Loading...

Articles

Բաց նամակ ՀՀ Վարչապետ պարոն Նիկոլ Փաշինեանին

09:38, Monday, 09 July, 2018
Բաց նամակ ՀՀ Վարչապետ պարոն Նիկոլ Փաշինեանին
    

Ձեզի դիմողը սաղիմահայ բանաստեղծուհի Անուշ Նագգաշեանն է։

Վերջին ամիսներու քաղաքական փոփոխութիւնները հետաքրքրեց ոչ միայն մեր երկրին ու ժողովուրդին, այլև աշխարհը դաս առաւ, որ առանց արիւնայեղութեան ալ կարելի յեղափոխութիւն ընել և օտարները հիացմունքով արտայայտուեցան այդ մասին։ Ի զուր չկոչուեցաւ ԹԱՒՇԵԱՅ Եւ ՍԻՐՈՅ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ...։
     Դուք այդ յեղափոխութեան ոչ թէ հեղինակն էք կամ կազմակերպողը, ալև անոր Արքան։
     Այո, արիւն չթափուեցաւ, սակայն իմ սիրտս արիւն կու լայ սիրելի վարչապետ այս տողերս գրելու ժամանակ։

Նախ յստակացնեմ, որ ես քաղաքականութենէ հեռու մարդ եմ, ես սիրերգակ բանաստեղծուհի մըն եմ, երկար տարիներու հայոց լեզուի, գրականութեան և պատմութեան ուսուցչուհի, սակայն ձեր լռութիւնը վերջերս Մայր Աթոռի դէմ կատարուող անցուդարձերուն մեծ հարցական մը դրած է ուղեղիս մէջ «Յո՞ երթաս Հայոց Աշխարհ» ։ Արդարութեան համար էր ձեր պայքարը, ժողովուրդին շահերուն համար, ազգով և հայրենիքով մտահոգ բարձրաստիճան քաղաքական գործիչ մը ձեզի նման, ինչպէս կրնայ չմիջամտել միամսեայ այս տհաճ դէպքերուն, ուր ինչպէս ակնյայտ է արդէն այս շարժումը ոչ թէ Ն.Ս.ՕծութիւՆ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի դէմ է, այլև մեր Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիին դէմ։
     Յեղափոխութեան ամբողջ ընթացքին ես հայեացքս յառած Սուրբ Յակոբի գմբէթներուն աղօթեցի, որ Տէրը պահապան ըլլայ առաջին քրիստոնեայ ազգիս ու հայրենիքիս և այս յեղափոխութենէն արեան հոտ չիգայ։

Ես հետևեցայ ձեր բոլոր քայլերուն, հայ մօր և քրոջ սիրտս ուրախացաւ, յուզուեցաւ ձեր վերաբերմունքէն հանդէպ որդեկորոյս մօր, տասնամեայ աղջնակին ձեր ընդունելութենէն, բայց մանաւանդ ձեր հայրական հոգատարութիւնէն հայ զինուորին, որ կը պաշտպանէ հայրենիքն ու եկեղեցին, դեռ երկար է շարքը ձեր ազնիւ քայլերուն։ Իմ ուրախութիւնն ու սրտի գոհունակութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին երբ ձեր տարեդարձին այցելեցիք և օրհնութիւնն ու թանկարժէք նուէր մը՝ Աւետարանը ստացաք Վեհափառ Հայրապետէն։
     Սակայն այս բոլորին հետ կարգ մը արտայայտութիւններ հանելուկ մնացին ինծի համար, որոնցմէ մէկը, որ «Պետութիւնն ու եկեղեցին անջատ են» ։Նոյնիսկ խորհրդային տարիներուն այդպիսի արտայայտութիւն ես չեմ լսած։ ՄԵՐ ՈՒԺԸ ՄԵՐ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ Է։
     Օտարութեան մէջ հայուն հայրենիքն ու պետութիւնը եկեղեցին եղաւ։ Մենք եկեղեցիով զօրաւոր զգացինք, ամուր մնացինք, հայութիւն պահեցինք, հայ քրիստոնեայ ապրեցանք։
     Ապրելով ոչ քրիստոնէական երկիրներու մէջ, ոչ քրիստոնեայ լուծերու ներքև մենք մեր քաղաքացիի տիպար օրինակով պարտադրեցինք յարգեն մեզի և ոտնակոխ չ՛ընեն մեր իրաւունքները։ Երբ հարցեր ծագած են մանաւանդ եկեղեցիին հետ Երուսաղէմի մէջ, ոստիկանութիւնը իր պարտականութեան մէջ չէ թերացած։ Երուսաղէմի Հայոց Վանքէն Սուրբ Յարութեան Տաճար ոստիկաններ կ՛առաջնորդեն և կը հետևին մեր թափօրին, խուսափելու համար տհաճ պատահարներէ։

