Խնդրում ենք սպասել...

Հոդվածներ

Ազգային-Եկեղեցական Ժողովը ամբողջական իրաւասութիւնը ունի իր իսկ ընտրած կաթողիկոսը աթոռազրկելու

Ազատ Խոսք
Մամուլի խոսնակ`
Ազատ Խոսք
21:46, երկուշաբթի, 17 սեպտեմբերի, 2018 թ.
Ազգային-Եկեղեցական Ժողովը ամբողջական իրաւասութիւնը ունի իր իսկ ընտրած կաթողիկոսը աթոռազրկելու
     ՉԱՐԱԲԱՍՏԻԿ ԲԱՑԹՈՂՈՒՄ ՄԸ
    
    

Մինչեւ 27 Հոկտեմբեր 1999 թուականը, Ազգային-Եկեղե­ցական Ժողով հասկա­ցութիւնը գոնէ մեր սերունդին վրայ կը թողուր խորհրդաւոր իրադարձութեան մը տպա­ւորու­թիւնը։ Պատմական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող եւ սովորական ժո­ղովներէն գե­րազանցապէս բարձր՝ արտակարգ երեւոյթ մը ըլլալու էր ան։ Յիրաւի՛, ա­նոր գու­մարումով կարծէք կ’իրակա­նանար ազգային-եկեղեցական մեծահանդէս տօնի մը նշու­մը, ուր տեսանելի եւ շօշափելի իրողու­թեամբ, նաեւ իմաս­տային լիարժէք տա­րողութեամբ իր ամբողջական արտայայտութիւնը կը գտնէր Հայց. Առաքելական Ս. Ե­կե­­ղեցւոյ եւ հայ ժողո­վուրդի սրտառուչ միութիւնը։ «Սրբագումար» վերադիրը, որ վա­ղուց ի վեր սոյն ժողովի անուան որակական մէկ յատկանիշը կը կազմէր, զայն միան­գա­մայն կը բարձրացնէր առօրեայ երեւոյթներու կարգա­վիճակէն ու կը կանգնէր հայու հաւաքական գիտակ­ցութեան դիմաց պատկառանք պարտադրող, իսկ հոգիին մէջ եր­կիւ­ղած զգացումներ առթող առանձնայատուկ մակարդակի մը վրայ։ Արդարեւ, իւրա­քան­չիւր հայ, ըլլայ ան հաւատացեալ կամ ոչ, թէկուզ այլախոհ կամ անաստուած մը, իր էութեան մէջ կ’ըմբռնէ, որ Հայց. Առաքելական մեր մայր եւ Ս. Եկե­ղեցին մեր ազգա­յին գոյութեան հոգեւոր-բարոյական ոսկեձոյլ յենա­սիւներէն մին է։

Այս սրբագումար ժողովի պատմական նշանակութիւնը կը կայանար նաեւ այն իրողութեան մէջ, որ անոր կազմութիւնը կը գոյանար ոչ միայն Հայաստանի եւ Արցա­խի թեմերէն ընտրուած պատգամաւորներու, այլեւ գաղթաշխարի՝ այսինքն ամբողջ հայ սփիւռքով մէկ տարածուած Հայց. Առա­քելական Ս. Եկե­ղեցւոյ նուիրապետական աթոռ­ներու եւ էջմիածնական թեմերու ներկայացուցիչներու մասնակցու­թեամբ։

Այսպէս, Ազգային-Եկեղեցական սրբագումար Ժողովին առնուած որոշումնե­րուն եւ բա­նաձեւերուն մէջ ճշմարտապէս կը դրսեւորուէր Հայց. Առաքելական Ս. Եկե­ղեցւոյ միասնութեան եւ հայ հաւատացեալ ժողովուրդի բացարձակ կամքի եւ միաս­նակա­նութեան սկզբունքը՝ ազգովին դիմագրաւել կարենալու համար ժամանակի նոր մարտահրա­ւէրները, միաժամանակ՝ իրագործելու համազգային գերագոյն նպատակ­ներու հետա­պնդումը, ի խնդիր Հայ Եկեղեցւոյ զօրացման, կենսունակութեան եւ պայ­ծառութեան։

