյսի եւ զօրութեան…»:
Չունինք, չունեցանք, քանզի մեզի էապէս պակսեցաւ ԻՐԱՐՈՒ ՀԵՏ ԼԵԶՈՒ ԳՏՆԵԼՈՒ ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱԶԳՈՎԻՆ...Մեր ամբողջ պատմութեան մէջ, ի բացառեալ այն շատ հազուագիւտ պահերէն, երբ միասնաբար ոտքի ելանք ընդդէմ անարգ թշնամիին, մահու կենաց գուպարին մէջ եւ յաղթեցինք, ինչպէս Սարդարապատի մէջ, մեզի ընդհանրապէս պակսեցաւ այդ յատկութիւնը, առաքինութիւնը, թափանցամտութիւնը, լայնահորիզոն մտածողութիւնը, հեզութիւնը...հոգիէ-հոգի եւ սիրտէ-սիրտ կամարուող կապը, ինչ որ շատ հաւանաբար՝ զիրար անկեղծօրէն սիրելէն կու գայ, զիրար հասկնալէն, զիրար զգալէն կը բխի, առանց ամբարտաւանութեան ու պոռոտախօսութեան...: Եթէ ազգի մը զաւակները պիտի չհասկնան զիրար, պիտի բնովեն ու վիրաւորեն զիրար, պիտի անիրաւեն զիրար, յայնժամ ինչպէ՞ս կարելի է սպասել որ օտարը հասկնայ մեզ կամ արդարութիւն ընէ մեզի...: Դարէ-դար կուտակուող այս իրարհասկացողութեան, իրարհանդուրժողութեան, փոխադարձ իրաւ յարգանքի ահաւոր ՊԱԿԱՍՆ է երեւի մեր դժբախտութեանց բուն աղբիւրը...
Նոյն այդ թերութիւնը, որ ի դէպ յատուկ չէ միայն Սփիւռքին, այլեւ հայրենական մեր կեանքին, կը կրկնուի հիմա ալ, առաւել մեծ չափերով, երբ անհունդուրժողութիւնը իրարու նկատմամբ դարձեր է թշնամական վերաբերմունք, եւ իրաւ թշնամին թողած, մէկը միւսը նուաստացնելու, վարկաբեկելու համար կ'օգտագործուին ամէնէն նողկալի զրպարտութիւնները, հայհոյանքները, չարախօսութիւնները...»:
Քաղաքագէտ Դոկտ. Արմէն Այվազեան այնքան դիպուկ կերպով կ'արձանագրէ. «Կայ հայրենասիրութեան մի թերի և արատաւոր տեսակ՝ կուսակցական հայրենասիրութիւնը...։ Հայրենասէրների մի խումբը հակառակորդ ճամբարում տեսնում է բոլոր սխալները, թերութիւնները, յանցագործութիւնները, դաւաճանութիւններն ու յիմարութիւնները։ Բայց երբ ճիշտ նոյն սխալները, թերութիւնները, յանցագործութիւնները, դաւաճանութիւններն ու յիմարութիւնները կատարում է իր կուսակցութիւնը կամ քաղաքական խմբաւորումը՝ բերանը ջուր է առնում, գլուխն էլ հողի մէջ մտցնում»:
Ցաւով պիտի արձանագրենք որ սփիւռքի կազմաւորման առաջին իսկ օրերէն մինչեւ հիմա, մենք երբեք չունեցանք ծառէն անդին անտառը տեսնելու լայնամտութիւն, հեռատեսութիւն, նեղ հատուածական ու կուսակցական մտածողութեամբ առաջնորդուեցանք, շփոթելով կուսակցական մտածելակերպը՝ համազգային մտածելակերպին հետ, կուսակցական նեղ շահերը՝ համազգային գերագոյն շահերուն ու նպատակներուն հետ, եւ չարաչար տուժեցինք ազգովին, հաւաքական ոյժ չդառնալով, պառակտուելով ու բաժա՛ն-բաժա՛ն ջլատուելով, թշնամիին ըրածը ամբողջացնելով:
Շատոնց ժամանակն է կեանքի կոչելու անյապաղ Մարմին մը, որ Սփիւռքի Հայութեան հաւաքական ամբողջութիւնը ներկայացնէ, անջա՛տ-անջա՛տ կուսակցութիւններէն վեր ու անդին համազգային մտահոգութեամբ ու տեսլականով...Մարմին՝ որ կարենայ վերջապէս մէկ մարդու պէս համազգային արտը վարել, հերկել ու մշակել: Ասիկա իրագործելու համար, անհրաժեշտ նախապայման է, անկասկած, յեղափոխել քարացած միտքերն ու կարծրատիպերը, մտածել ու գործել կոշկոռ կապած կաղապարներէն, հին քէներէն ու ոխերէն, նախապաշարումներէն ձերբազատ: Հոս հայեցի համահայկական կրթութիւնը եւ ազատ մամուլը էական դերակատարութիւն ունին կատարելիք, այլ գործօններու հետ միատեղ:
Եթէ կարենանք այս գիտակից ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ստեղծել, յայնժամ կրնանք ունենալ ՀԶՕՐ ՍՓԻՒՌՔ, որ ամէնէն ամուր ԶՕՐԱՎԻԳԸ, ԹԵՒՆ ու ԹԻԿՈՒՆՔԸ կրնայ ըլլալ նաեւ ՀԶՕՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ կերտումին եւս, Արցախի հետ միասին, եւ վերջապէս Հայաստան-Սփիւռք զոյգ թեւերով ճախրել դէպի նոր վարդահեղեղ հորիզոններ...
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ԱՄԱՆՈՐ ԵՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴ ԱՄԲՈՂՋ ՀԱՅ ԱՇԽԱՐՀԻՆ:
ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
"Ազատ խօսք"
Նիկոսիա, Կիպրոս
Bu gönderiyi tanıtın
Makaleyi yayınlamağı hakkında bilgiler veriyoruz Basın sekreteri. Basın sekreteri projenin içinde.
Abone ol ve malalelerin yayınla:
Beğenmek
0
Beğenmemek
0
1120 | 0 | 0
Facebook