Խնդրում ենք սպասել...

Հոդվածներ

«Պէտք էր պահէինք Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, ի շահ Ս․ Էջմիածնի»

Ազատ Խոսք
Մամուլի խոսնակ`
Ազատ Խոսք
00:52, չորեքշաբթի, 13 փետրվարի, 2019 թ.
«Պէտք էր պահէինք Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, ի շահ Ս․ Էջմիածնի»
     ՊՐՆ. ԷԴՄՈՆՏ ԱԶԱՏԵԱՆԻ ՏԽՐԱՀՌՉԱԿ ՅՕԴՈՒԱԾԻ ԱՌԻԹՈՎ
    
     Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, իր հիմնադրութենէն ի վեր, եղած է ու կը շարունակէ մնալ ապազգային կուսակցութիւն։ Ու այս իսկ պատճառաւ իր գոյութեան առաջին իսկ օրէն, հոսանքն ի վեր թիավարած է։ Եղած է «Հայաստանասէր, Էջմիածնասէր», ու այդ իսկ պատճառաւ, սովետներու ջաղացքին ջուր լեցուցած է, պարզապէս արտասահմանի մէջ իր գոյութիւնը պահպանելու համար։
     Կը յիշեմ, պատանեկութեանս ու երիտասարդութեանս տարիներուն, երբ ծննդավայրիս «յետադիմական» պատանիներուն, ու ապա երիտասարդներուն հետ ազգային ոգիով կը դաստիարակուէինք, իրենց ակումբներուն մէջ հաւաքուած «յառաջդիմական» երիտասարդ-երիտասարդուհիները "Après midi"ներով կը հաճոյանային։ Երբ պատահէր իրենց ակումբի մօտէն անցնէիք, մեր ականջին կը հասնէր օտար երգերու բառերն ու երաժշտութիւնը։ Ու այս կը կոչէին հայապահպանում։
     Մի քանի օրեր առաջ, ՌԱԿի "The Armenian Mirror-Spectator" անգլիատառ շաբաթաթերթի 18-19-րդ էջերուն մէջ, ՌԱԿի «կարկառուն ղեկավարներէն» Պրն. Էդմոնտ Ազատեան սխալաշատ ու բազմաթիւ անճշդութիւններով յօդուած մը գրած է, ուր առաջին հերթին կը զրպարտէ «Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ» Շարժման անդամները։ Ու ապա 63 տարիներու յետադարձ ակնարկով մը, կ'անդրադառնայ 1956-ի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի ընտրութեան հետ կապուած մանրամասնութիւններուն, մեղադրելով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը։ Վարկաբեկիչ խօսքեր հնչեցնելով նաեւ, Լուսահոգի Խորէն եւ Ղեւոնդ եպիսկոպոսներու հասցէին, "the notorious (հանրածանօթ, տխրահռչակ) Archbishop Khoren Paroyan and the wretched (թշուառական, եղկելի, անզգամ) Archbishop Ghevont Chebeyan", կրկնելով Երջանկայիշատակ Վազգէն Ա․ի կողմէ տրուած «Ողորմելի» վարկածը, Ղեւոնդ Եպս․ին (1956) ։
     Միւս կողմէ սակայն, «Էջմիածնասէր» յօդուածագրի ուշադրութենէն կը վրիպի այս օրերուն Մայր Աթոռ Ս․ Էջմիածնի շրջանակին մէջ երերող միասեռական հոգեւորականներու անուանացանկը։ Այս առիթով պիտի թելադրէի, որ Պրն․ Ազատեան անցեալը մոռնար, ու զբաղուէր ներկայով՝ նկատի ունենալով (հոգեւոր իմաստով) անմխիթար վիճակը Մայր Աթոռի։ Անցնող 63 տարիներու ընթացքին, մոխիրին տակ գտնուող կրակը վաղուց շիջած է։