Այսօր Էջմիածինի հոգևոր տարածքը իբր «ներխուժողներէ» պաշտպանող ոստիկանները այլ տպաւորութիւն կը ձգեն, անոնք ոչ թէ իրենց գործը կ՛ընեն, այլ՝ ամբողջովին ուրիշ հրահանգ կը կատարեն։ Եթէ նոյնիսկ պետութիւնն ու եկեղեցին անջատ են, բայց չէ՞ որ Մայր Աթոռը հարևան երկիր չէ, այլ Հայաստանի տարածքին մէջ կը գտնուի, ուրեմն պետութիւնը պարտաւոր է անոր անվտանգութիւնն ու անդորրութիւնը ապահովել։
     Սիրելի Վարչապետ Հայաստանի Հանրապետութեան, եօթ միլիոն կազմող Սփիւռքը չի կրնար անտարբեր նայիլ հայ եկեղեցիին դէմ կատարուող այս վարկաբեկումին և խուժանութեան։

Ձեր ջերմ հրաւէրը հայրենիք գալու կասկածի տակ կը դնէ արդէն մեզի, երբ կը լսենք թէ կրօնի ու հայոց պատմութեան պահերը ոչ թէ կը կրճատուին այլ կը վերանան հայրենի դպրոցներէն։
     Եկեղեցին մեր գոյատևման հիմնաքարն է, օտար ուժերու գործակալ մասնագէտներ ուզեցին ջնջել մեր պատմութիւնը Պատմահօր Խորենացիին հինգերորդ դարէն եօթներորդ դար տեղափոխել փորձելով։ Իսկ արդեօք մե՞նք, մե՞ր ձեռքով պիտի վերացնենք մեր պատմութիւնն ու սուրբ հաւատը...
     Մենք չենք ուզեր, որ մեր զաւակները մեծնան առանց պատմութեան և հաւատքի, որուն պիտի յաջորդէ Հայոց Լեզուին վերացումը, կը վախնամ որ աևմտահայերէնի նման արևելահայերէնն ալ պիտի անցնի մեռած լեզուներու շարքին։
     Մենք պէտք չունինք արևմտեան բարքերով և սովորութիւններով հայրենիք մը, այդ պարագային ինչու ձգենք տուն-տեղ ու հետևինք ձեր տուն կանչին երբ մենք պայքարելով այդ սովորութիւններուն ու բարքերուն դէմ մեր եկեղեցիներուն կողքին կ՛ապրինք ամուր և հանգիստ մեր երկիրներուն մէջ ապահովագրուած բժշկութեամբ և կենսաթոշակով։
     Կտրած են մեր լեզուն, տեղահանած են մեզի, լռութեան մատնած են մեր պատմութիւնը բայց ոչինչ կրցած է շարժել մեր անսասան և անկոտրում հաւատքը։

Հաւատալով և վստահելով ձեզի կը խնդրեմ ձեր թաւշեայ փայտիկով ընդմի՛շտ հեռացուցէք խանգարող ուժերը, մեր եկեղեցին տկարացնել փորձող միջամտութիւնները, մեր ժողովուրդին հաւատքին հետ խաղալ փորձողները, հեռացուցէք մեր ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՍՐԲՈՑ ՄԱՅՐ ԷՋՄԻԱԾԻՆԷՆ և մի ձգէք փորձեն պղտորել իւղը Արագածի կատարին կախուած Լուսաւորչի Կանթեղին... Պետութիւններ, թագաւորութիւններ, կայսրութիւններ կու գան ու կ՛երթան, մեր հաւատքը փոթորիկներու դիմացած է, այս մէկուն ալ կը դիմանայ, ամբողջական ՍՈՒՐԲ ԳԵՂԱՐԴը պահապան է մեզի, բայց ձեր միջամտութեամբ թող վերջ գտնէ այս փոթորիկը, եթէ ոչ պետութիւնը մեղսակից պիտի համարուի պատմութեան և սերուդներուն առջև։
    
    

Յարգանքով՝
     Դոկտ. Անուշ Նագգաշեան

Source: facebook.com
Promote this post
The article published in the Spokesperson project.
Sign up and publish your articles.
Like
0
Dislike
0
4203 | 0 | 0
Facebook