Loading...

Articles

Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ

07:20, Monday, 07 August, 2017
Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ

Մեր մայրենի լեզուն իսկապէս մահամերձի անկողնին մէջ է: Չենք ըսեր, որ մահը շատ մօտիկ է եւ մօտ օրէն աշխարհի վրայ հայերէն լեզու մը պիտի չմնայ: Մեր յոռետեսութիւնն ու անհանգստութիւնը մինչեւ հոն չ՛երթար բարեբախտաբար: Բայց պիտի ըսենք հետեւեալը. հայերէն լեզուն մահամերձի անկողնի մէջ է որպէս ընթացիկ ու գործածական լեզու, որպէս իր տէրերուն կողմէ փնտռուած ու գործածուած լեզու: Պիտի ըսենք, որ դարձեալ կը գտնուինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր հայերը կ՛ապրին, կամ կը ստիպուին ապրիլ, կամ կը նախընտրեն ապրիլ առանց մայրենի լեզուի: Ասիկա մայրենի լեզուի տագնապ է, ո՛չ թէ ինքնութեան տագնապ: Այլ խօսքով` հայկական ինքնութիւնը չէ՛ որ մահամերձի անկողնի մէջ է, հայերէն լեզո՛ւն է որ մահամերձի անկողնի կը ծառայէ: Առաջինը տակաւին իր ուժը կը պահէ բարեբախտաբար: Հայ մարդիկ հայախօս չեն, հայերէն չեն խօսիր, հայերէն չեն կարդար, բայց տէր կը կանգնին իրենց հայկական ինքնութեան: Ասիկա աղէտին մխիթարական կողմն է: Ինչ-ինչ հրաշալի հայեր կան, որոնք մէկ բառ իսկ հայերէն չեն խօսիր ու չեն կարդար, բայց կ՛ապրին հայ ժողովուրդի պատկանելիութեան մը ձեւաւորած կեանքի պայմաններու մէջ: Գանգատ չունինք անոնց ազգասիրութենէն: Ընդհակառակը: Ստիպուած ենք ընդունիլ, որ այսօր Հայաստանէ դուրս, այսինքն` Սփիւռք կոչուած լայն տարածութեան վրայ, Պոլիսն ալ ներառեալ, հակառակ որ մենք Պոլիսը կամ Թրքահայ տարածութիւնը Սփիւռք չենք կոչեր, մեր ազգային հաստատութիւններն ու մեր եկեղեցիները կը պահուին ու կը պահպանուին ընդհանրապէս այնպիսի հայերու կողմէ, որոնք հայախօս չեն: Ասիկա հրաշալի պատկեր մը կրնայ նկատուիլ, եթէ նայինք ազգային ինքնութեան ու ազգային ժառանգութեան պահպանումի տեսանկիւնէն: Բայց ասիկա կաղացող պատկեր մը կը դառնայ, եթէ նայինք մայրենի լեզուով սնուցուած հայասիրութեան ու ինքնաճանաչումի տեսանկիւնէն: Որովհետեւ կայ շատ դառն ճշմարտութիւն մը, զոր շատեր չեն տեսներ: Առանձինն ազգասիրութիւնը բաւարար չէ ազգային գոյատեւման հարցին մէջ: Իր ամբողջ հարստութիւնը Հայաստանեայց Եկեղեցիի մը կամ ազգային հաստատութեան մը նուիրող մարդը, կամ իր ամբողջ կեանքին մէջ հայկական հաստատութիւն մը ապրեցնելու նուիրած մարդը, որքան ալ ծափահարուի որպէս ազգասէր հայ մարդ, արմատական ու մնայուն նպաստ մը բերած պիտի չըլլայ հայկական ինքնութեան, եթէ ան իր հայասիրութեան ջուրը խմած չէ մայրենի լեզուի զուլալ աղբիւրէն: Որպէսզի տուած ըլլանք ամէնէն իրապաշտ օրինակը, ըսենք հետեւեալը: Եթէ մէկը ազգին եկեղեցի կը կառուցանէ ու եթէ ամբողջ կեանքին մէջ երջանկութիւն կը զգայ ազգին բարերարութիւն ընելով, բայց Միսաք Մեծարենցի մը լեզուն է եւ առանց Արեւմտահայերէնի, մեր ժողովուրդը կը կորսնցնէ իր հարստութեան առնուազն կէսը:

Հրաշքի մը կը կարօտինք, որպէսզի մեր մայրենի լեզուն դուրս գայ հիւանդի անկողնէն ու իրեն հետ տանի մեր գալիք սերունդները:

Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ

Promote this post
The article published in the Spokesperson project.
Sign up and publish your articles.
Like
1
Dislike
0
4959 | 0 | 0
Facebook