Բայց, եղո՜ւկ, վերոյիշեալ 27 Հոկտեմբեր 1999 թուականը իր բիրտ եւ արիւնալի հարուածով խորտակեց մեր հոգեւոր ընկալումներու խորհրդանոցին մէջ պահպան­ուած Հայց. Առաքելական Ս. Եկե­ղեցւոյ Ազգային-Եկեղեցական սրբագումար Ժողովի մը այդ դիւ­թիչ եւ միւռոնաբոյր անօթը։ Հուսկ, հետզհետէ վերահասու դար­ձանք, թէ ինչ­քան փխրուն եւ դիւրաբեկ է եղեր մեր «սրբագումար» յորջորջուած ժողովը՝ իշխա­նութեանց ձեռքով հեշտութեամբ չարափոխելի եւ գորշ վարագոյրներու ետին անոր կանխորոշ­ուած արդիւնքը ընդամէնը «երեսուն արծաթով» վաճա­ռելի։

Այս առնչութեամբ ինչքան պատկերաւոր, արդարեւ, երբեմն նոյնքան ներկայի մեր եկեղեցական տխուր իրականութեան համապատասխանող խօսք մըն է ըսելը. «Ժո­­ղովրդավարու­թիւնը համակարգ մըն է, որ մեզի առիթ կու տայ ընտրելու մեր սե­փա­կան բռնակալը» ։ Եւ ճիշդ այդպէս, ազգովին խաբուեցանք, ենթարկուեցանք կազ­մա­կերպուած չարափո­խումներու՝ հարկադրուելով կամայ թէ ակամայ մեր անձին, մեր եկեղեցիին եւ ազգին վրայ ընտրելու մեզ կաշկան­դող, սպառնացող, բարոյապէս լլկող, մեր ազգին հոգեւոր պաշարը սնանկացնող ու զայն անհագօրէն կեղեքող իշխա­նա­­ւորը։

Ահաւասիկ այս պրիսմակին տակ ի յայտ եկաւ մեր համընդհանուր անզօրու­թիւ­նը, ան­կա­­րողութիւնը, անտարբերու­թիւնը, տխրահռչակ իրողութիւններու հետ ծոյլ դաշինք կնքելու պատրաստակամու­թիւնը, քաղաքացիական արիութիւն եւ նախան­ձա­խնդրութիւն ցուցաբերոլու պակասը, դիւրաւ դաւա­ճա­նելու հակումը, շատե­րուս մէջ նկարագրային կարծ­ր նստուածք դարձած ստր­կահոգու­թիւնը, կորա­քամակ ձեռք համբուրելու սովորու­թիւնը նաեւ անոնց, որոնք անար­ժան են ու յականէ յան­ուանէ անա­ռակաբարոյ ու սրբա­պիղծ։ Գուցէ ազգովին անկարող էինք առաջքը առնելու պա­տուհասին, սակայն հիմա նոյնքան եւ աւելի անկարող ենք հեղ մը ուղ­ղելու թոյլ տրուած սխալը, որ հետզհետէ ուժգնօրէն ցնցել սկսած է Հայ Եկեղեցւոյ սրբազան ուխ­տի եւ հաւատքի միաբանութեան հոգեւոր տաճարին կրանիտեայ հիմ­քերը։

Մեր եկեղեցւոյ վարչական կառոյցին մէջ նուիրագործուած ժողովրդավարական օրէն­քին ամրագրումը կը նկատէինք հայ հոգեւոր ու աշխարհիկ դասի միասնական եւ գերազանց նուաճումներէն մին։ Բայց, ափսո՜ս, այդ համակարգին մէջ տեսանելի է մեծ բացթողում մը, որ վերջերս շատ աւելի ակներեւ ու զգալի դարձաւ Հայաստանի մէջ տե­ղի ունեցող իրադարձութիւններով եւ կաթողիկոսի հրաժարականը պահանջող «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» բողոքի շարժումին ձեռնարկած գործողութիւն­նե­րով։