     Նաեւ յիշեցնեմ, որ Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա․ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի վախճանումէն ետք, 1999-ին, ՀՀ պետական այրերը դիմելով Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին, հրաւիրեցին զինք բազմելու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Գահին վրայ, որ մերժուեցաւ Նորին Սրբութեան կողմէ։ Տակաւին վերջերս հաստատ մնալով իր համոզումին վրայ, դարձեալ մերժեց այս անգամ ՀՀ Վարչապետի պաշտօնակատար՝ Պրն․ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ եղած առաջարկը։ Հետեւաբար, անհեթեթութիւն է, Արամ Ա․ Վեհափառի անձը կապել «Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ» Շարժման հետ։ Առաջինի մասին կարող էք տեղեկութիւններ քաղել, Հոկտեմբեր 1999-ին Լիբանան այցելած Հայ Եկեղեցու Գործերի Խորհուրդի նախագահի տեղակալէն։ Իսկ երկրորդի մասին կարդալ «Պայքար» շաբաթաթերթի Փետրուար 10, 2019-ի խմբագրականը։
     Ամէն պարագայի, մանաւանդ Սփիւռքի մէջ ապրող Հայ Եկեղեցւոյ զաւակներուն համար շատ յստակ է Պրն. Ազատեանի ու ՌԱԿուսակցութեան գարեգինապաշտութեան դրդապատճառները, որ երբէք կապ չունի եկեղեցասիրութեան հետ։ Իր տխրահռչակ յօդուածով, Պրն. Ազատեան կը մոռնայ հակադաշնակցական շրջանակի կիներու սրբապղծումը, երբ 20 Փետրուար 1956-ին ու յաջորդ քանի մը օրերուն գրաւեցին Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը, ու անոր մէկ մասը ՊԷՏՔԱՐԱՆի վերածեցին։ Յիշեցումի կարգով նաեւ ըսեմ, որ Խորէն եւ Ղեւոնդ Սրբազանները նորաօծ Զարեհ Ա. Սքանչելիէն արքութեան պատիւ ստացան Հոկտեմբեր 21, 1956-ին։
     Այստեղ կ'արժէ անդրադառնալ այլ մէկ իրողութեան։ Մինչեւ Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա․ Յովսէփեանց Կաթողիկոս, «Պէտք էր պահէինք Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, ի շահ Ս․ Էջմիածնի», ու յանկարծ երբ հասաւ Կիլիկիոյ Ս․ Աթոռին նոր գահակալ մը ընտրելու պահը, յանկարծ պատկերը փոխուեցա՞ւ։ Դաշնակցութիւնն է՞ր մեղաւոր, թէ Լուսահոգի Խադ Արք․ Աջապահեանի չընտրուիլը։ Եթէ յանկարծ սովետները արտասահմանի «յառաջդիմականներու» ջանքերով յաջողէին իրենց թեկնածուն բազմեցնել Սիսի դարաւոր Գահին վրայ, ո՜չ Երջանկայիշատակ Վազգէն Ա․ Սրբազնագոյն Հայրապետը կը հեռանար Անթիլիասի Մայրավանքէն, եւ ո՜չ ալ հակադաշնակցական միաբանները՝ արք․ եպիսկոպոս, եպիսկոպոս, վարդապետ եւ սարկաւագ։ Որովհետեւ այդ միաբանները եկեղեցւոյ ծառայութեան լծուած չէին, այլ սովետին, «Սովետական ազատ, անկախ Հայաստան» ին։ Իսկապէս ծիծաղելի։ Սովետական ըլլալով, կը կոչէին՝ ազատ, անկախ։
     Յարգելի՜ յօդուածագիր, գաղափարախօսութեամբ՝ Ազատական, ծածկանունով՝ Ազատեան, սակայն ոչ այդքան ազատ պէտք է զգաք դուք Ձեզ, երբ գրիչ կը շարժէք։ Ճիշդ է, որ 1980ական թուականներուն, ՌԱԿի մամուլը լռեցնող Լուսահոգի Եղիշէ Սրբազան Պատրիարք Տէրտէրեանը Փետրուար 1, 1990-էն ի վեր հեռացած է այս աշխարհէն, սակայն այդ չի նշանակէր, որ ասպարէզը Ձեզի մնացած է։ Եղէ՜ք անաչառ։
    
     Յարգանքներով՝
     Զարեհ Աւագ Քահանայ Սարգիսեան
Առաջխաղացնել այս նյութը
Նյութը հրապարակվել է Մամուլի խոսնակի շրջանակներում:
Գրանցվի՛ր և հրապարակի՛ր քո հոդվածները:
Հավանել
0
Չհավանել
0
3202 | 0 | 0
Facebook