Ազգային-Եկեղեցական Ժողովը ամբողջական իրաւասութիւնը ունի իր իսկ ընտրած կաթողիկոսը աթոռազրկելու
ՉԱՐԱԲԱՍՏԻԿ ԲԱՑԹՈՂՈՒՄ ՄԸ Մինչեւ 27 Հոկտեմբեր 1999 թուականը, Ազգային-Եկեղեցական Ժողով հասկացութիւնը գոնէ մեր սերունդին վրայ կը թողուր խորհրդաւոր իրադարձութեան մը տպաւորութիւնը։ Պատմական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող եւ սովորական ժողովներէն գերազանցապէս բարձր՝ արտակարգ երեւոյթ մը ըլլալու էր ան։ Յիրաւի՛, անոր գումարումով կարծէք կ’իրականանար ազգային-եկեղեցական մեծահանդէս տօնի մը նշումը, ուր տեսանելի եւ շօշափելի իրողութեամբ, նաեւ իմաստային լիարժէք տարողութեամբ իր ամբողջական արտայայտութիւնը կը գտնէր Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի սրտառուչ միութիւնը։ «Սրբագումար» վերադիրը, որ վաղուց ի վեր սոյն ժողովի անուան որակական մէկ յատկանիշը կը կազմէր, զայն միանգամայն կը բարձրացնէր առօրեայ երեւոյթներու կարգավիճակէն ու կը կանգնէր հայու հաւաքական գիտակցութեան դիմաց պատկառանք պարտադրող, իսկ հոգիին մէջ երկիւղած զգացումներ առթող առանձնայատուկ մակարդակի մը վրայ։ Արդարեւ, իւրաքանչիւր հայ, ըլլայ ան հաւատացեալ կամ ոչ, թէկուզ այլախոհ կամ անաստուած մը, իր էութեան մէջ կ’ըմբռնէ, որ Հայց. Առաքելական մեր մայր եւ Ս. Եկեղեցին մեր ազգային գոյութեան հոգեւոր-բարոյական ոսկեձոյլ յենասիւներէն մին է։ Այս սրբագումար ժողովի պատմական նշանակութիւնը կը կայանար նաեւ այն իրողութեան մէջ, որ անոր կազմութիւնը կը գոյանար ոչ միայն Հայաստանի եւ Արցախի թեմերէն ընտրուած պատգամաւորներու, այլեւ գաղթաշխարի՝ այսինքն ամբողջ հայ սփիւռքով մէկ տարածուած Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու եւ էջմիածնական թեմերու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։ Այսպէս, Ազգային-Եկեղեցական սրբագումար Ժողովին առնուած որոշումներուն եւ բանաձեւերուն մէջ ճշմարտապէս կը դրսեւորուէր Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ միասնութեան եւ հայ հաւատացեալ ժողովուրդի բացարձակ կամքի եւ միասնականութեան սկզբունքը՝ ազգովին դիմագրաւել կարենալու համար ժամանակի նոր մարտահրաւէրները, միաժամանակ՝ իրագործելու համազգային գերագոյն նպատակներու հետապնդումը, ի խնդիր Հայ Եկեղեցւոյ զօրացման, կենսունակութեան եւ պայծառութեան։ Բայց, եղո՜ւկ, վերոյիշեալ 27 Հոկտեմբեր 1999 թուականը իր բիրտ եւ արիւնալի հարուածով խորտակեց մեր հոգեւոր ընկալումներու խորհրդանոցին մէջ պահպանուած Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Ազգային-Եկեղեցական սրբագումար Ժողովի մը այդ դիւթիչ եւ միւռոնաբոյր անօթը։ Հուսկ, հետզհետէ վերահասու դարձանք, թէ ինչքան փխրուն եւ դիւրաբեկ է եղեր մեր «սրբագումար» յորջորջուած ժողովը՝ իշխանութեանց ձեռքով հեշտութեամբ չարափոխելի եւ գորշ վարագոյրներու ետին անոր կանխորոշուած արդիւնքը ընդամէնը «երեսուն արծաթով» վաճառելի։ Այս առնչութեամբ ինչքան պատկերաւոր, արդարեւ, երբեմն նոյնքան ներկայի մեր եկեղեցական տխուր իրականութեան համապատասխանող խօսք մըն է ըսելը. «Ժողովրդավարութիւնը համակարգ մըն է, որ մեզի առիթ կու տայ ընտրելու մեր սեփական բռնակալը» ։ Եւ ճիշդ այդպէս, ազգովին խաբուեցանք, ենթարկուեցանք կազմակերպուած չարափոխումներու՝ հարկադրուելով կամայ թէ ակամայ մեր անձին, մեր եկեղեցիին եւ ազգին վրայ ընտրելու մեզ կաշկանդող, սպառնացող, բարոյապէս լլկող, մեր ազգին հոգեւոր պաշարը սնանկացնող ու զայն անհագօրէն կեղեքող իշխանաւորը։ Ահաւասիկ այս պրիսմակին տակ ի յայտ եկաւ մեր համընդհանուր անզօրութիւնը, անկարողութիւնը, անտարբերութիւնը, տխրահռչակ իրողութիւններու հետ ծոյլ դաշինք կնքելու պատրաստակամութիւնը, քաղաքացիական արիութիւն եւ նախանձախնդրութիւն ցուցաբերոլու պակասը, դիւրաւ դաւաճանելու հակումը, շատերուս մէջ նկարագրային կարծր նստուածք դարձած ստրկահոգութիւնը, կորաքամակ ձեռք համբուրելու սովորութիւնը նաեւ անոնց, որոնք անարժան են ու յականէ յանուանէ անառակաբարոյ ու սրբապիղծ։ Գուցէ ազգովին անկարող էինք առաջքը առնելու պատուհասին, սակայն հիմա նոյնքան եւ աւելի անկարող ենք հեղ մը ուղղելու թոյլ տրուած սխալը, որ հետզհետէ ուժգնօրէն ցնցել սկսած է Հայ Եկեղեցւոյ սրբազան ուխտի եւ հաւատքի միաբանութեան հոգեւոր տաճարին կրանիտեայ հիմքերը։ Մեր եկեղեցւոյ վարչական կառոյցին մէջ նուիրագործուած ժողովրդավարական օրէնքին ամրագրումը կը նկատէինք հայ հոգեւոր ու աշխարհիկ դասի միասնական եւ գերազանց նուաճումներէն մին։ Բայց, ափսո՜ս, այդ համակարգին մէջ տեսանելի է մեծ բացթողում մը, որ վերջերս շատ աւելի ակներեւ ու զգալի դարձաւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններով եւ կաթողիկոսի հրաժարականը պահանջող «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» բողոքի շարժումին ձեռնարկած գործողութիւններով։ Մեր ժողովուրդը Հայ Եկեղեցւոյ վարչական կեանքին մէջ իր գործօն մասնակցութիւնը, բայց նաեւ կղերին հանդէպ հակակշռող ներկայութիւնը ապահովելու համար՝ դարերու ընդմէջէն ստեղծած է ժողովրդավարական փառահեղ համակարգ մը, այլ խօսքով, – թող ներուի մեզի այստեղ օգտագործել փոխաբերական օրինակ մը, –ան կառուցած է շարժիչ հոյակերտ մեքենայ մը, որուն վրայ սակայն դժբախտաբար մոռցած է տեղադրելու արկածի ենթարկուելու վտանգը կանխարգիլող արգելակը։ Ազգային-Եկեղեցական Ժողովը կը հանդիսանայ մեր եղեղեցւոյ վարչական ամենահեղինակաւոր եւ օրէնսդիր մարմինը, որու կազմութեան մէջ ճնշող մեծամասնութիւն կը կազմէ աշխարհական դասը։ Կաթողիկոսը իրեն վստահուած հոգեւոր իշխանութեամբ ի պաշտօնէ պարզապէս գործող առաջին սպասաւորն է այս սրբագումար ժողովին, որ թերացումներու, հաւատքէ անկումներու, հերետիկոսութիւններու, հերձուածներ ստեղծելու, ազգային-եկեղեցական կանոններուն եւ շահերուն դէմ գործելու փաստերու պարագային` եզակի եւ ամբողջական իրաւասութիւնը ունի նոյնիսկ նախապէս իր իսկ ընտրած կաթողիկոսը աթոռազրկելու։ Բնականաբար, այսպէս պիտի սրբագրուէին այն ծանրակշիռ սխալները, աղիտալի պարագաները, ժամանակի վիժումները, որոնք կրնային յառաջանալ Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր ու վարչական կալուածին մէջ։ Սակայն, Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեան եւ ցայսօր գործող կանոնադրութեան համաձայն, կաթողիկոսական պաշտօնը ցկեանս է, իսկ Ազգային-Եկեղեցական Ժողովի պատգամաւորները կաթողիկոս մը ընտրելու իրենց պարտականութիւնը լրացնելէ ետք՝ ինքնաբերաբար կը լուծարուին, նորաօծ ընտրեալին վստահելով հայոց հոգեւոր ածուն առաջնորդելու առաքելութիւնը։ Բայց ցաւալին այն է, թէ միակ անձը, որ իրաւասութիւնն ունի վերակոչելու Ազգային-Եկեղեցական Ժողովի մը կազմութիւնը՝ կաթողիկոսն է, կամ՝ կաթողիկոսի վախճանումի եւ, այս առթիւ, Աթոռի թափուր մնալու պարագային՝ եպիսկոպոսական ժողովին անունով՝ կաթողիկոսական տեղապահը։ Բնականաբար կաթողիկոս մը երբեք պիտի չհրաւիրէ իր հոգեւոր հեղինակութենէն առաւել հեղինակաւոր ժողով մը, ինչպիսին Ազգային-Եկեղեցական Ժողովն է, որ ըստ օրէնքի (de jure) եւ փաստացիօրէն (de facto) միանգամայն իրաւասու է սահմանափակելու իր իշխանութիւնը կամ, այս պարագային, զինք զրկելու իրեն վստահուած Աթոռէն։ Ահաւասիկ ճիշդ հոս կը գտնուի մեր եկեղեցւոյ ժողովրդավարական համակարգին մէջ արդէն այսօր յոռեգոյն հետեւանքներու հասնող չարաբաստիկ բացթողումը։ Արդարեւ, չարիքը վերացնելու մեր համազգային անզօրութիւնը, ի սկզբանէ (apriori) յանձնուած ըլլալու պարտուողական ճնշող զգացումը մեզ ազգովին առաւել եւս կը դարձնեն բութ, մեկուսի եւ անտարբեր… Այսուհետեւ մեր աշխարհիկ եւ հոգեւոր ներկայացուցիչներու սեպուհ առաջադրանքներէն մին պէտք է ըլլայ անպայման ստեղծել հեղինակաւոր եւ մնայուն մարմին մը, որ, անկախ կաթողիկոսի հոգեւոր պարտականութիւններէն, ունենայ վարչական բացարձակ լիազօրութիւն, ի պահանջել հարկին հրաւիրելու Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Ազգային-Եկեղեցական Ժողովը՝ եկեղեցւոյ կեանքը լճացումէ դուրս բերելու, նոր ժամանակի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու, Հայ Եկեղեցւոյ պատմական առաքելութիւնը ընկերային-հասարակական արդի կալուածին՝ նոր աշխարհընկալման, լեզուամտածողութեան եւ արժեհամակարգին մէջ հոգեւոր ծառայութեան ճամբով առաւել եւս արդիւնաւորելու, Ս. Աւետարանի կենսահաղորդ պատգամը ժամանակահունչ դարձնելու, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հեղինակութիւնը եւ հայրենեաց ոգին սառնաշունչ հովերէ պաշտպանելու եւ զանոնք իրենց դարաւոր ու հնաւանդ, բայց միշտ թարմ ու հոգենորոգ ջերմութեամբ հայ երիտասարդ սերունդի սրտին մէջ բաբախուն եւ զգալի պահելու համար։ Այս առումով յոյժ կարեւոր, այսօր աւելի՛ քան երբեք, մեզի պէտք է հոգեկիր եւ սրբակրօն հայրապետ մը, որ ըլլայ մեր եկեղեցւոյ ամենաշնորհալի, հաւատաւոր եւ տեսլապաշտ հոգեւորականներէն մէկը՝ իր անկաշառ հայրենասիրութեամբ, ժողովրդանուէր գործունէութեամբ, առաքինազարդ եւ անբասիր կենցաղով, հեզահամբոյր եւ բարեմոյն բնաւորութեամբ, մեր հոգեւոր-մշակութային արժէքներու նկատմամբ ունեցած իր անսահման սիրով եւ նուիրումով, համալսարանական բարձրագոյն եւ վկայեալ կրթութեամբ, մեր պատմական եկեղեցականներու, հոգեւոր առաջնորդներու եւ առաջին լուսաւորիչներու՝ լուսապսակ հայրապետներու եւ եռամեծ վարդապետներու տեսիլքով ու կերպարով տոգորուած անձնաւորութիւն մը, որ շուտով նուաճէ բովանդակ հայ ժողովուրդի անմնացորդ սէրն ու յարգանքը, նաեւ ամենակարեւորը՝ պարտաւորեցնող վստահութիւնը։ Լուսաւորչի միածնաէջ Ս. Աթոռին վրայ աստուածարեալ եւ ազգընտիր արժանաւոր կաթողիկոս մը միայն պիտի կարենայ նոր ու խոստմնալից էջ մը բանալ մեր ազգային-եկեղեցական նորագոյն տարեգրութեան մէջ։ Ան իր խոհուն մտքով, համոզիչ խօսքով ու գործով վառ պիտի պահէ քրիստոնէական մաքուր հաւատքի, հայրենասիրութեան եւ ազգասիրութեան անշէջ հրայրքը մասնաւորաբար մեր նոր սերունդի՝ հրաշալի երիտասարդութեան հաւատաւոր սրտին մէջ, զայն ուղղորդէ ճիշդ արդիւնաւորելու եւ արժեցնելու իր գոյութիւնը ոչ միայն իր հայաշունչ տոհմիկ միաջավայրին, այլ նաեւ միջազգային հանրութեան մէջ։ Հայը ո՛ւր որ ալ գտնուի, մայր հայրենիքի թէ տարագիր աշխարհի հեռաւոր վայրերուն մէջ, Հայ Եկեղեցիին ճամբով պարտի ջերմ հաւատք եւ վստահութիւն ունենալ իր դարաւոր՝ պատմական ու ներկայ հայրենիքին, ազգին ու պետութեան ապագային վրայ. սիրէ զանոնք անհուն սիրով, եւ իր բովանդակ կարողութիւնները ի սպաս դնէ անոնց հզօրացման, բարգաւաճման, անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան գործին։ Անոր գիտակցութեան եւ ոգիին մէջ նաեւ խորաքանդակ դրոշմուած պէտք է մնայ հայոց պահանջատիրութեան անժամանցելի ուխտը՝ հասնելու միջազգային հանրութեան եւ յատկապէս Օսմանեան Կայսրութեան իրաւական ժառանգորդ թրքական հանրապետութեան կողմէ Ցեղասպանութեան ամբողջական ճանաչման եւ լիարժէք հատուցման արդար իրագործումին հասնելու։ Արդարեւ, սոյնը մեր համազգային գոյապայքարի բարձրագոյն եւ առաջնահերթ նպատակներէն մէկն է, որուն ոգեշնչող եւ յառաջամարտիկ ռահվիրաներէն մին պէտք է հանդիսանայ Հայոց հայրապետը։ Ան պէտք է կարենայ բարձր պահել Ս. Էջմիածնի դարաւոր ու պատմական Աթոռին հմայքը, ոչ թէ իբրեւ անկենդան յուշարձան մը, վաղնջական քարացած հաստատութիւն մը՝ զուրկ կեանքէ, հրապոյրէ եւ զօրութենէ, այլեւ ընդդիմամարտ՝ արտաքին բոլոր ուժերուն դէմ, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող ազդու եւ մնայուն առաքելութիւն մը՝ Աւետարանի լոյսը մութ սրտերէ ներս թափանցող, իր սրբութեամբ հոգիները ազնուացնող, մաքուր խիղճ եւ ամուր նկարագիր կերտող գերազանցօրէն ազգային-հոգեւոր ժառանգութիւն մը։ Երբ թղթատենք Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան էջերը, հոն կը հանդիպինք երկարաձիգ շարքի մը մեծ ու փառահեղ հայրապետներու, որոնց առաքելական կոչումին գերազանց խորհրդանիշը եւ գործին բազմարդիւն վաստակը Մեծի Տանն Թորգոմայ հաւատքի միութեան պահպանութեան արժանահաւատ երաշխիք տալը կազմած է։ Քաջարթուն եւ անձնուէր հովուապետի մը առաջին եւ ամենանուիրական յանձնառութիւնը իրեն վստահուած հօտին միութեան պահպանութիւնն է եւ, արդարեւ, այդ իսկ է իր կաթողիկոսական ուխտադրութեան կարգին առանձնայատուկ իմաստն ու նշանակութիւնը։ Միւս բոլոր բարեմասնութիւններն ու շնորհները, ըլլան անոնք շինարարական աշխուժութիւն կամ այլ առաւելութիւններ, որոնցմով օժտուած կրնայ ըլլալ ենթական, երկրորդական կը նկատուին, քանի որ ատոնք գուցէ ուրիշ ոեւէ մէկն ալ պիտի կարենար ունենալ։ Այլեւ զինք յատկանշող եւ ուրիշներէ տարբերող մեծութիւնը այն հզօր պատասխանատուութեան ընկալման եւ իրագործման մէջ կը կայանայ, որ իբրեւ հովուապետ Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ իրեն վստահուած հօտը իմաստութեամբ հովուէ եւ անոր անքակտելի միութիւնը պահէ ամբողջական եւ խաղաղութեան մէջ։ Հետեւաբար, ոչ թէ անհեռատես նկրտումներով, մենատիրութեան անզուսպ հակումներով եւ հեղինակութիւն պարտադրելու բռնազբօսիկ պոռթկումներով Հայ Եկեղեցւոյ ուխտի միաբանութեան անդաստանէն ներս բաժանումներու, հերձուածողական շարժումներու եւ տարատեսակ գայթակղութիւններու տեղիք պէտք է տայ, այլ հայրական գորովագութ մօտեցումով, քաւող սիրով եւ հաշտարար ոգիով պիտի ջանայ բուժել Հայ Եկեղեցւոյ մարմնոյն վրայ բացուած նորագոյն վէրքը, վերստին անոր մայրական գոգը առաջնորդէ յուսալքութենէ խոնջած եւ երբեմն իր անհաղորդ գաղջութեան դէմ ընդվզած իր սիրասուն զաւակները, եղբայրսիրութեան համակ եւ փոխադարձ ընդառաջումներով սերտացնէ Մայր Աթոռի եւ մեր նուիրապետական միւս Աթոռներու, նաեւ թեմական առաջնորդութիւններու միջեւ սրտագին փոխյարաբերութիւնները, անաղարտ պահէ մեր եկեղեցւոյ առաքելաւանդ կարգն ու կանոնը, մեր ազգային-եկեղեցական հինաւուրց աւանդութիւնները, մեր եկեղեցւոյ ինքնուրոյնութիւնը, ազգային նկարագիրը, ուղղափառութիւնը, ժողովրդավարական սկզբունքները, ազգանուէր ու հայրենանուէր ոգին։ Թող ամենաողորմածն Աստուած իր երկնապարգեւ օրնութիւններն ու շնորհները սփռէ հայ մտքին ու հոգիին վրայ, իսկ Հայց. Առաք. մեր մայր եւ Ս. Եկեղեցին Աստուծոյ թագաւորութեան բարիքներովը ճոխացած՝ մնայ միշտ իր կոչման բարձրութեան վրայ, ու ինչպէս անցեալին, նաեւ այսօր անվթար առաջնորդել կարենայ մեր ազգային գոյութեան հոգեւոր նաւը ժամանակի պահանջներու եւ արդի մարտահրաւէրներու ամեհի կոհակներուն դիմաց։ Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան Ի տօնի սրբուհւոյ Աստուածածնի ծննդեան յԱննայէ Ժընեւ, 8 Սեպտեմբեր 2018 |