Խնդրում ենք սպասել...

Հոդվածներ

Գարեգին Եպս. Սրուանձտեանց (1840-1892)

Armenak Avetisyan
Հեղինակ`
Armenak Avetisyan
17:38, շաբաթ, 18 նոյեմբերի, 2017 թ.
Գարեգին Եպս. Սրուանձտեանց (1840-1892)
    

Հայոց խօսքն ու գիրը, հաւատքն ու ազատութիւնը պաշտող Մեծ Հայը Ն.


    

    

17 ­Նո­յեմ­բե­րի այս օ­րը, 177 տա­րի ա­ռաջ, ­Վա­նի մէջ լոյս աշ­խարհ ե­կաւ շնոր­հա­լի մա­նուկ մը, որ կո­չո­ւած էր դառ­նա­լու, իր գոր­ծով ու նո­ւի­րու­մով, հայ ժո­ղո­վուր­դի մե­ծա­նուն եւ ե­րախ­տա­շատ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րէն մէ­կը՝ ­Գա­րե­գին Ե­պիս­կո­պոս Ս­րուանձ­տեանց ա­նու­նով։
     Բա­նա­սէր էր ու բա­նա­հա­ւաք հա­յոց խօսքն ու գի­րը, ազ­գա­յին հա­ւատքն ու ա­զա­տու­թիւ­նը պաշ­տա­մուն­քի ար­ժա­նա­ցու­ցած այս մեծ ­Հա­յը, որ կո­րուս­տէ փրկեց հա­յոց հո­գեմ­տա­ւոր հարս­տու­թեան ան­փո­խա­րի­նե­լի գո­հար­նե­րը՝ ողջ Հա­յաս­տան աշ­խար­հը շրջե­լով եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի շրթնե­րէն լսե­լով ու ար­ձա­նագ­րե­լով սե­րուն­դէ սե­րունդ փո­խան­ցո­ւած ու բա­նա­ւոր պահ­պա­նո­ւած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։
     Ար­ձա­կա­գիր էր ու շնոր­հա­լի գրող, որ իր բա­նաս­տեղ­ծա­կան շուն­չով եւ ­Վա­նի բար­բա­ռով հա­մե­մո­ւած գե­ղեց­կա­գոյն աշ­խար­հա­բա­րով՝ 1870ա­կան­նե­րուն եւ 1880ա­կան­նե­րուն գրա­ւեց հա­յոց գրա­կան ան­դաս­տա­նը։ ­Հայ­րե­նի հողն ու ջու­րը, ի­րենց հա­րա­զատ ջեր­մու­թեամբ, ինչ­պէս եւ հայ շի­նա­կանն ու աշ­խա­տա­ւո­րը, ի­րենց տոհ­մա­կան կեն­ցա­ղով ու ար­ժէք­նե­րով, ու­րա­խու­թիւն­նե­րով ու տա­ռա­պան­քով, հպար­տու­թեամբ ու ա­զա­տու­թեան տեն­չով՝ լե­զու ա­ռին եւ գիր ու գրա­կա­նու­թիւն դար­ձան Ս­րո­ւանձ­տեան­ցի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեանց շնոր­հիւ։
     Նաեւ ու մա­նա­ւանդ՝ անձն­դիր հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծի­չը ե­ղաւ ­Գա­րե­գին Եպս. Ս­րո­ւանձ­տեանց, ոչ միայն հո­գե­ւո­րա­կա­նի իր բո­լո­րա­նո­ւէր ու ան­բա­սիր ծա­ռա­յու­թեամբ, այ­լեւ՝ իբ­րեւ ու­սու­ցիչ եւ ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան տա­րա­ծիչ, իբ­րեւ Ա­րեւմտա­հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան ա­ռա­ջին դրօ­շա­կիր­նե­րէն մէ­կը։
     17 ­Նո­յեմ­բեր 1840ին ծնած էր ­Վան եւ, հա­զիւ պա­տա­նի, մտած էր ­Վա­րա­գայ վանք՝ Ժա­ռան­գա­ւո­րաց վար­ժա­րա­նին մէջ ա­շա­կեր­տե­լով Խ­րի­մեան ­Հայ­րի­կին, ո­րուն ար­ժա­նա­ւոր գոր­ծա­կիցն ու գա­ղա­փա­րա­կի­ցը ե­ղաւ հե­տա­գա­յին, իր ամ­բողջ կեան­քի եւ հո­գեմ­տա­ւոր ծա­ռա­յու­թեան ըն­թաց­քին։
     Գ­րա­կան եւ հրա­պա­րա­կա­խօ­սա­կան իր ա­ռա­ջին գոր­ծերն ու յօ­դո­ւած­նե­րը լոյս տե­սան Խ­րի­մեա­նի «Ար­ծո­ւի ­Վաս­պու­րա­կա­նի» հան­դէ­սին մէջ, ո­րուն խմբագ­րի տե­ղա­կա­լի պաշ­տօ­նը վա­րեց իր ու­սու­ցի­չի կող­քին։ Իսկ երբ 1860ա­կան­նե­րուն Խ­րի­մեան ան­ցաւ Մ­շոյ ­Սուրբ Կա­րա­պետ վան­քը, ­Գա­րե­գին Ս­րո­ւանձ­տեանց դար­ձեալ կանգ­նե­ցաւ ա­նոր կող­քին՝ «Ար­ծո­ւիկ Տա­րօ­նոյ» թեր­թի խմբագ­րու­մին եւ վան­քի մէջ ու­սուց­չու­թեան նո­ւի­րո­ւե­լով։
     Նոյն տա­րի­նե­րուն, երբ Խ­րի­մեան ­Հայ­րիկ իբ­րեւ նո­ւի­րակ շրջե­ցաւ ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հի ողջ տա­րած­քին, Ս­րո­ւանձ­տեանց ա­նոր ան­բա­ժան ըն­կե­րա­կի­ցը ե­ղաւ եւ մեծ պաշ­տա­մուն­քով հա­ւա­քեց մեր ժո­ղո­վուր­դին պահ­պա­նած բա­նա­ւոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, նաեւ՝ մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցաւ հայ­րե­նի բնաշ­խար­հին եւ պարզ ու մեծ մեր ժո­ղո­վուր­դի կեն­ցա­ղին, ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն եւ հա­ւա­տամ­քին։ Այդ շրջա­նի իր գրա­ռում­նե­րով հան­դէս ե­կաւ ժա­մա­նա­կի ­Պոլ­սոյ, ­Թիֆ­լի­սի եւ Զ­միւռ­նիա­յի հայ մա­մու­լի է­ջե­րուն («­Մա­սիս», «Ա­րե­ւե­լեան Մա­մուլ», «Կ­ռունկ ­Հա­յոց Աշ­խար­հին», «­Մե­ղու ­Հա­յաս­տա­նի» ե­ւայլն) ։
     Ազ­գա­յին ­Զար­թօն­քի ե­ռուն ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին զու­գադ­իպե­ցաւ Ս­րո­ւանձ­տեան­ցի յաղ­թա­քայլ մուտ­քը հայ մտքի եւ գրա­կա­նու­թեան ան­դաս­տա­նէն ներս, յատ­կա­պէս հայ կեան­քը փո­թոր­կած եւ վե­րա­նո­րո­գած Գ­րա­բար-Աշ­խար­հա­բա­րի բուռն պայ­քար­նե­րուն առ­ջեւ ի­մաս­տու­թեան ու­ղին հու­նա­ւո­րե­լով՝ ­Գա­րե­գին Եպս. Ս­րո­ւանձ­տեանց ժո­ղովր­դա­յին պար­զու­թեամբ եւ հա­մով-հո­տով վճռա­հա­տող իր պատ­գա­մը փո­խան­ցեց «Գ­րա­բար-Աշ­խար­հա­բար վէ­ճը» խո­րագ­րով սրա­միտ յօ­դո­ւա­ծով.-
     «ԳՐԱԲԱՐ.- ­Տօ՜, Աշ­խար­հա­բար, մի ան­գամ մտա­ծէ չա­փիդ ու հա­սա­կիդ վրայ։ Ա՜հ, ի՜նչ ա­սեմ, բար­կա­նամ՝ տղայ ես, զար­նեմ՝ որ­դիս ես, սպան­նեմ՝ իմս ես, բայց կը խնա­յեմ. սրտիս մէջ ո՛չ գութ թո­ղիր, ո՛չ սէր. յան­դուգն ես, յան­դուգն, ինձ­մէ ծնար ու իմ կե­նաց եւ ի­րա­ւաց յափշ­տա­կող ե­ղար։
     «ԱՇԽԱՐՀԱԲԱՐ.- ­Տա­կա­ւին պի­տի եր­կա­րե՞ս խօսքդ. հնա­ցար ան­ցար։ ­Պարտ է մե­ծաց մեղ­մա­նալ եւ փո­քունց ա­ճիլ։ Այժ­մեան կեն­դա­նիք նո­րու­թիւն կը սի­րեն։ ­Հին ես, պէտք է թա­ղո­ւիս։ Գ­լո­րո­ւե­ցաւ քո ա­նիւ, թէ­պէտ հայր՝ բայց դու ար­դէն ին­կար, եր­բոր զիս ծնար։
     «ԳՐԱԲԱՐ.- Հ­նա­ցայ ու ան­ցա՞յ, հը, ի՞նչ կը բար­բան­ջես, անշ­նո՜րհք, գի­տե՞ս ով եմ ես, սուրբ Մես­րով­բայ ոս­կոր­ներ ողջ կը քա­շեմ, դուրս կը հա­նեմ շի­րի­մից, թող վկա­յեն թէ Աս­տո­ւած ի՜նչ սքան­չե­լի հրաշ­քով շի­նեց ու շնոր­հեց զիս ­Հա­յաս­տա­նին, իմ Աշ­խար­հին։
     «ԱՇԽԱՐՀԱԲԱՐ.- Աս­տո­ւած հո­գիդ լու­սա­ւո­րէ, ի­րա՛ւ, քո սքան­չե­լիք եւ ա­րած բա­րիք չեմ ու­րա­նար ես, քո դա­րը կը յար­գէ զքեզ։ Գ­նա՛, մտիր ե­կե­ղե­ցին, դռնից դուրս մ­’ել­ներ, այն բա­ւա­կան հա­մա­րէ, քո իշ­խա­նու­թիւն եւ սահ­մանդ ե­կե­ղե­ցին է միայն։
     «ԳՐԱԲԱՐ.- ­Կարկտ­նած լու­սա­ւո­րու­թիւն վրադ ա­ռած կը շրջիս, Ս­տամ­բօ­լու մէջ կոր ես, Կար­նոյ մէջ՝ կը ես, Մ­շոյ մէջ զի­մա՞լ ես, ­Վա­նայ մէջ՝ խո­րոտ-մո­րոտ ես, ­Փոքր ­Հա­յոց մէջ առ­հա­սա­րակ տաճ­կա­կա­նով խառն զան­գո­ւած մի ես։ ­Ռու­սաս­տա­նի մէջ գնում-գա­լիս ես, Թիֆ­լի­սի մէջ՝ վո՛ւնց ես, ­Ղա­րա­բաղն եր­թաս՝ «Ա­տա յի՞նչ ա­նե­լա­կան ես», Ա­գու­լիս՝ «զոկ» ես։ ­Տէ՜ հպար­տա­ցի՛ր քո ժա­մա­նա­կով, քո լու­սա­ւո­րու­թիւ­նով։
     «ԱՇԽԱՐՀԱԲԱՐ.- Ո՞ր մէկ գործ­քերս ու փառ­քերս յի­շեմ։ ­Միով բա­նիւ լու­սա­ւո­րու­թիւն եմ ես։
     «Այս վեր­ջին ժա­մա­նակ ա­հա ժա­մա­նա­կը իւր հզօր փառ­քով ու յաղ­թա­կան կառ­քով այս հան­դէ­սի մէ­ջը մտաւ, եր­կու հա­կա­ռակ զօ­րու­թիւն­նե­րը իր առ­ջեւ կան­չեց եւ այս վճի­ռը կնքեց ու հաս­տա­տեց.-
     «Գ­րա­բա­րին միշտ յար­գանք եւ ան­մա­հու­թիւն։ Աշ­խար­հա­բա­րին՝ կեանք եւ յա­ռաջ­դի­մու­թիւն» ։
     Ս­րո­ւանձ­տեանց, դեռ կու­սակ­րօն չդար­ձած, կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նե­ցաւ հայ­կա­կան գա­ւառ­նե­րուն մէջ ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու հիմ­նու­մին մէջ։ 1866ին լոյս ըն­ծա­յեց հա­յե­րէ­նի «­Նոր Ըն­թեր­ցա­րան» դա­սա­գիր­քը, որ մին­չեւ 1880ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րը օգ­տա­գոր­ծո­ւե­ցաւ ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու կող­մէ։
     1867ին, ­Կար­նոյ մէջ, վար­դա­պետ ձեռ­նադ­րո­ւե­ցաւ եւ իբ­րեւ ազ­գա­յին-յա­ռա­ջա­դէմ գա­ղա­փար­նե­րով տո­գո­րո­ւած ու մտա­ւո­րա­կան հա­րուստ պա­շա­րի տէր ե­րի­տա­սարդ հո­գե­ւո­րա­կան՝ քա­րո­զի­չի ա­ռա­քե­լու­թեամբ շրջե­ցաւ ու գոր­ծեց ­Վա­նի, ­Մու­շի եւ ­Կար­նոյ մէջ։ 1872ին, ­Վա­նի մէջ իր ծա­ռա­յու­թեան շրջա­նին, Ս­րո­ւանձ­տեանց հիմ­նա­դիր մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ «­Միու­թիւն ի փրկու­թիւն» ա­նու­նով ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան խմբա­կի ստեղծ­ման մէջ։
     Գա­րե­գին Ս­րո­ւանձ­տեան­ցի ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան եւ գրա­կան-բա­նա­հա­ւաք­ման գոր­ծու­նէու­թիւ­նը մեծ ոս­տում ար­ձա­նագ­րեց 1878ի ­Պեր­լի­նի ­Վե­հա­ժո­ղո­վէն յե­տոյ, երբ իբ­րեւ յա­տուկ նո­ւի­րակ շրջե­ցաւ հայ­կա­կան նա­հանգ­նե­րը՝ ազ­գաբ­նակ­չու­թեան վի­ճա­կագ­րա­կան ճշգրիտ պատ­կե­րը կազ­մե­լու եւ հա­յոց ինք­նա­վա­րու­թեան պա­հան­ջը հիմ­նա­ւո­րե­լու պա­տաս­խա­նա­տու ա­ռա­քե­լու­թեամբ։
     Գա­րե­գին Եպս. Ս­րո­ւանձ­տեան­ցի ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան հան­գա­նա­կին վե­րա­բե­րեալ դի­պուկ վկա­յու­թիւն մը կը փո­խան­ցէ «Լ­րա­բեր ­Հա­սա­րա­կա­կան ­Գի­տու­թիւն­նե­րի» հան­դէ­սի 1970ի թիւ 1 հա­մա­րով լոյս տե­սած Է.Ա.­Կոնս­տան­դեա­նի հե­տե­ւեալ ար­ժե­ւո­րու­մը.- «1862ի ­Զէյ­թու­նի հե­րո­սա­մարտ­նե­րից քիչ անց ­Վա­րա­գայ բար­ձուն­քից հնչում է ողջ հա­յութեա­նը պայ­քա­րի հրա­ւի­րող, չյու­սա­հա­տո­ւե­լու յոր­դո­րող եւ գա­լիք մար­տե­րին պատ­րաստ լի­նե­լու [Ս­րունձ­տեան­ցի] կո­չը. «Սկ­սենք մեր գոր­ծը, նո­րէն սկսենք։ Էն դեհ մի կռիւ կայ. կը լսէ՞ք նա­խան­ձա­ւոր, ա­հա­ւոր ձայ­ներ, ձայն ա­րեւ­մուտ­քից, ձայն հիւ­սի­սից, ձայն եւ ա­մէն կող­մից. մի՛, մի՛ սար­սա­փիք, նո­քա մեզ քա­ջու­թիւն թող տան» ։
     «­Վա­րա­գայ վան­քի ուխ­տի «մար­տա­դիր զի­նո­ւո­րը գի­տէ, որ նման գոր­ծե­րում միան­գա­մից յա­ջո­ղու­թեան հաս­նել հնա­րա­ւոր չէ եւ որ­պէս­զի չվհա­տո­ւեն մարտն­չող սրտե­րը, նա շա­րու­նա­կում է իր յոր­դոր-կո­չը՝ կռո­ւե­լու, զար­կո­ւե­լու եւ ան­պայ­ման յա­թե­լու վճռա­կա­նու­թիւն ներշն­չե­լով ժո­ղովր­դին. «Ին­կար, վեր կանգ­նիր, ան­շուշտ կը յաղ­թես, մեռ­նիս էլ կը յաղ­թես, վեր­ջա­պէս կը յաղ­թես, վասն­զի նոր ես ու լու­սա­ւոր ես, բա­րի ես, ճշմա­րիտ ես» ։
     «Ըստ Ս­րո­ւանձ­տեան­ցի՝ հայ ժո­ղովր­դի ա­զա­տագ­րու­թեան հա­մար պայ­քա­րո­ղը պէտք է լի­նի հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը։ ­Նա յոր­դո­րում է հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րին խոր­տա­կել բո­լոր ո­րո­գայթ­նե­րը, թռչել եւ անց­նել։ Իբ­րեւ պատ­գամ՝ նա կոչ է ա­նում. «միա­բան լի­նել, միա­բան խոր­հել, միա­բան մեռ­նել, միա­բան ապ­րել։ ­Միա­նամք ու­րեմն, եղ­բարք, զօ­րու­թիւն ի միու­թիւն եւ յաղ­թու­թիւն ի զօ­րու­թիւն» ։
     Ս­րո­ւանձ­տեան­ցի պատ­գա­մով՝
     «­Մարդ պէտք է ա­ռիւծ լի­նի, գայ­լե­րէն չյաղ­թո­ւե­լու հա­մար, գառ լի­նի՝ իւր ե­րա­մի հետ վա­րո­ւե­լու հա­մար» …
     Կար­ճա­տեւ կեանք վի­ճա­կո­ւե­ցաւ ­Գա­րե­գին Եպս. Ս­րո­ւանձ­տեան­ցին։ 17 ­Նո­յեմ­բեր 1892ին, 52 տա­րե­կա­նին, բա­բա­խե­լէ առ­յա­ւէտ դադ­րե­ցաւ սիր­տը ­Մեծ ­Հա­յուն, որ իր ջա­նա­սի­րու­թեամբ եւ անձ­նո­ւի­րու­մով՝ կեան­քի այդ կարճ ժա­մա­նա­կը բազ­մա­պա­տիկ ա­ւե­լիով ի­մաս­տա­ւո­րեց ու ար­դիւ­նա­ւո­րեց։
     Գ­րա­կան-բա­նա­սի­րա­կան իր վաս­տա­կը հա­ւա­քուած է «­Մա­նա­նա», «­Հա­մով-­Հո­տով», «Գ­րոց-Բ­րոց», «­Թո­րոս Աղ­բար», «Հ­նոց-­Նո­րոց» եւ այլ ա­նուն­նե­րով տաս­նեա­կա­ւոր հա­տոր­նե­րու մէջ։
     Ս­րո­ւանձ­տեանց մե­ծար­ժէք ներդ­րում ու­նե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին մեծ դիւ­ցազ­նա­վէ­պը՝ «­Սա­սուն­ցի ­Դա­ւի­թը» գրի առ­նե­լու եւ կո­րուս­տէ փրկե­լու գոր­ծին մէջ։ Ի­րեն կը պատ­կա­նի դիւ­ցազ­նա­վէ­պի ա­ռա­ջին գրա­ւոր տար­բե­րա­կին մշա­կու­մը՝ «Մ­հե­րի ­Դուռ» խո­րագ­րով, որ հե­տա­գայ 170է ա­ւե­լի գրա­ռում­նե­րու շար­քին աչքի կը զար­նէ իր հա­յե­րէ­նի հա­րա­զատ մշա­կո­ւա­ծու­թեամբ ու մեր ժո­ղո­վուր­դի սրտէն բխող բա­նաս­տեղ­ծա­կան շուն­չով։
     Թէ՛ իր ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րուն եւ թէ հե­տա­գայ քննա­դատ­նե­րու վկա­յու­թեամբ, ­Գա­րե­գին Ս­րո­ւանձ­տեանց իր ա­նու­նին կա­պեց կո­թո­ղա­կան ժա­ռան­գու­թիւն, որ ներշնչ­ման աղ­բիւր դար­ձաւ 19րդ ­դա­րա­վեր­ջի հայ գրող­նե­րուն հա­մար։
     Իր­մով նոր դա­րաշր­ջան բա­ցո­ւե­ցաւ աշ­խար­հա­բա­րի եւ գրա­կան աշ­խար­հա­յեաց­քի հա­յաց­ման ա­ռու­մով։ Ե­թէ մինչ այդ եւ­րո­պա­կա­նաց­ման ճի­գը տի­րա­կան էր թէ՛ հա­յե­րէ­նի մշակ­ման եւ թէ ազ­գա­յին-հայ­րե­նա­սի­րա­կան ապ­րում­նե­րու գե­ղա­րո­ւես­տա­կա­նաց­ման մէջ, Ս­րո­ւանձ­տեան­ցով սկսաւ հայ­րե­նի հո­ղին ու մար­դուն հա­րա­զա­տու­թեամբ ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լու մօ­տե­ցու­մը, ո­րուն ար­գա­սի­քը ե­ղան հայ գե­ղա­պաշտ գրա­կա­նու­թեան հե­տա­գայ նո­ւա­ճում­նե­րը։
     Նո­յեմ­բեր 17ի այս օ­րը հայ ժո­ղո­վուր­դը կ­’ո­գե­կո­չէ իր հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան շնչա­ւոր «հան­րա­գի­տա­րան» ին՝ ­Գա­րե­գին Եպս. Ս­րո­ւանձ­տեանց ա­նու­նով ան­մահ հա­յուն եւ ծննդեան տա­րե­դարձը ու վախ­ճան­ման տա­րե­լի­ցը միան­գա­մայն։
     Հայ­կա­կան ա­ռակ­ներն ու ա­ռած­նե­րը, հե­քիաթ­ներն ու դիւ­ցազ­նա­պա­տում­նե­րը, ազ­գա­յին-հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գերն ու տեն­չե­րը Ս­րո­ւանձ­տեանց քա­ղեց իր ժո­ղո­վուր­դին շրթնե­րէն, իր սրտին ու մտքին հնո­ցով մշա­կեց եւ յղկեց զա­նոնք ու, ա­մէ­նէն կա­րե­ւո­րը, հա­րա­զա­տօ­րէն ժա­ռանգ յանձ­նեց մեր սե­րունդ­նե­րուն։

Առաջխաղացնել այս նյութը
Նյութը հրապարակվել է Մամուլի խոսնակի շրջանակներում:
Գրանցվի՛ր և հրապարակի՛ր քո հոդվածները:
Հավանել
1
Չհավանել
0
3235 | 0 | 0
Facebook