ՊԱՅՔԱՐ թերթի խմբագրութեան,
Թերթիդ մէջ վերջերս լոյս կը տեսնեն զանազան գրութիւններ, որոնց մէջ Մայր Աթոռի այժմու գահակալին դէմ պայքարը կը նոյնացուի Մայր Աթոռին, աւելին` Հայ Եկեղեցւոյ դէմ երեւակայական պայքարի մը:
ՊԱՅՔԱՐ-ը խօսնակներէն մէկն է կուսակցութեան մը, որուն մամուլը ՏԱՐԻՆԵՐՈՎ թոներով թուղթ սպառեց՝ գրելով մէկ ուրիշ ցոփակեաց ու աւազակ սքեմաւորի` Երուսաղէմի չարայիշատակ չպատրիարք Եղիշէ Տէրտէրեանի դէմ:
Դուրս կու գայ, որ տասնամեակներ ետք, նոյն ՌԱԿ-ը կը խոստովանի, որ ինք պայքարած է Երուսաղէմի պատրիարքութեա՞ն, կամ, առաւել եւս` Հայ Եկեղեցւո՞յ դէմ:
Կը փափաքէի իմանալ Ձեր կարծիքը այս աղաղակող հակասութիւն-անարդարութեան մասին: Նախընտրելի է, որ այդ կարծիքը հրապարակուի ՊԱՅՔԱՐ-ի էջերուն մէջ:
Գէորգ Եազըճեան
Երեւան, 3 սեպտեմբեր 2018