Ոչ իբր «ՀԵՂԻՆԱԿԱՒՈՐ ՊԱՏՄԱԲԱՆ», սակայն՝ Ամսթէրտամի Միջնադարեան Հայոց Գաղութի եւ Հայկական տպարաններու պատմութիւնը ուսումնասիրող «Հասարակ Հետազօտող», Աստուածաշունչի տպագրութեան 350 ամեակին առթիւ բոլոր հարազատ բարեկամ ու բարեկամուհիներուս կը նուիրեմ այս փոքր անակնկալը:
Գծագրիչ Chrispijn de Passe ապրած է 1564-1637 թուին, որուն գծագրած «Նոյի Տապան» ը, փորագրիչ Քրիստոֆֆըլ վան Սիխըմի կողմէ վերստին փորագրուած եւ հրատարակուած է 1666-1668 թուին Ամսթէրտամի Ոսկանեան Աստուածաշունչին մէջ.
Իսկ սոյն «Նոյեան Տապանի» քանդակուած յիշատակաքարի օրինակը, ներկայիս կը գտնուի Ամսթէրտամի կեդրոնական երկաթուղագիծի կայարանի մօտ գտնուող Sint Olofssteeg փողոցի թիւ 12 տան պատին.