Մեր ժողովուրդը Հայ Եկեղեցւոյ վարչական կեանքին մէջ իր գործօն մաս­նակցութիւնը, բայց նաեւ կղերին հանդէպ հակակշռող ներկայութիւնը ապահովելու համար՝ դարերու ընդմէջէն ստեղծած է ժողովրդավարական փառահեղ համակարգ մը, այլ խօսքով, – թող ներուի մեզի այստեղ օգտագործել փոխաբերական օրինակ մը, –ան կա­ռուցած է շարժիչ հոյա­կերտ մեքենայ մը, որուն վրայ սակայն դժբախտաբար մոռցած է տեղադրելու արկածի ենթարկուելու վտանգը կանխարգիլող արգելակը։

Ազ­գային-Եկեղեցական Ժողովը կը հան­դիսանայ մեր եղեղեցւոյ վարչական ամենահեղինակաւոր եւ օրէնսդիր մարմինը, որու կազմութեան մէջ ճնշող մեծամաս­նութիւն կը կազմէ աշխարհական դասը։ Կաթողիկոսը իրեն վստահուած հո­գեւոր իշ­խա­նու­թեամբ ի պաշտօնէ պար­զապէս գործող առաջին սպասաւորն է այս սրբա­գու­մար ժողովին, որ թե­րացումներու, հա­ւատքէ անկումներու, հերետիկոսութիւննե­րու, հերձուածներ ստեղծելու, ազգային-եկեղեցա­կան կանոններուն եւ շահերուն դէմ գոր­ծե­լու փաստե­րու պարագային` եզա­կի եւ ամ­բող­ջական իրաւասութիւնը ունի նոյ­նիսկ նախապէս իր իսկ ընտրած կաթողիկոսը աթոռազրկելու։

Բնակա­նաբար, այս­պէս պիտի սրբագրուէին այն ծանրակշիռ սխալները, աղի­տալի պա­րա­գաները, ժամա­նակի վիժումները, որոնք կրնային յառաջանալ Հայ Եկե­ղեցւոյ հո­­գեւոր ու վարչական կալուածին մէջ։ Սակայն, Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեան եւ ցայսօր գործող կանո­նադրութեան համաձայն, կա­թողիկո­սական պաշ­տօնը ցկեանս է, իսկ Ազգային-Եկե­ղեցական Ժողովի պատգամա­ւորները կաթո­ղիկոս մը ընտրելու իրենց պարտականու­թիւնը լրացնելէ ետք՝ ինքնաբերաբար կը լուծարուին, նորաօծ ընտ­րեա­լին վստահելով հայոց հոգե­ւոր ածուն առաջնորդելու առա­քելութիւնը։

Բայց ցաւալին այն է, թէ միակ անձը, որ իրաւասութիւնն ունի վերակոչելու Ազ­գային-Եկեղեցական Ժողովի մը կազմութիւնը՝ կաթողիկոսն է, կամ՝ կաթողիկոսի վախ­ճա­նու­մի եւ, այս առթիւ, Աթոռի թափուր մնալու պարագային՝ եպիսկոպոսական ժողովին անունով՝ կաթողիկոսական տեղա­պահը։ Բնականաբար կաթողիկոս մը եր­բեք պիտի չհրաւիրէ իր հոգեւոր հեղինակու­թենէն առաւել հեղինակաւոր ժողով մը, ինչ­պիսին Ազգային-Եկեղեցական Ժողովն է, որ ըստ օրէնքի (de jure) եւ փաստա­ցիօ­րէն (de facto) միանգամայն իրաւասու է սահ­մանափակելու իր իշխանութիւնը կամ, այս պարագա­յին, զինք զրկելու իրեն վստահուած Աթոռէն։

Ահաւասիկ ճիշդ հոս կը գտնուի մեր եկեղեցւոյ ժողովրդավարական համա­կար­գին մէջ արդէն այսօր յոռեգոյն հետեւանքներու հասնող չարաբաստիկ բացթո­ղումը։

Արդարեւ, չարիքը վերացնելու մեր համազգային անզօրութիւնը, ի սկզբանէ (apriori) յանձ­­նուած ըլլալու պարտուողական ճնշող զգացումը մեզ ազգովին առա­ւել եւս կը դարձնեն բութ, մեկուսի եւ անտարբեր…

Այսուհետեւ մեր աշխարհիկ եւ հոգեւոր ներկայացուցիչներու սեպուհ առա­ջա­դրանքներէն մին պէտք է ըլլայ անպայման ստեղծել հեղինակաւոր եւ մնայուն մարմին մը, որ, անկախ կաթողիկոսի հոգեւոր պարտականութիւններէն, ունենայ վարչական բացարձակ լիազօրութիւն, ի պահանջել հարկին հրաւիրելու Հայց. Առա­քելական Ս. Ե­կե­ղեցւոյ Ազգային-Եկեղեցական Ժողովը՝ եկեղեցւոյ կեանքը լճացումէ դուրս բերելու, նոր ժամանակի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու, Հայ Եկեղեցւոյ պատմական առա­քելութիւնը ընկերային-հասարակա­կան արդի կալուածին՝ նոր աշ­խարհընկալման, լեզուամտածողութեան եւ արժեհա­մակարգին մէջ հոգեւոր ծառա­յութեան ճամբով ա­ռա­ւել եւս արդիւնաւորելու, Ս. Աւետարանի կենսահաղորդ պատ­գամը ժամանա­կա­հունչ դարձնելու, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հեղինակութիւնը եւ հայ­րենեաց ոգին սառնաշունչ հովերէ պաշտպանելու եւ զանոնք իրենց դարաւոր ու հնաւանդ, բայց միշտ թարմ ու հոգենորոգ ջերմութեամբ հայ երիտասարդ սերունդի սրտին մէջ բա­բախուն եւ զգալի պահելու համար։

Այս առումով յոյժ կարեւոր, այսօր աւելի՛ քան երբեք, մեզի պէտք է հոգեկիր եւ սրբա­կրօն հայրապետ մը, որ ըլլայ մեր եկեղեցւոյ ամենաշնորհալի, հաւատաւոր եւ տեսլապաշտ հոգեւորականներէն մէկը՝ իր անկաշառ հայրենասիրութեամբ, ժողո­վրդանուէր գործունէութեամբ, առաքինազարդ եւ անբասիր կենցաղով, հեզահամբոյր եւ բարեմոյն բնաւորութեամբ, մեր հոգեւոր-մշակութային արժէքներու նկատմամբ ու­նեցած իր անսահման սիրով եւ նուիրումով, համալսարանական բարձ­րագոյն եւ վկայ­եալ կրթութեամբ, մեր պատմական եկեղեցականներու, հո­գեւոր առաջ­նորդներու եւ առաջին լուսաւորիչներու՝ լուսապսակ հայրապետներու եւ եռամեծ վարդապետ­ներու տեսիլքով ու կերպարով տոգորուած անձնաւորութիւն մը, որ շուտով նուաճէ բովան­դակ հայ ժողովուրդի անմնացորդ սէրն ու յարգանքը, նաեւ ամենակարեւորը՝ պար­տա­ւորեցնող վստահութիւնը։

