Սփիւռքի հայ համայնքներուն մէջ ազգայինինքնութեանպահպանմանն ու զօրացմանը, երիտասարդներու շրջանակին մէջհայոց լեզուի իմացութեան մակարդակի, հայկական կրթօճախներուուսուցիչներու, կրթական գործի պատասխանատուներու, ազգայիներգ ու պարի խումբերու ղեկավարներու որակաւորմանբարձրացմանը, Սփիւռքի ԶԼՄ-ներու, երիտասարդականկազմակերպութիւններու գործունէութեանը, ինչպէսնաեւ համայնքներու ինքնակազմակերպմանն աջակցելու նպատակով
ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը
Երեւանի պետական համալսարանի հետ համատեղ 2018 թուին կը շարունակէ իրականացնել «Սփիւռք» ամառնային դպրոց» ծրագիրը:
«Սփիւռք» ամառնային դպրոցէն ներս կ'անցկացուին դասընթացքներ հինգ ուղղութիւններով՝
1.Հայոց լեզուի արագացուած ուսուցում (Յուլիսի 01-28) . 2.Հայոց լեզուի ուսուցիչներու եւ կրթական գործի կազմակերպիչներու վերապատրաստում (Յուլիսի 01-28), 3.Երիտասարդ լրագրողներու վերապատրաստում (Յուլիսի 01-14), 4.Ազգային երգի խմբավարներու եւ պարուսոյցներու վարպետութեան դասընթացքներ (Յուլիսի 01-14), 5.Երիտասարդ առաջնորդներու եւ համայնքային գործի կազմակերպիչներու դասընթացք (Յուլիսի 01-14): «Սփիւռք» ամառնային դպրոց 2018» ծրագրի բոլոր դասընթացքները կ'անցկացուին հայերէնով: Մասնակցին կը տրուի հաւաստագիր, եթէ ան կատարէ իր կողմէ ընտրուած գործնական աշխատանքը՝ ստանալով յանձնաժողովի դրական գնահատականը, ինչպէս նաեւ դասընթացքի ժամանակ չունենալով երեք օրէ (կամ 9 դասաժամէ) աւելի բացակայութիւն: Բացի ծրագրուած տեսական ու գործնական դասերէն՝ կը կազմակերպուին նաեւ մշակութային ձեռնարկներ, այցելութիւններ Հայաստանի պատմական ու տեսարժան վայրեր, հանդիպումներ պետական, հասարակական, մշակութային գործիչներու, հոգեւոր այրերու հետ:
Ծրագրին՝ ի բացառեալ Հայոց լեզուի արագացուած ուսուցումէն, կրնան մասնակցիլ միայն 16 տարեկանէն բարձր սփիւռքահայերը, որոնք ՀՀ քաղաքացի չեն հանդիսանում (բացառութեամբ երկքաղաքացիութիւն ունեցող ՀՀ քաղաքացիներու) կամ մշտական բնակութիւն չեն ունեցած ՀՀ-էն ներս վերջին 10 տարուան մէջ: Առաջին անգամ մասնակցող սփիւռքահայերը կ'ապահովուին գիշերակացով (հնարաւոր է 2-6 մարդու համար նախատեսուած հիւրանոցային համարներով):
Այն սփիւռքահայերը, որոնք նախկինին մասնակցած են «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի դասընթացքներուն կրնան անվճար մասնակցիլ ընտրուած դասընթացքին՝ յաճախելով բոլոր դասերուն, սակայն անոնց գիշերակացը չ'ապահովուիր: Բնակութեան երկրէն Երեւան եւ հակառակ ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ դասընթացքէն դուրս երթեւեկութեան ծախսերը կը հոգան մասնակիցները:
Յայտերը կ'ընդունուին մինչեւ 2018 թուի Յունիսի 2-ը ելեկտրոնայինգրանցման տարբերակով: Անհրաժեշտ է մուտք գործել Ծրագրի պաշտօնական կայքի`
www.dss.am «Դպրոց» բաժնի հինգդասընթացքներէն իւրաքանչիւրի ենթաբաժնում գտնուող «Արձանագրուիլ» մասը: