Ու՞ր է մըր էրկիր հէ՜յ դուն սասունցի,
Ու՞ր է մըր սար հէ՜յ դուն լեռնցի,
Ինչո՞ւ չես կռուիր հէ՜յ դուն դիւցազուն,
Ինչո՞ւ կը վախնաս հէ՜յ դուն քաջարի:
Ու՞մ ձգած ես մըր տուն Սասունի,
Ու՞մ ձգած ես Կաթբաղբիւր Սասունի,
Ելի՛ր, ելի՛ր էրթանք մըր սար Սասունի,
Ելի՛ր էրթանք մըր վանք Մարութայ:
Մհեր կ’ելնէ իր փակ քարէն,
Դուն չե՞ս ելներ քու խոր քունէն,
Բողոք կու գա մըր սուրբ հողէն,
Դուն չե՞ս լսեր քու հօր ձայներ:
Ամէն հայեր քու պար կ’ուզեն,
Պարէ՛ ուժգին քու պար չքնաղ,
Ամէն հայեր քու երգ կ’ուզեն,
Երգէ՛ հպարտ քու երգ խրոխտ:
Հանէ՛, զա՛րկ թուր-կէծակիդ,
Զորե՛ղ, զա՛րկ թուրքի բազկին,
Վազէ՛, գնա՛ քու պաղ ջրին,
Գնա՛, հասի՛ր քու փառք հողին:
Վարդան Հովէեան