Loading...

Articles

«ՍՓԻՒՌՔ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑ 2018»

16:24, Tuesday, 20 March, 2018
«ՍՓԻՒՌՔ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑ 2018»
    

     Սփիւռքի հայ համայնքներուն մէջ ազգայինինքնութեանպահպանմանն ու զօրացմանը, երիտասարդներու շրջանակին մէջհայոց լեզուի իմացութեան մակարդակի, հայկական կրթօճախներուուսուցիչներու, կրթական գործի պատասխանատուներու, ազգայիներգ ու պարի խումբերու ղեկավարներու որակաւորմանբարձրացմանը, Սփիւռքի ԶԼՄ-ներու, երիտասարդականկազմակերպութիւններու գործունէութեանը, ինչպէսնաեւ համայնքներու ինքնակազմակերպմանն աջակցելու նպատակով ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը Երեւանի պետական համալսարանի հետ համատեղ 2018 թուին կը շարունակէ իրականացնել «Սփիւռք» ամառնային դպրոց» ծրագիրը:
     «Սփիւռք» ամառնային դպրոցէն ներս կ'անցկացուին դասընթացքներ հինգ ուղղութիւններով՝
     1.Հայոց լեզուի արագացուած ուսուցում (Յուլիսի 01-28) .
     2.Հայոց լեզուի ուսուցիչներու եւ կրթական գործի կազմակերպիչներու վերապատրաստում (Յուլիսի 01-28),
     3.Երիտասարդ լրագրողներու վերապատրաստում (Յուլիսի 01-14),
     4.Ազգային երգի խմբավարներու եւ պարուսոյցներու վարպետութեան դասընթացքներ (Յուլիսի 01-14),
     5.Երիտասարդ առաջնորդներու եւ համայնքային գործի կազմակերպիչներու դասընթացք (Յուլիսի 01-14):
     «Սփիւռք» ամառնային դպրոց 2018» ծրագրի բոլոր դասընթացքները կ'անցկացուին հայերէնով: Մասնակցին կը տրուի հաւաստագիր, եթէ ան կատարէ իր կողմէ ընտրուած գործնական աշխատանքը՝ ստանալով յանձնաժողովի դրական գնահատականը, ինչպէս նաեւ դասընթացքի ժամանակ չունենալով երեք օրէ (կամ 9 դասաժամէ) աւելի բացակայութիւն: Բացի ծրագրուած տեսական ու գործնական դասերէն՝ կը կազմակերպուին նաեւ մշակութային ձեռնարկներ, այցելութիւններ Հայաստանի պատմական ու տեսարժան վայրեր, հանդիպումներ պետական, հասարակական, մշակութային գործիչներու, հոգեւոր այրերու հետ:
     Ծրագրին՝ ի բացառեալ Հայոց լեզուի արագացուած ուսուցումէն, կրնան մասնակցիլ միայն 16 տարեկանէն բարձր սփիւռքահայերը, որոնք ՀՀ քաղաքացի չեն հանդիսանում (բացառութեամբ երկքաղաքացիութիւն ունեցող ՀՀ քաղաքացիներու) կամ մշտական բնակութիւն չեն ունեցած ՀՀ-էն ներս վերջին 10 տարուան մէջ: Առաջին անգամ մասնակցող սփիւռքահայերը կ'ապահովուին գիշերակացով (հնարաւոր է 2-6 մարդու համար նախատեսուած հիւրանոցային համարներով):
     Այն սփիւռքահայերը, որոնք նախկինին մասնակցած են «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի դասընթացքներուն կրնան անվճար մասնակցիլ ընտրուած դասընթացքին՝ յաճախելով բոլոր դասերուն, սակայն անոնց գիշերակացը չ'ապահովուիր: Բնակութեան երկրէն Երեւան եւ հակառակ ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ դասընթացքէն դուրս երթեւեկութեան ծախսերը կը հոգան մասնակիցները:
     Յայտերը կ'ընդունուին մինչեւ 2018 թուի Յունիսի 2-ը ելեկտրոնայինգրանցման տարբերակով: Անհրաժեշտ է մուտք գործել Ծրագրի պաշտօնական կայքի` www.dss.am «Դպրոց» բաժնի հինգդասընթացքներէն իւրաքանչիւրի ենթաբաժնում գտնուող «Արձանագրուիլ» մասը:
Promote this post
The article published in the Spokesperson project.
Sign up and publish your articles.
Like
0
Dislike
0
2588 | 0 | 0
Facebook