Պահերու խաբկանքներով հիւսուած կեանքի ընթացքին
Երբ դեռ լռելու կարողութիւնը չէի կորսնցուցած
Ֆրիկին ու Քուչակին հանդիպեցայ
Հարցուցի
Կըրնամ անստորագիր միտքեր գրել
Ըսին
Երբ սորուիս խցանուած փողոցներով ընթանալ
Երբ սորուիս ծովերուն վրայ քալել
Երբ փորձես ժամանակը շրջանակի մէջ առնել
Մինչդեռ ես միամտաբար կը հաւատայի թե
Ամէն հանճարի ու սրիկայի ազգակիցն եմ
Մինչ դեռ ինձ կը համոզեին թե
Հոգ չէ որ գերեզմաններու այտերը համբուրելու համար
Անտառ մը մացառ կը ոչնչացնենք
Իսկ ան որ բեմեզրին հազիւ կեցած
Չըերգուող երգերը նուագի կը վերածէ
Ուր մեր պապերուն յիշատակները շարունակաբար կըպղծեն
Կը լարէ երազները զարթուցիչին զէրօյին վրայ
Քազինօներ քազինօներ
Դեսպանատուն-մարկետներ
***անոցներ ***անոյշներ
Արուեստներու խորհրդականներ
Ժամանակի բնաւ կարիք չունին
Քանի Հայոց Ժամանակն ալ սեփականաշնորհուած է
Ու այնպէս բազմած են աթոռներուն
Կարծէս աթոռը հազարամեակ մը սպասած էր
ասոնց պարարտ հետոյքներուն փաթթուելու
Հիմայ երբ լեզուի հիմնասիւները խախտուած են
բոլշևիկեան ջանադրութեամբ
երբ կը ջանան մեր կորուստները քողազերծել ծաղրով ծանակով
հետաքրքիր է Արեգակը հովանոց կը գործածէ?
կամ կընայ համրել կարկուտի ապտակներուն թիւը
կամ ցիրուցած աստղերու հայելիին մէջ
իր բռնկումներու պոռթկումներուն ընդմէջեն
չի? տեսնար մեր իրականութիւնը
իսկ Մեծ մայրս բերանը Նարեկ
համբերատար մեր մանկութիւնը կը հիւսեր
Բազմաձայն հայելի եմ
սեդրակ երկանեան
30.10.2017