ԱՐԴԻ ՄԱՐԴՈՒՆ ՀԱՅՐ ՄԵՐԸ
. ՏՈ՜ՒՐ ԻՆԾԻ, ՏԷՐ…
Դուրեան սրբազանին
Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.
Ծաղիկներո՜ւ պէս զայն ժողվեմ ճամբուս վրան`
Նայուածքներուն մէջ ամէնուն եւ ամէն օր:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւննանանձնական.
Եւ ես` հանգոյն երփնալուցկի վառող մանկան`
Զայն գունաժպիտ տեսնեմ ուրիշ դէմքի մը վրան:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.
Զանգակներո՜ւ պէս զայն կախեմ ամէն դըրան`
Ու զերթ նարօտ ամէն դըրան զայն պըսակեմ:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.
Ճըրագներու պէս զայն բոցեմ բազմաստեղնեան`
Խաւարին մէջ ամէն երդ ու խրճիթներու:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.
Զայն սրբասաց իմ հոգեակիս ընեմ խորան`
Զայն իմ մտքիս ծըխեմ` զերթ խունկ բազմաբուրեան:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.
Ու չըլլայ որ ուրիշներու կոծն ու կական
Խեղդել ուզեմ ջըրվէժին մէջ դափիս ձայնին:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.
Ու չըլլա՜յ որ ծափիս ձայնին երգը` գուժկան
Եսիս սենեա՜կն ունենայ` ցո՜ւրտ առանձնարան:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.
Ու սեղանիս վըրայ դրուած մէն մի նըկան`
Զոյգ մը խինդե՜ր գէթ ունենայ թող խաչանիշ:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.
Ու բաղխեմ զայն սրտիս ժայռին` իբրեւ մական`
Որ բղխեցնէ ջուրն աներկմիտ երանութեան:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.
Զայն ջուրերուն վըրայ ձըգեմ իբրեւ ուռկան,
Զայն իբր արօր ակօսներո՜ւն ձըգեմ վըրան:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.
Զայն իբր անձրեւ ցօղեմ ամէն դաշտի վըրան,
Զայն իբր արեւ բաշխեմ ամէն հորիզոնի:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.
Զայն ընդգրկած իտէալին ըլլամ սրսկան.
Զայն լաստ ըրած ես Լոյսերու նաւո՜րդն ըլլամ:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.
Ժողվել` հոգւոյն մէջ ծերերուն, կոյսին, մանկան,
Պարզ մարդերուն` գեղջուկներուն ու բանուորին:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական`
Ժողվել` հոգւոյն մէջ ամենո՜ւն, համայնական
Հոգւոյն ամէն մասնիկներուն մէջ` ամէն ժամ:
Ճամբաներէն, ու գետերէն, ու դաշտերէն,
Անտառներէն, ու լեռներէն, ու ձորերէն,
Տանիքներէն, ու տուներէն, ու դուռներէն`
Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական: