Խնդրում ենք սպասել...

Հոդվածներ

Հայոց հոգեւոր երկնակամարի արծիւները

Ազատ Խոսք
Մամուլի խոսնակ`
Ազատ Խոսք
21:33, շաբաթ, 18 օգոստոսի, 2018 թ.
Հայոց հոգեւոր երկնակամարի արծիւները

Կար ժամանակ, երբ բարձրաթռիչ արծիւներ կը սաւառնէին հայոց հոգեւոր երկնակամարին վրայ։ Անոնց մէջէն լուսակարկառ եւ սուրբ գահակալներ կու գային բազմելու Միածնաէջ Աթոռին վրայ, որոնց առաքելական կոչումին գերազանց խորհրդանիշը եւ գործին բազմարդիւն վաստակը Մեծի Տանն Թորգոմայ հաւատքի միութեան պահպանութեան արժանահաւատ երաշխիքը կը կազմէր։ Արդարեւ, անոնք սրբալոյս միւռոնով օծուն իրենց անձին վրայ միշտ թարմօրէն դրոշմուած կը պահէին աստուածարեալ հայրապետ եւ ազգընտիր հովուապետ մը ըլլալու լիարժէք ճշմարտութիւնը։ Բայց, աւա՜ղ, մթագնեց երկնակամարը հայոց, 27 Հոկտեմբեր 1999-ը հայրենի մթնոլորտը անասելի ոճիրով մը խեղդեց, ընթացք տալով անէծքով լի չարագուշակ ժամանակներու՝ բռնազաւթման, ազատազրկման, կեղեքումի, ստրկացումի, հալածանքի, մենատիրութեան, ժողովրդավարական կարգերու եւ կանոններու ոտնահարման, յանցագործ ընթացքի, քմահաճ գործելաոճի եւ ամօթալի սրբապղծութեան…

Ո՞ւր էին այն կորովաբիբ արծիւները, որոնք երկնառաք շնորհներով կը վերահսկէին եւ զգօնութեամբ կ’առաջնորդէին դարերու երկունքներուն ընդմէջէն ծնունդ առած արեւելեան հոգեւոր մշակոյթով եւ աւանդութիւններով ճոխացած Եկեղեցին Հայոց՝ թոյլ չտալով, որ խամրի անոր ուղղափառ հաւատքին լոյսը եւ եղծուի անոր անձեռնմխելի սրբութիւնը։ Ու ահա՛, մեր հոգիի կիսաւեր ստուերին կը խառնուի մեր բոցեղէն շունչը, ձգտելով գէթ օր մը բարեկարգել եւ վերականգնել ադամանդեայ հրաշքը, որ կոչուած էր սերունդներ պահպանելու, կառուցելու ազգի մը անխոցելի ու անաղօտ հպարտութիւնը, բոլոր իրողութիւններէն վեր` մեր միածնաէջ եւ լուսակառոյց Հայաստանեայց Առաքելական Մայր եւ Ս. Եկեղեցին, իբրեւ «Տաճար Աստուծոյ եւ տուն աղօթից խնդրուածոց ամենայն հաւատացելոց եւ Աթոռ քահանայապետութեան» ։

Բայց այսօր, վա՜յ այն ինքնակոչներուն, որոնք այդ լուսաւէտ սուրբ Աթոռին սահմանները բռնաբարելով՝ զայն փորձեր էին զաւթել։

Առկայ լուսանկարները, որոնք վերջերս անակնկալօրէն ինծի հասան, առնուած են Պուէնոս Այրեսէն հայրենիք ժամանած հայ երիտասարդներու կողմէ 6 Յունուար 1980-ին, երբ երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսը Ս. Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան տօնի մեղսաքաւիչ եւ կենարար պատարագը կը մատուցանէր։ Աստուածարեալ մեծ Հայրապետին կողքին առընթերակայ սարկաւագի պաշտօնին մէջ կը գտնուի տողերուս հեղինակը։


     Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան
     Ժընեւ, 17 Օգոստոս 2018

Առաջխաղացնել այս նյութը
Նյութը հրապարակվել է Մամուլի խոսնակի շրջանակներում:
Գրանցվի՛ր և հրապարակի՛ր քո հոդվածները:
Հավանել
0
Չհավանել
0
3168 | 0 | 0
Facebook