Идет загрузка...
Сегодня:  Пятница, 29 Марта, 2024 года

Статьи

Գարեգին Բ., հոգեւոր տարազի տակ ծպտուած, կարկառուն մէկ ներկայացուցիչն է Հայաստանի յանցագործ (մաֆիոզ) շրջանակներու

Ազատ Խոսք
Пресс-секретарь:
Ազատ Խոսք
16:17, Воскресенье, 05 Мая, 2019 года
Գարեգին Բ., հոգեւոր տարազի տակ ծպտուած, կարկառուն մէկ ներկայացուցիչն է Հայաստանի յանցագործ (մաֆիոզ) շրջանակներու
     Ծանօթացանք Ֆրանսայի Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ խումբ մը խիստ մտահոգ հաւատացեալներու կողմէ պատրաստուած հաւաքական նամակի բովանդակութեան հետ, որ հրատարակուած էր «Նոր Յառաջ» երկօրեայ թերթին մէջ (Շաբաթ, Յուլիս 27, 2013 - թիւ 536): Հաւաքական սոյն նամակը տրամադրելի դարձած է նաեւ համացանցային տարբերակով: Առ այս մեր դիտողութիւնները:
     Նախ պէտք է բարձր գնահատել քաղաքացիական քաջութիւն ցուցաբերող ֆրանսահայ այս խումբ մը հաւատացեալներու նախաձեռնութիւնը: Ան երանի թէ ունենար զանգաուածային բնոյթ եւ վերածուէր նոյնիսկ բողոքի համազգային շարժումի մը` իր մէջ ներգրավելով ոչ միայն Սփիւռքը, այլ ի մասնաւորի նաեւ Հայաստանի բնակչութեան լայն շրջանակները:
     Վերոյիշեալ հաւաքական նամակը խմբագրող եւ ստորագրող ազնիւ մարդիկ իրենց վերջին յոյսը դրած են Էջմիածնի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին վրայ` անվերապահօրէն հաւատալով, որ ան «անաչառութեամբ կը քննէ կացութիւնը եւ Թեմի պատասխանատուներուն հետ միասնաբար կը գտնէ յարմարագոյն ձեւերը, որպէսզի իրաւունք, արդարութիւն, ճշմարտութիւն եւ հեղինակութիւններ վերականգնին»: Ի՜նչ գեղեցիկ խօսքեր` իրական ըլլալու համա:
     Կործանարար միամտութիւն, չըսելու համար ուղղակի ծանծաղամտութիւն մըն է կարծել, որ Էջմիածնի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը կրնայ Հայ Եկեղեցիին մէջ տիրող այսօրուան հոգեւոր սնանկութեան եւ բարոյական ճգնաժամին բերել դարման մը: Արդեօ՞ք գիտեն մեր հաւատացեալ ու միամիտ ֆրանսահայ քոյրերն ու եղբայրները, որ Էջմիածնի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամները ընտրուած են ոչ թէ Ազգային-Եկեղեցական Ժողովէն, այլ ապօրինաբար նշանակուած են կաթողիկոսին կողմէ:
     Գարեգին Բ. Էջմիածնի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի կազմը լեցուցած է իր համախոհներով, իր ափէն լափող փառամոլ եպիսկոպոսներու ոհմակով, որոնց ճնշող մեծամասնութիւնը իրեն պէս եւ իրմէ ալ յոռի ԿԳԲ-ի գործակալներ են` ազնիւ մարդոց բարի զգացումները խեղաթիւրելու եւ այլանդակելու հմտութիւնը ունեցող վարպետորդիներ: Ա՛յս է իրենց բուն առաքելութիւնը` եկեղեցին ծառայեցնել մութ ուժերու տրամադրութիւններուն եւ շահերուն:
     Գարեգին Բ., հոգեւոր տարազի տակ ծպտուած, կարկառուն մէկ ներկայացուցիչն է Հայաստանի յանցագործ (մաֆիոզ) շրջանակներու: Իր բիրտ եւ անիրաւ գործելաոճը ձախորդ աճպարարութիւն մըն է` ծածկելու համար իր անտանելի գռեհկութիւնը, որ հանրութեան ակներեւ դարձաւ Իլիա Բ. Վրաստանի Կաթողիկոսին հետ իր ուեցած հանդիպումին առթիւ:
     Գարեգին Բ.ի` Նորվան Սրբազանին ուղղած` «Այո՛, դու Մայր Աթոռի հետ գործ չունես այլեւս» արտայայտութիւնը ուղղակի կարգալուծման սպառնալիք է: Պէտք է յիշեցնել, որ Գարեգին Բ. «կարգալոյծ» հռչակած է, մեր ճշգրիտ հաշուարկով, 165 եկեղեցականներ` բարձրաստիճան եպիսկոպոսներ, վարդապտներ, աբեղաներ, քահանայ հայրեր եւ սարկաւագներ: Ասոնցմէ ո՛չ մէկուն պարագան ունեցած է «կարգալուծման» վճիռն արդարացնող կրօնական ծանրակշիռ պատճառ:
     Գարեգին Բ. այս հոգեւոր սպանդը իրականացուցած է միանգամայն առանձին, անիրաւ եւ իր քմահաճ «հայրապետական տնօրինում» կոչուած որոշումով: Ընդհակառակը, այն անփառունակ քահանան, Նիսի նախկին հոգեւոր հովիւ` Տ. Վաչէ Հայրապետեանը, որ ստոյգ պէտք է «կարգալոյծ» ըլլար, Նորվան Սրբազանի հրաժարական նամակին մէջ նշուած վկայութեան համաձայն, Գարեգին Բ. անոր սքեմը անամօթաբար համարած է իր անձին պատիւը:
     Իւրաքանչիւր հաստատութիւն, ցանկացած ընկերութիւն կամ կազմակերպութիւն, նոյնիսկ պետութիւններ` ունին համակարգ ընտրելու կամ նշանակու համար իրենց պատասխանատու նախագահը, առաջնորդը, ղեկավարը կամ տնօրէնը: Ձախորդութեան, չարաշահումի կամ վստահուած պաշտօնը չարդարացնելու պարագաներուն նոյն այդ կազմակերպութիւնները միաժամանակ ստեղծած են նաեւ համակարգ մը զրկելու համար իրենց նախագահը, առաջնորդը, ղեկավարը կամ տնօրէնը համապատասխան պաշտօնէն:
     Եզր կաթողիկոսէն եւ Յովհաննէս Ը. Կարբեցիէն ետք, Գարեգին Բ. եղաւ ամենաանժողովրդական, չսիրուած եւ, հակառակ իր շինարարական մեծամիտ ճիգերուն, եկեղեցաքանդ կաթողիկոսը: Գարեգին Բ. «ընտրուած», ներեցէք, ամերիկահայ իր հարճէն առատօրէն շռայլուած ընտրակաշառքներով գնուած է Ազգային-Եկեղեցական ժողովէն: Այսպէս կոչուած կաթողիկոսական իր «ընտրութիւնը» իրականացած է Ազգային Ժողովին մէջ պետական այրերու անարգ ոճիրին, անոնց թափած արեան անէծքին վրայ:
     Գարեգին Բ.ի կաթողիկոսանալը սկիզբէն արդէն պիղծ եւ անիծեալ եղելութիւն մըն էր: Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ Ազգային-Եկեղեցական Ժողովը, որ բացարձակ իրաւասութիւնը ունի ընտրելու կաթողիկոս մը, ունի նաեւ գերագոյն հեղինակութիւնը զայն գահընկեց ընելու: Կաթողիկոսի ծանր մեղանչումներու, յանցագործութիւններու եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիին սրբազան առաքելութիւնը վտանգելու առթիւ, ոեւէ հեղինակաւոր եպիսկոպոս մը կամ նոյնիսկ պատկառելի աշխարհական մը, այսպիսի անհրաժեշտութեան մը պարագային, իրաւասու է հրաւիրելու Ազգային-Եկեղեցական ժողովը, որ կը կազմէ Հայ Եկեղեցւոյ բացարձակ կրօնական եւ իրաւական հեղինակութիւնը:
     Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը այս մասին արձանագրած է անառարկելի քանի մը իրաւական նախադէպեր (jurisprudences): Սակայն Ազգային-Եկեղեցական Ժողովը, բառին բուն իմաստով, պէտք է ըլլայ ազատ, անաչառ, եւ զերծ ամէն տեսակ խեղաթիւրող ազդեցութիւններէ: Պետութիւնը պէտք չէ ճնշէ անոր, պէտք չէ պարտադրէ իր թեկնածուն, ինչպէս պատահեցաւ նախորդ երկու ժողովներուն առթիւ, այլ յարգէ պատգամաւորներու ազգային-եկեկեցական եւ հոգեւոր առաքելութիւնը: Այս պարագային միայն կ’ապահովուի Ազգային-Եկեղեցական Ժողովի «սրբագումար» ըլլալու հանգամանքը, այլապէս ան կը ծնանի վիժուածք մը, ինչպէս պատահեցաւ վերջինիս փաստով:
     Այսօր, աւելի քան երբեք, շատերու հայեացքը սեւեռած է Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի յուսալի հեղինակութեան վրայ: Ատենին, երբ Սահակ Բ. Խապայեան տարագիր դարձած էր Սիսի իր պատմական Աթոռէն, Գէորգ Ե. Սուրէնեան չէր զլացած իր օրհնութիւնը շնորհելու անոր, որպէսզի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը գոյատեւէ Լիբանանի Անթիլիաս աւանին մէջ, նաեւ ապագայի հեռանկարով` Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Ընդհանրական Հայրապետութեան ապահովութեան համար:
     Հիմա ժամանակն է, որ անպայման սահմանափակուի Գարեգին Բ.ի սանձարձակ հեղինակութիւնը եւ, ի հարկին, ապահովուի անոր գահընկէցութիւնը, կանխարգիլելու համար Հայ Եկեղեցւոյ դարաւոր կալուածէն ներս իրականացող հոգեւոր-բարոյական աւերը:
    
     Գանատայի Հայ Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ խումբ մը հաւատացեալներ
Продвижение этого поста
Статья опубликована в проекте Пресс-секретарь.
Зарегистрируйтесь и опубликуйте свои статьи.
Нравится
0
Не нравится
0
10259 | 0 | 0
Facebook