Durun lütfen yüklemiyor...

Makaleler

Ռ. Հատտէճեան

22:11, pazartesi, 17 temmuz, 2017
Ռ. Հատտէճեան

Յիշելու կամ հասկնալու խնդիր_____
     _____________

Խմբագրատան մէջ ինծի համար ամէնէն բարդ ու անհաճոյ խնդիրներէն մէկն է յիշելու ստիպողութիւնը կամ անկարելիութիւնը:

Ո՛չ ոք պիտի հաւատայ եթէ ըսեմ որ ես միշտ ալ շատ տառապեցայ յիշողութեան տկարութենէ: Կեանքիս մէջ առնուազն հազար անգամ լսած եմ սա նախադասութիւնը.
     -Ինչ զօրաւոր յիշողութիւն ունիք, ինչեր ու ինչեր կը յիշէք ու կը պատմէք:
     Հազար անգամ լսած եմ բայց մէկ անգամ իսկ իրաւունք չեմ տուած այդպէս ըսողին, որովհետեւ ես բնաւ չեմ հաւատար որ զօրաւոր յիշողութիւն ունիմ: Ճիշդ է որ յաճախ կը պատմեմ բաներ ու բաներ անցեալէն ու ներկայէն, բայց ատիկա չի նշանակեր որ զօրաւոր յիշողութիւն ունիմ, որովհետեւ եթէ մէկ բան կը յիշեմ, տասը բան մոռցած եմ: Օ՜, եթէ ես ալ ունենայի այն զօրաւոր յիշողութիւնը զոր գիտեմ թէ ունին իմ կարգ մը բարեկամներս, անցեալէն ինչեր ու ինչեր կÿապրեցնէի թէ՛ թուղթի վրայ, թէ՛ մտքիս մէջ:
     Բայց եթէ խմբագրատան մէջ յիշողութեան գործողութիւնը զիս նեղ կացութեան կը մատնէ, յանցաւոր անպայման իմ յիշողութեան տկարութիւնը չէ: Շուրջիններէս ոմանք ալ այս խնդրին մէջ ունին դժուար հաւատալի յանցագործութիւն:
     Հեռաձայնը կը հնչէ:
     - Բարեւ, կ՝ըսէ դիմացէն խանդավառ ձայն մը:
     Բայց ո՞վ է, դեռ անունն իսկ չէ տուած ու այսքան սիրալիր կը խօսի հետս: Պահ մը կը ջանամ գտնել թէ ասիկա իմ ո՞ր մտերիմ բարեկամիս ձայնն է: Չեմ գիտեր: Կարծես գետնին տակը անցնելով կը հարցնեմ:
     - Ներողութիւն, բայց չկրցայ յիշել, ո՞վ էիք:
     Դիմացի կողմէն զարմանքի շեշտ մը կը լսուի: Խօսակիցս կը պատասխանէ.
     - Բայց ես Արթիւրն եմ:
     Արթի՞ւր: Այնքան մտերմիկ շեշտով ու կարծես շատ մօտիկ ընկերոջ մը անունը տալու պէս կուտայ այս անունը, որ ես դարձեալ կÿանճրկիմ ահաւասիկ: Բայց ինչ ընել որ այս անունն ալ բաւարար չէ: Աստուած իմ, ո՞ր Արթիւրը: Ես արդէն տասը հատ Արթիւր չեմ ճանչնար որ: Աւելին՝ մէկ Արթիւր իսկ չեմ յիշեր սա պահուն իմ մտերմիկ շրջանակիս մէջ: Ուրեմն մէկ կողմէ մտքիս մէջ Արթիւր մը կը փնտռեմ, մէկ կողմէ ալ ես ինծի կը բարկանամ թէ ինչու այսքան տկար յիշողութիւն ունիմ: Եւ ընելիք բան չկայ: Դարձեալ ամօթէս գետնին տակը անցնելու գնով կը հարցնեմ.
     - Ներողութիւն բայց ո՞ր Արթիւրը: Ձեր մականունը ի՞նչ էր:
     Յստակ կերպով կը զգամ որ դիմացինս քիչ մը կը խանգարուի, կը սրտնեղի որ չկրցայ ճանչնալ զինքը: Ան շատ վստահ էր որ ես զինքը անմիջապէս պիտի ճանչնայի ու ամէնէն խանդավառ բացագանչութեամբ պիտի ողջունէի իր առաջին «ալօ» ն: Չեղաւ: Դիմացինս թուքը կը կլլէ, կը խնդայ ու կուտայ մականուն մը: Արթիւր Այսինչեան:
     Այս անգամ աշխարհը գլխուս փուլ կուգայ: Ո՛չ թէ անոր համար որ ճանչցայ այդ Արթիւր Այսինչեանը: Այլ անոր համար որ այս անգամ ալ այս անունը ոչինչ յիշեցուց ինծի: Արթիւր Այսինչեան, Արթիւր Այսինչեան: Տէր Աստուած, այս անունը ոչինչ կը յիշեցնէ ինծի: Բայց ինչո՞ւ չեմ յիշեր երբ դիմացինս այնքան մօտիկ ու մտերմիկ բարեկամի մը նման կը խօսի հետս: Անիծեալ չըլլա՞յ իմ այս յիշողութեան տկարութիւնը: Հիմա շուարած եմ թէ ինչ պիտի ըսեմ: Դիմացինս խելացի է ու անմիջապէս կը հասկնայ:
     - Կ՝ երեւի թէ չկրցաք զիս յիշել:
     Շունչ մը կ՝ առնեմ դիմացէն նետուած փրկութեան այս գնդակին համար:
     - Հազար անգամ ներողութիւն կը խնդրեմ, կÿըսեմ, իրաւ ալ չկրցայ յիշել: Մեղք որ վերջերս շատ բան մոռնալ սկսած եմ: Մանաւանդ անունները: Տարիքիս պիտի վերագրէք ու ինծի պիտի օգնէք որ յիշեմ:
     - Ոչինչ, ոչինչ, կը պատասխանէ դիմացինս: Մենք ձեզի հետ չծանօթացա՞նք 2007 թուականին Հայաստանի Գրողներու Միութեան հաւաքոյթներէն մէկուն ընթացքին: Դէմ դիմաց նստած չէի՞նք, մօտաւորապէս տասը վայրկեան չխօսեցա՞նք իրարու հետ: Ես իմ խորին գնահատանքը չյայտնեցի՞ ձեր կատարած գործին համար: Ես այդ Արթիւր Այսինչեանինն եմ հա՜պա:
     Աստուած վկայ է որ դարձեալ ոչինչ կը յիշեմ, կÿերեւի թէ բոլորովին մոռցած եմ այդ մէկ անգամուան հանդիպումը, բայց հիմա այլեւս կը սկսիմ դիմել սուտի, դիմել դերասանութեան: Ձայնիս մէջ քիչ մը կեղծ խանդավառութիւն դնելով կը պատասխանեմ.
     - Այո՛, այո՛, կարծեմ հիմա կը յիշեմ: Այդպիսի հանդիպում մը ունեցած էինք, անշուշտ որ կը յիշեմ: Բայց գիտէք, ժամանակը անցաւ վրայէն եւ ես...
     - Ոչինչ, ոչինչ, խօսքս կը կտրէ խօսակիցս ու կը սկսի խօսքերու տեղատարափի մը, որուն կէսը կը հասկնամ, կէսը չեմ հասկնար՝ արագ խօսելո՞ւն համար, կամ տարբեր արեւելահայերէ՞ն մը խօսելուն համար, խօսելու իր որոշ թերութեա՞ն համար, թէ ոչ պարզապէս իմ ականջներուս անբաւարարութեան համար: Խօսակցութիւնը կը վերջանայ եւ եթէ սխալ չեմ հասկնար, կÿիմանամ որ խօսակիցս մօտ օրէն մեր քաղաքը պիտի գայ, մեզի ալ պիտի այցելէ, պիտի թարմացնէ մեր բարեկամութիւնը: Երբ ընկալուչը տեղը կը դնեմ, ես ինծի կը հարցնեմ.
     - Իմ յիշողութիւնը իսկապէս տկա՞ր է, թէ ոչ դիմացիններս ամէնէն հեռաւոր հանդիպումներն իսկ կը յիշեն երէկուան պէս:

«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» - Ռ. Հատտէճեան
     (Յուշատետր - 71)

Bu gönderiyi tanıtın
Makaleyi yayınlamağı hakkında bilgiler veriyoruz Basın sekreteri. Basın sekreteri projenin içinde.
Abone ol ve malalelerin yayınla:
Beğenmek
1
Beğenmemek
0
4380 | 0 | 0
Facebook