Լուսա­ւորչի միած­նաէջ Ս. Աթոռին վրայ աստուածարեալ եւ ազգընտիր արժա­նաւոր կաթողիկոս մը միայն պիտի կարե­նայ նոր ու խոստմնալից էջ մը բանալ մեր ազ­գային-եկեղեցական նորագոյն տարեգրութեան մէջ։ Ան իր խոհուն մտքով, հա­մոզիչ խօսքով ու գործով վառ պիտի պահէ քրիստոնէական մաքուր հաւատքի, հայրենասի­րութեան եւ ազգասիրութեան անշէջ հրայրքը մասնաւորաբար մեր նոր սերունդի՝ հրաշալի երիտա­սար­­դութեան հաւատաւոր սրտին մէջ, զայն ուղղորդէ ճիշդ արդիւ­նաւորելու եւ ար­ժեցնելու իր գոյութիւնը ոչ միայն իր հայաշունչ տոհմիկ միաջավայ­րին, այլ նաեւ միջազգային հանրութեան մէջ։ Հայը ո՛ւր որ ալ գտնուի, մայր հայրենիքի թէ տարագիր աշխարհի հեռաւոր վայրերուն մէջ, Հայ Եկեղեցիին ճամբով պարտի ջերմ հաւատք եւ վստահութիւն ունենալ իր դարաւոր՝ պատմական ու ներկայ հայ­րենիքին, ազգին ու պետութեան ապագային վրայ. սիրէ զանոնք անհուն սիրով, եւ իր բովանդակ կարողութիւնները ի սպաս դնէ անոնց հզօրացման, բարգաւաճման, ան­վտանգութեան եւ պաշտպանութեան գործին։ Անոր գիտակցութեան եւ ոգիին մէջ նաեւ խո­րաքանդակ դրոշմուած պէտք է մնայ հայոց պահանջատիրութեան անժաման­ցելի ուխ­տը՝ հասնելու միջազգային հանրութեան եւ յատկապէս Օսմանեան Կայսրու­թեան իրա­ւա­կան ժառանգորդ թրքական հանրապետութեան կողմէ Ցեղասպանու­թեան ամբողջական ճանաչ­ման եւ լիարժէք հատուցման ար­դար իրագործումին հաս­նե­լու։ Արդարեւ, սոյնը մեր հա­մազգային գոյապայ­քարի բարձրագոյն եւ առաջնահերթ նպա­տակներէն մէկն է, որուն ոգեշնչող եւ յառա­ջամարտիկ ռահվիրաներէն մին պէտք է հանդիսանայ Հայոց հայրապետը։ Ան պէտք է կարենայ բարձր պահել Ս. Էջմիածնի դա­րաւոր ու պատմական Աթոռին հմայքը, ոչ թէ իբրեւ անկենդան յուշարձան մը, վաղն­ջական քարացած հաստատութիւն մը՝ զուրկ կեանքէ, հրապոյրէ եւ զօրութենէ, այլեւ ընդդի­մամարտ՝ արտաքին բոլոր ուժերուն դէմ, մեր ժողո­վուրդի կեանքին մէջ գործող ազդու եւ մնայուն առաքելութիւն մը՝ Աւետա­րանի լոյսը մութ սրտերէ ներս թափան­ցող, իր սրբութեամբ հոգիները ազնուացնող, մա­քուր խիղճ եւ ամուր նկարա­գիր կեր­տող գերազանցօրէն ազգային-հոգեւոր ժառան­գու­թիւն մը։

Երբ թղթատենք Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան էջերը, հոն կը հանդիպինք եր­կարաձիգ շարքի մը մեծ ու փառահեղ հայրապետներու, որոնց առաքելական կոչումին գերազանց խորհրդանիշը եւ գործին բազմարդիւն վաստակը Մեծի Տանն Թորգոմայ հաւատքի միութեան պահպանութեան արժանահաւատ երաշխիք տալը կազմած է։ Քա­ջարթուն եւ անձնուէր հովուապետի մը առաջին եւ ամենանուիրական յանձնառու­թիւնը իրեն վստահուած հօտին միութեան պահպանութիւնն է եւ, արդարեւ, այդ իսկ է իր կաթողիկոսական ուխտադրութեան կարգին առանձնայատուկ իմաստն ու նշա­նակութիւնը։ Միւս բոլոր բարե­մասնութիւն­ներն ու շնորհները, ըլլան անոնք շինարա­րական աշխուժութիւն կամ այլ առաւելութիւններ, որոնցմով օժտուած կրնայ ըլլալ ենթական, երկրորդական կը նկատուին, քանի որ ատոնք գուցէ ուրիշ ոեւէ մէկն ալ պիտի կա­րենար ունենալ։ Այլեւ զինք յատկանշող եւ ուրիշներէ տարբերող մեծութիւնը այն հզօր պատասխանատուութեան ընկալ­ման եւ իրագործման մէջ կը կայանայ, որ իբրեւ հովուապետ Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ իրեն վստահուած հօտը իմաստութեամբ հով­ուէ եւ անոր անքակտելի միու­թիւնը պահէ ամբողջական եւ խաղաղութեան մէջ։ Հետեւաբար, ոչ թէ անհեռատես նկրտումներով, մենատիրութեան անզուսպ հա­կում­նե­րով եւ հեղինակութիւն պարտադրելու բռնազբօսիկ պոռթկումներով Հայ Եկեղեցւոյ ուխտի միաբանութեան անդաստանէն ներս բաժանումներու, հերձուածողական շար­ժում­ներու եւ տարատեսակ գայթակղութիւններու տեղիք պէտք է տայ, այլ հայրական գորովագութ մօտեցումով, քաւող սիրով եւ հաշտարար ոգիով պիտի ջանայ բուժել Հայ Եկեղեցւոյ մարմնոյն վրայ բացուած նորագոյն վէրքը, վերստին անոր մայրական գոգը առաջնորդէ յուսալքութենէ խոնջած եւ երբեմն իր անհաղորդ գաղջութեան դէմ ընդ­վզած իր սի­րասուն զաւակները, եղբայրսիրութեան համակ եւ փոխադարձ ընդառա­ջումներով սերտացնէ Մայր Աթոռի եւ մեր նուիրապետական միւս Աթոռներու, նաեւ թեմական առաջնորդութիւններու միջեւ սրտագին փոխյարաբերութիւնները, անա­ղարտ պահէ մեր եկեղեցւոյ առաքելաւանդ կարգն ու կանոնը, մեր ազգային-եկեղե­ցական հինաւուրց աւանդութիւնները, մեր եկեղեցւոյ ինքնուրոյնութիւնը, ազգային նկա­րագիրը, ուղղափառութիւնը, ժողովրդավարական սկզբունքները, ազգանուէր ու հայրենանուէր ոգին։

Թող ամենաողորմածն Աստուած իր երկնապարգեւ օրնութիւններն ու շնորհնե­րը սփռէ հայ մտքին ու հոգիին վրայ, իսկ Հայց. Առաք. մեր մայր եւ Ս. Եկեղեցին Աս­տուծոյ թագաւորութեան բարիքներովը ճոխացած՝ մնայ միշտ իր կոչման բարձրու­թեան վրայ, ու ինչպէս անցեալին, նաեւ այսօր անվթար առաջնորդել կարենայ մեր ազ­գային գոյութեան հոգեւոր նաւը ժամանակի պահանջներու եւ արդի մարտահրաւէր­ներու ամեհի կոհակներուն դիմաց։


    

Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան


    

Ի տօնի սրբուհւոյ Աստուածածնի ծննդեան յԱննայէ

Ժընեւ, 8 Սեպտեմբեր 2018

Առաջխաղացնել այս նյութը
Նյութը հրապարակվել է Մամուլի խոսնակի շրջանակներում:
Գրանցվի՛ր և հրապարակի՛ր քո հոդվածները:
Հավանել
0
Չհավանել
0
4720 | 0 | 0
Facebook